ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 18 Նոյեմբերին անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի լարուածութեան՝ ըսելով. «Վերջին փոխհրաձգութիւնները կը վկայեն, որ իրավիճակը հոն տակաւին վերջնականապէս չէ հանդարտած: Ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը՝ իբրեւ զինադադարի դրութեան պահպանման եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու երաշխաւոր, չափազանց կարեւոր է»:
Խօսելով տարակարծութիւնները հարթելու մասին՝ Փութին ըսաւ. «Այսօր կը մեծնայ ռուս դիւանագիտութեան դերը՝ վիճելի հարցերու կարգաւորման, տնտեսական կապերու, կենսական նշանակութիւն ունեցող հաղորդակցութեան միջանցքներու ապաշրջափակման հարցերուն մէջ: Իմ կարծիքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի կարգաւորման հեռանկարները վատ չեն: Իրականութեան մէջ, տարածաշրջանի բոլոր երկիրները շահագրգռուած են այս հարցերուն երկարաժամկէտ լուծում գտնելով»:
18 Նոյեմբերի առաւօտեան Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման եւ սահմանագծման նախապատրաստական փուլին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է: Փաշինեան մանրամասնութիւններ չտուաւ, միայն ըսաւ, որ Հայաստանի համար ռուսական կողմին առաջարկը ընդունելի է:
Ան նաեւ յանձնարարեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ճշդել մանրամասնութիւնները: «Փորձենք իրագործել առաջարկները՝ Ռուսիոյ առաջարկների շրջագծի մէջ եւ նրանց հիման վրայ», նշեց Փաշինեան: