15 Յունուարին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան, վարչութեան աշխատակիցները:
Խորհրդակցութեան մասնակիցները զեկուցեցին 2017 թուականի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ, կարեւոր համարուեցան հանրային կապերն ու լրատուամիջոցներու հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Նախարարն ընդգծեց, որ պէտք է ընդլայնել համագործակցութիւնը սփիւռքեան ռատիօժամերու, հեռուստածրագիրներու հետ, աշխատանքներ տանիլ հայրենադարձութեան քարոզչութեան ուղղութեամբ, ներկայացնել հայրենադարձներու փորձը, անոնց յաջողութիւնները Հայաստանի մէջ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, Էրեբունի-Երեւանի 2800, ՀՄԸՄ-ի 100, նախարարութեան 10-ամեակներու տօնակատարութիւններու պատշաճ լուսաբանումը:
Այնուհետեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդակցութիւն իրականացուց նաեւ քարտուղարութեան բաժինի աշխատակիցներու մասնակցութեամբ: