ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Շուրջ երկու տարիէ ի վեր գրասեղանիս վրայ է տարիներու գործակիցիս եւ ընկերոջս՝ Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես Երազ Մը Ըլլար»* հատորը: Տարիներ առաջ, երբ Բագինի խմբագրութեան մէջ նոյն երդիքին տակ կ՛աշխատէինք, դիւրին էր մեր տպաւորութիւնները, հարցումները կամ մտահոգութիւնները իրարու փոխանցել՝ իւրաքանչիւրիս այս կամ այն բանաստեղծութեան, յօդուածին կամ գրութեան գծով: Հիմա որ ան ֆիզիքապէս չկայ, այդ զրոյցները մտային մակարդակի վրայ, ենթադրական ձեւ կ՛առնեն եւ ներքին զրոյցի մը կը վերածուին: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ով որ ծանօթ է Սարգիսի գրականութեան՝ իր քերթողութեան, արձակին, նոյնիսկ նամակներուն մէջ նոյն մաքուր, ազնիւ, քնարական բանաստղծութեան շունչով եւ հայերէն բառերու հմայքով տարուած անձնաւորութիւնը կը տեսնէ:
Հատորին նախաբանին մէջ, հեղինակը իր սովորական անկեղծութեամբ կ՛արձանագրէ, որ այս թեքսթը, վէպի սովորական յղացքներուն դէմ իր իրաւունքը հաստատող գրութիւն մըն է, զոր Ս. Կիրակոսեան քնարավէպ կը կոչէ, եւ կը խոստովանի, որ իր ձեւին մէջ «անակնկալի մատնած է այս պարականոն երկը» նոյնիքն իր հեղինակը: Երկրորդ արձանագրուած խոստովանութիւնը այն է, որ գործին ծնունդը կը նմանցուի «հեղինակին ենթագիտակցութենէն բխած» եւ «բախտաւոր պահու մը ծնած բանաստեղծութեան… որ յաճախ եւ առաջին հերթին զարմանք պատճառեց իր իսկ հեղինակին» (էջ 9): Այսպէս, Ս. Կիրակոսեան կ՛ուզէ մեզի սկիզբէն իսկ յստակացնել, որ քերթողական ներշնչումով անակնկալ ձայներ ու պատկերներ յաճախ պիտի դրսեւորուին, բազմահունչ եւ տարբեր, յաճախ զիրար հակասող ձայներու պիտի հանդիպինք եւ քոլաժներու այս քնարական-այլաբանական վէպին մէջ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար զայն կոչել՝ բանաստեղծական արձակ: Ամէն պարագայի, միշտ պէտք չէ մոռնալ գործին խորագիրը՝ «Կարծես Երազ Մը Ըլլար», որովհետեւ երազը կը բերէ պատկերներ, որոնք աւելի աղերս ունին մեր ենթագիտակիցին հետ, կրնան «անտրամաբանական» կամ գերիրական կացութիւններ պարզել, ստեղծել, իրարու հետ անմիջապէս աղերս չունեցող պատկերներ, որոնք խորքին մէջ նշանները կը հանդիսանան շատ աւելի խորունկ իրականութեան մը:
Եւ հոս, շաբաթներ ու ամիսներ անցուցած, մեռած քաղաքը փնտռող Տղամարդը ըլլայ թէ Օտարականը, նոյն անձին երկու երեսները չե՞ն, որովհետեւ Տղամարդը կը սկսի խորհրդածել, որ Ինա քաղաքի ձիւնատարածքին վրայ իր ոտնահետքերը «անհետ կորսուած իր անառակ հոգեղբայրը՝ օտարական անուն երկուորեակը կարծես կը փնտռեն» (էջ 48): Անշուշտ մէկ-մէկ պատումը եսով կը շարունակուի (էջ 168), անոր միջամուխ կ՛ըլլայ հեքիաթասացը, հոն արքայադուստրեր եւ այլ կիներ կ՛երեւին, եւ յաճախ գերիրական մթնոլորտի մը մէջ կը զարգանայ պատումը:
Քանի մը աշխարհագրական վայրեր, խորհրդանաշական իմաստով, իրենց բեւեռներուն միջեւ կ՛առնեն հիմնական տիպարը, որ սփիւռքահայն է, պատմական հայրենիքէն դուրս ապրող եւ իր կացութեան գիտակից հայը: Այդ վայրերը՝ Ուրն ու Ինա հրաշագեղ, բայց մեռեալ քաղաքներն են: Առաջինը Միջագետքը կամ Միջին Արեւելքը կը ներկայացնէ, ծանօթ նշանաւոր իր Զիկուրաթով, իսկ երկրորդը մեր Բագրատունիներու պատմական մայրաքաղաքի անուան շրջումն է, այսինքն՝ Անին, որ անկախ գործին մէջ երեւցող նշաններէն, աւելի եւս կը հաստատուի, երբ կը նշուին քաղաքի կողքին գտնուող Ախուրեանի ջուրերը (էջ 245): Ասոնց կողքին երբեմն կը յիշուի նաեւ ծովը, սակայն աւելի այլաբանական իմաստ մը առնելով:
Իր հակասութիւններուն մէջ տարուբերող կերպարը Ինայի դարպասներուն շուրջ կը դեգերի, կը փորձէ հասնիլ մեռած, մանուկ արքայի շիրիմին, կը կորսնցնէ ու կը փնտռէ իր մախաղը, կ՛ուզէ մօտենալ տոհմի յուշատետրին, կ՛իյնայ երազներու մէջ: Կը փորձէ գտնել սկիզբը այս բոլորին, որովհետեւ կ՛անդրադառնայ, որ յաճախ նոյն պարապ շրջածիրին մէջ կը գտնուի: Նոյնիսկ տեղ մը կ՛արձանագրէ. «Ո՞ւր է սկիզբը, հարցուցած էր տղամարդը օտարականին» (էջ 156):
Հետեւաբար, կը տեսնենք, որ օտարականը արեւելեան որբանոցը կը յիշէ, ինչ որ անուղղակի յղում մըն է քսաներորդ դարու Սփիւռքը կազմած, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներու սերունդին, ուրկէ փախուստ տուած է։
Այսպէս, Օտարականը կը փորձէ դուրս գալ այդ արեւելեան բերդաքաղքի Փրկութեան Դարպասէն, իր բառերով՝ անցնիլ «պարիսպէն անդին», սակայն գրեթէ անկարելիութեան դիմաց կը գտնուի: Այս կացութեան մէջ նոյնիսկ ամենամաքուր, հարստացնող փորձառութիւնները կամ ապրումները կը սկսին այլանդակուելու: «Շարունակութեան շարունակութիւնը» գլխուն մէջ, գեղեցիկ ձայներու երամին մէջ, ուր յղում մը կը կատարուի Ռազմիկ Դաւոյեանի «Ձայներ» բանաստեղծութեան, ահա սէրը դուրս կու գայ, եւ կը խայտայ արիւնը, կը պայծառանան աչքն ու հոգին, գինովութեան մէջ է, կարծես այս բոլորը երազ մը ըլլար, կը լսուի «Տլէ եաման»ը, կը մտածէ թէ ո՞ր ծովու ջուրերուն վրայ պիտի հիւսէ իր առասպելը, կ՛երեւի գեղեցիկ պատմուճաններ հագած արքայադուստրը եւ Օտարականը կ՛անդրադառնայ, որ «ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանը նոյնինքն Սէրն էր» (էջ 87), սակայն քիչ ետք ուրիշ վեց սեւազգեստ ուրուականներ կը տեսնուին աղջկան կողքին, ան ու միւսները այլանդակ դէմքեր ու ձեւեր կ՛առնեն ու իր երազը կը վերածուի մղձաւանջի:
Քնարավէպի ամբողջ երկայնքին տիպարին ներքին հակադրութիւնը սուր կերպով կը դրսեւորուի: Օտարական-Տղամարդը իր որոշումներուն մէջ արժանավայել ապրելու անձկութեամբ կը տառապի, հակասութիւններու մէջ կ՛իյնայ, կը փորձէ հաշտեցնել հակասական բեւեռները սփիւռքեան իր իրականութեան: Վերջիվերջոյ, հոս տուայտող ենթական տեղ մը օտարական կը նկատուի իր շրջապատէն, որովհետեւ տարբեր տեղէ եկած, տարբեր լեզուով ու մշակոյթի մէջ աճած է, եւ նոյնիսկ կրնայ օտարական նկատուիլ իր պապերու հայրենիքին մէջ, որովհետեւ հոն չէ ծնած ու հոն չէ մեծցած: Այսպէս, կ՛անդրադառնանք, որ սփիւռքահայու իրականութիւնը դարձեալ հակադրութեան, առճակատումի սխեմայի մը մէջ կը տեսնուի, հակառակ անոր որ գործի երկայնքին հաշտութեան կամ համակեցութեան բազմաթիւ նշաններ կը գտնուին: Նոյնիսկ պատմող ձայնը այս երկու եզրերը կը փորձէ սահմանել: Մէկ կողմէ՝ Օտարականը. «ինքն իր մէջ երկփեղկուած ու միաձոյլ միեւնոյն ատեն, ընդդէմ իր երկակենցաղ գոյութեան» (էջ 280), միւս կողմէ՝ Տղամարդը. «Անյիշաչար ժամանակներէ ի վեր պարիսպացած արժանապատուութիւնը ցեղին, արեան ու ժառանգին արթուն տրիբունը նաեւ» (էջ 280): Գործի վերջաւորութեան, հրաշալի այլակերպումով, Տղամարդը իր «արեան կողմնացոյցին թելադրանքին» հետեւելով յաղթական դուրս կու գայ: Անշուշտ գիտենք, որ այս ցանկութեան մը դրսեւորումն է պարզապէս, նոյնիսկ երբ ան կը յայտարարէ որ նահանջը պարտուած է ընդմիշտ, որովհետեւ միայն արեան կանչին չենք կրնար հետեւիլ, միտքը, գիտակիցը, կեանքի փորձառութիւնները նոյնքան կարեւոր ազդակներ են եւ որոշիչ դեր կը ստանձնեն: Ս. Կիրակոսեան ինք կու տայ փաստը օտարի կամ դուրսի ազդեցութեան, երբ գործին վերջին երկու գլուխները կը բանայ Եուսուֆ Էլ-Խալի եւ արաբական արածի մը մէջբերումներով, եւ բնականաբար ինչ որ հեղինակը իր ծննդավայրի մշակոյթէն ստացած է, կողք-կողքի կը զարգանայ իր հայկական մշակոյթին հետ, նոյնիսկ եթէ Մեծարենցի «Կիրակմուտք»ը ամբողջութեամբ կը մէջբերուի գործի վերջին գլխուն մէջ:
Վերջին տասնամեակները յատկանշող յետ-արդիապաշտ շրջանին գրական սեռերու միաձուլումը կամ նման սահմանումներու անտեսումը, նոր փորձարկումները, եւ գրողներուն իրենք-իրենց տուած ազատութիւնը ընդհանրացած երեւոյթներ են: Գրողը, գործին մէջ, ընդհանրապէս գիտակից է արարումի ընթացքին: Հատորի վերջին էջերուն մէջ նոյնիսկ հեղինակին ու պատմողին ձայները կը միանան եւ ան հարց կու տայ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակը իր քնարավէպին» (էջ 290): Գրութեանս սկզբնաւորութեան, Ս. Կիրակոսեանի յառաջաբանին մասին նշումներս նաեւ այս իրողութեան փաստերն են:
Կը կարծեմ, որ գործին բուն արժէքը իր բանաստեղծական պատկերներու հոսքին եւ հարուստ արեւմտահայերէնին մէջ կը կայանայ: Գրողը կ՛ապրի լեզուի բառերով, կ՛արբենայ անոնցմով, լեզուով է որ կը փորձէ հասնիլ իր ժառանգութեան արմատներուն եւ այդ գեղեցկութիւնը, այդ հարստութիւնը կը փորձէ փոխանցել մեզի:
Կիրակոսեան Սարգիս. «Կարծես Երազ Մը Ըլլար», հրատ. «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի. Անթիլիաս, 2016: