ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ալ սիասա ալ եաում» յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով դժբախտաբար կայ սառած վիճակ մը` ներքին եւ արտաքին առումով:
«Եթէ մենք ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ սառցահալ մը կատարելու անզօր ենք, ապա կարելի չէ արտաքին աշխարհին վստահիլ, որովհետեւ օտար պետութիւնները ունին իրենց սեփական քաղաքականութիւնը, շահերն ու մօտեցումները», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այսօր դժուարութիւն կայ նաեւ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը կատարելու` վաւերացնելու համար 2024-ի պետական ամավարկը, որուն շուրջ կան տարակարծութիւններ:
«Ցաւ ի սիրտ կառավարութիւնը, անկախ այն իրողութենէն, որ ան օրինականութիւն կը վայելէ թէ ոչ, պատրաստած է պետական ամավարկ մը եւ առանց լաւ սերտելու շուկան ու ելեւմտական կացութիւնը` հսկայական տուրքեր զետեղելով, այդ ամավարկը փոխանցած է խորհրդարան: Հոս կը հաստատենք, որ լիբանանցի քաղաքացին պետական ամավարկը ֆինանսաւորելու միակ աղբիւրը չէ: Հետեւաբար կան ճիգեր` մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած տուրքերը: Բայց եւ այնպէս տակաւին վերջնական արդիւնքի մը կարելի չէ եղած յանգիլ», ըսաւ ան:
Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին կողմէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով ի գործ դրած ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ինք վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցած է` Քաթար կատարած անոր հովուապետական այցելութեան ընթացքին:
«Այդ այցելութեան շրջագիծին մէջ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցանք Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտիւլ Ռահման պըն Ճասեմ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումը կարեւոր էր եւ տեւեց շուրջ 75 վայրկեան: Հանդիպումին մէկ մասը յատկացուած էր Քաթարի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան շրջանային հարցեր, նաեւ խօսուեցաւ աշխարհին մէջ տիրող մարդկային բոլոր արժէքներուն` մասնաւորաբար ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն անկումին մասին:
Լիբանանեան քաղաքական տագնապին քննարկումին շրջագիծին մէջ մաղթեցինք, որ հնգեակը աւելի եւս կազմակերպուի եւ իր ներքին տարակարծութիւնները թօթափէ: Իմացանք, որ Քաթար կ՛աշխատի միջազգային հնգեակի բաղկացուցիչներուն միջեւ տարակարծութիւնները մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ այդ յանձնախումբին ներկայացուցչական մակարդակը բարձրացնելու եւ գումարելու ժողով մը, որ շատ հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, յունուարի աւարտին կամ փետրուարի սկիզբին:
Քաթար կ՛ընդգծէ նաեւ լիբանանեան ներքին համախոհութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը` երկխօսութեան միջոցով, որ կրնայ կայանալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած տարբերակով կամ նախապէս Տոհայի մէջ գումարուած ժողովի տարբերակով: Քաթարի վարչապետը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը յաջողցնելու եւ նախագահական ընտրութեան յանգելու: Ան հաստատեց, որ Քաթար յստակ թեկնածուի մը չի զօրակցիր, այլ` հանրապետութեան նախագահի համապատասխան վարուելակերպ կը ցուցաբերէ այն անձին հանդէպ, որ նախագահ կ՛ընտրուի», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ներքին լիբանանեան սառցահալ մը կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ իմաստով բնաւ լաւատեսութիւն չկայ, որովհետեւ կացութիւնը լարուած է եւ տարակարծութիւնները` յատկապէս Հըզպալլայի զէնքին առումով, խորացած:
Լիբանանի մէջ ոմանք կը մերժեն այն իրականութիւնը, որ Դիմադրութիւնը Կազային կը զօրակցի, սակայն պէտք է իմանալ ու նկատի ունենալ, որ Լիբանան կղզի մը չէ, հոն կան հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներ, գաղթակայաններ, միլիոնաւոր սուրիացի տեղահանուածներ, քաղաքական ուժեր, որոնք պատմականօրէն կը զօրակցին Պաղեստինեան դատին:
«Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ Համասի` անկախ անոր գաղափարաբանութեան նկատմամբ մեր ունեցած վերապահութենէն, կատարած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը արկածախնդրութիւն մը չէր, այլ` իսրայէլեան բռնագրաւումի հետեւանք: Կազայէն իսրայէլեան բռնագրաւումը վերացնելը նախաքայլն է կարելի որեւէ լուծման` նկատի ունենալով մարդկային բոլոր սկզբունքներուն եւ արժէքներուն անկումը` սկսեալ ժողովրդավարութենէն, մարդկային իրաւունքներէն եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքէն, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ, երբ Ազրպէյճան Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծեց: Ոչ ոք խօսեցաւ 120.000 հայերու բռնի տեղահանութեան մասին, եւ երբ ոճրագործ մը անպատիժ մնայ, այլ ոճրագործներ կը քաջալերուին եւ նոյն ոճիրները գործելու չեն վարանիր: Բայց եւ այնպէս այսօր աշխարհը կը հետապնդէ միջազգային շահեր` նաւթ, կազ եւ այլն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս կացութեան մէջ լիբանանցիները պէտք է գիտնան առիթը օգտագործել` նախ եւ առաջ ներքին տարակարծութիւնները չխորացնելու եւ յանգելու այնպիսի փուլի մը, որ պատերազմի վտանգէն հեռու պահուի երկիրը:
«Պատերազմը երկու կողմ կ՛ունենայ. այս պարագային Հըզպալլա կատարեալ պատասխանատուութեամբ կը վարուի եւ Լիբանանի ազգային շահերը նկատի կ՛ունենայ, սակայն սիոնական կողմը անմիտ կերպով կը հակազդէ, եւ յանկարծ պատերազմը կրնայ լայնածաւալ բնոյթ ստանալ Լիբանանի դէմ: Հետեւաբար այդ պարագային կարելի չէ ըսել, թէ Հըզպալլա Լիբանանը Իսրայէլի դէմ պատերազմի մէջ ներքաշած է», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմի շղթայազերծման վտանգը առկայ է, հակառակ անոր որ այդ պատերազմը յետաձգելու դիւանագիտական ճիգեր կան: «Սակայն վտանգը առկայ է, որովհետեւ այսօր աշխարհամարտ գոյութիւն ունի: Նուազագոյն հրթիռարձակումը, որ պատերազմ յայտարարելու համազօր է, այսօր եզրերու փոփոխութիւն կրած է եւ վերածուած ահաբեկչական այս կամ այն խարիսխը թիրախաւորելու սահմանափակ գործողութեան, այլ խօսքով` բախման կանոններու շրջագիծին մէջ գործուող բախումներու կամ ռմբակոծումներու, որոնց ծիրը սկսած է ընդարձակուիլ: Իսկ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ իսրայէլեան ուժերուն կուտակումները բացայայտ են, եւ անոնց զինուորական պատասխանատուներուն յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները` անպակաս: Իսրայէլ պատերազմ սանձազերծելու պատրուակի կարիք չունի», շեշտեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը միջազգային պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:
Լիբանանի դէմ հաւանական որեւէ պատերազմի պարագային երկիրը ամրապնդուած պահելու ծրագիրներու գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ դժբախտաբար երկիրը բնական ողողումներու դէմ պաշտպանուած չէ, «եւ Աստուած մի արասցէ, եթէ նման բան պատահի, ապա իւրաքանչիւր խմբաւորում հազիւ ինքզինք կրնայ փրկել: Ներքին լիբանանեան իմաստով միասնականութեան չգոյութիւնը դարձեալ իր ժխտական դերակատարութիւնը կրնայ ունենալ, որովհետեւ 2006-ին լիբանանցին դիմաւորեց եւ խնամեց իր եղբայր լիբանանցին, սակայն այսօր այդ մթնոլորտը գոյութիւն չունի: Այս առումով ողջունելի է Դիմադրութեան կեցուածքը, որ պատրաստ է պատերազմի, սակայն պատերազմի մէջ չի փափաքիր ներքաշուիլ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի հետ 48 ժամ առաջ տեղի ունեցած հանդիպումին` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Մակրօ շեշտած է, թէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը պէտք է կարելի եղածին չափ հեռու պահել Կազայի պատերազմէն: «Մակրօ հաստատեց, որ միջազգային հնգեակին մօտ եւս կան տարակարծութիւններ, սակայն անոր նպատակը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով Ֆրանսա կը մերժէ յանձնառութիւն ցուցաբերել Եւրոպական խորհրդարանի որոշումին հանդէպ եւ համաձայն է տեղահանուածներու տունդարձին:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ Մակրօ հաստատած է, որ Ֆրանսայի նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան:
Պատասխանելով Լը Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի նշեց. «Ֆրանսա որոշում պարտադրելու կարգավիճակին մէջ չէ, եւ ոչ ալ նախագահական յստակ թեկնածուի մը կը զօրակցի: Անոնք կը թելադրեն համախոհութիւն գոյացնել անձնաւորութեան մը շուրջ` երկխօսութեան ճամբով: Երկխօսութիւն մը` լիբանանցի ղեկավարներուն հայեցողութեամբ: Բայց եւ այնպէս, տակաւին լիբանանցի ղեկավարները համաձայն չեն կատարելու այդ երկխօսութիւնը, եւ երկիրը կ՛առաջնորդեն աւելի մեծ փորձանքի մը, որ կացութեան ընտելացումի փորձանքն է: Առանց հանրապետութեան նախագահի եւ հրաժարած ու խորհրդարանին վստահութեան քուէն չստացած, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մը իշխանութեամբ գոյատեւելու իրականութիւնը իսկապէս մեծ վտանգ է եւ կրնայ առաջնորդել գոյացութեան տագնապի»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ի պատիւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատրաստած ընթրիքին եւ մերձեցումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մօտեցումը եւ բաց գործակցութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` ընդգծելով, որ Ուալիտ եւ Թէյմուր Ժոմպլաթները կրնան այս իմաստով դերակատարութիւն ունենալ: Այս ծիրին մէջ ան աւելցուց նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է համախոհութեամբ ընտրուի` հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը 65 քուէով ընտրուի: «Մենք վկայած ենք, որ նոյնիսկ երբ համախոհութեամբ եւ երեսփոխաններու քուէներուն մեծ համեմատութեամբ ընտրուած են հանրապետութեան նախագահները, անոնց պաշտօնավարութեան ընթացքին տագնապներ եւ խոչընդոտներ երեւան եկած են ու խանգարած անոնց գործունէութիւնը: Հետեւաբար 65 քուէով ընտրուող նախագահը այս երկրին մէջ ոչինչ կրնայ կատարել», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ քաղաքական որեւէ կարեւոր որոշումի յանգելու համար փոխադարձ զիջումներ պէտք է կատարուին: Կացութիւնը կը շարունակէ վտանգաւոր մնալ եւ առանց երկխօսութեան լուծում չկայ: