Յակոբ Չոլաքեան
Հիմա գարուն է Քեսապի մէջ՝ «գէրէօնք ի», ծաղիկներ կը բացուին եւ ուտելի բոյսեր կ’աճին: Մեր բարբառով անոնցմէ ոմանք ունին կենդանիներու անուններէ սերած անուններ. այսպէս՝
ԱՆԳԸՂԹԻՎ – անգղաթեւ. ծմակ տեղերը բուսնող մեծ տերեւներով փնջաձեւ խոտ. կը գործածուի ծաղկեփունջ կազմելու ատեն:
ԳԸԼԼԸ ՄԷՆՈՒՇՈՒՕԿ – գայլի մանուշակ, գենեգոյն կամ կարմիր ծաղիկ. դպրոցականները անոր կու տային հայերէն «նապաստակի ականջ» անունը:
ԸՂՏԸ ՊՈՒՆՃՕԳ – ուղտի ուլունք, ծաղիկ մը:
ԹԻՊԻԿԸ ԲԱԿԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի բակլայ, ծաղիկը՝ կապոյտ, կը խաշէին Զատկուան հաւկիթներուն հետ՝ կապոյտ հաւկիթ ունենալու համար:
ԹԻՊԻԿԸ ԽԱՂՈՒՂ – թոբեկի՝ շնագայլի խաղող, մանր հատիկներով ողկուզաձեւ վայրի պտուղ մը:
ԹԻՊԻԿԸ ՏՈՒԼԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի տոլի կամ որթատունկ. պատատուկ վայրի բոյս մը:
ԻԾԾԸ ՄՈՒՐՕՔ – այծի մօրուք, ուտելի փնջաձեւ խոտ մը. ոմանք կ’ըսէին «իըըսկընը պուրտ»` երէցկինի պորտ:
ԻՇՇԸ ՇԸԳԻԷԳ – իշու կակաչ, ուտելի խոտ մը կարմիր ծաղիկով: Կոկոնները բախտախաղի մէջ կը գործածէին՝ «հա՞րս է, թէ փեսայ», կը բանային՝ ճերմակ միջուկը հարս էր, կարմիրը՝ փեսայ:
ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՎԱՐՏԷՔ – աքլորի վարտիք, կարմիր թաւշապատ ծաղիկ մը:
ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՔԱՓԱԶ – աքլորի կատար՝ կարմիր գոյնով ծաղիկ:
ՀԱՎԿԸՏԻՆԱ – հաւկտենի, ծաղկող թուփ մը:
ՀԷՎԻՐԸ ԿԸՏՏԷԿ – հաւերու կտիկ. մանր տերեւներով ուտելի խոտ մը, կ’աճի բակամերձ տեղերը, հաւերը շատ կը սիրէին կըտ-կըտ ուտել:
ՄԱՂՎԸ ԾԱՂԷԿ՝ – մեղուի ծաղիկ, նոյնը՝ Գարատուրանի մէջ՝ ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ:
ՄԱՂՎԸ ՊԸՃԷՃ – մեղուի պատիճ, պատիճաւոր բոյս մը, պատիճին մէջ շարք մը քաղցրահամ հատիկներ: Կան նաեւ ԻՇՇԸ ՊԸՃԷՃ՝ իշու պատիճ, աւելի մեծ, ուտելի, ՁԻԸ ՊԸՃԷՃ՝ ձիու պատիճ, ԽԸԶԶԸ ՊԸՃԷՃ՝ խոզի պատիճ, ոչ ուտելի:
ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ – մաքիի՝ ոչխարի դմակ, ծաղիկը՝ ոչխարի դմակի նմանողութեամբ:
ՊԱԽՐԸ ԼԻԶԶԷՕ – եզան լեզու. բուժական խոտ մը:
ԿԷՔՎԸ ՃԸՌՆԻԷԳ – կաքաւի ճիռն-իկ, ուտելի խոտ մը:
Ափսոս որ նկարներ չունիմ: Քեսապ ապրող ընթերցողներ, տնամերձ վայրերէ նկարեցէ՛ք եւ ինծի ուղարկեցէք: Շնորհակալ կ’ըլլամ: