Կիներու Միջազգային Օրուան Նշում ԼՕԽ–ի Մէջ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Ղարիպեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ 8 մարտին ամբողջ աշխարհի մէջ Կիներու միջազգային օրուան նշումն ու անոնց իրաւունքները լուսարձակի տակ բերելը պատահականութեան արդիւնք չեն, այլ հին օրերէն ալ կիներու իրաւունքներու նկատմամբ արձանագրուած խախտումները մղած են ընկերութիւնը` նման օրուան մը ճշդումին: Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Կիներու միջազգային օրուան հռչակման պատմականը, որուն ընթացքին շեշտը դրաւ հայկական իրականութեան մէջ իրենց դերն ու տեղը ունեցած հայ կիներուն վրայ եւ դիտել տուաւ, որ հայութիւնը բոլորէն առաջ միշտ ալ հաւատացած է կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերութեան մէջ դերակատարութեան կարեւորութեան` անցեալէն մինչեւ օրս:
Մարալ Ղարիպեան այս առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայ կիները, որոնք հերոսներ են իրենց օճախներուն մէջ, որոնց հիմնական եւ անփոխարինելի սիւներն են, ի հարկին անոնք եղած են դպրոց, գիր, գրականութիւն, եկեղեցի ու ընտանիք` միշտ նեցուկ կանգնելով իրենց ընտանիքներու բարօրութեան, սերունդներու կերտման եւ դաստիարակութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ Կիներու միջազգային օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի ողջոյնի խօսքը:
Օրուան բանախօս դոկտոր Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ տարեդարձներ նշելու դրդապատճառներուն, որոնք պէտք է առիթ ըլլան մտածելու եւ ապագայի հաշուոյն քայլերու ձեռնարկելու: Ան շեշտեց, որ կիներու նուիրուած միջազգային օրուան նշումն ալ պէտք է դիտել այս պրիսմակէն, արդարեւ, կիներուն նուիրուած օրը պէտք չէ յատկացուի լոկ անոր դերը, արժէքը եւ ներդրումը գովաբանելու, երբ անդին, երկար տարիներէ ի վեր եւ մինչ օրս, ամէնօրեայ դրութեամբ, միլիոնաւոր կիներու մարդկային իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին, կեանքի անոնց արդար բաժինը կը չարաշահուի, եւ անոնք տակաւին չեն կրնար վայելել այն բոլոր կարելիութիւնները, որոնք արդարօրէն իրենց կը պատկանին: Ուստի ան նշեց, որ պէտք է փորձել այդ օրուան մօտենալ շինիչ քննարկումի տրամադրութեամբ եւ զայն օգտագործել մեր ձգտումներուն եւ կարելիութիւններուն վերարժեւորումին եւ օգտաշատ փոփոխութիւններու ձեւաւորումին իբրեւ յուշարար առիթ:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ը 2024-ի Կիներու միջազգային օրուան իբրեւ նշանաբան ընտրած է` «Նկատի առ զինք` կինը, ապահովէ՛ անոր մասնակցութիւնը, անոր ուղղէ ներդրումները եւ արագացո՛ւր յառաջդիմութիւնը»:
«Այս բանաձեւումին լոյսին տակ, ի սկզբանէ կարեւոր է համաձայնիլ, որ պէտք է չափազանց զգուշ ըլլալ, որ մեր կեցուածքներով տուեալ օրը չվերածենք տօնակատարութեան մը միայն եւ, այսպէս կոչուած, վարդագոյն եւ փափուկ աշխարհի մը ներկայացուցչական հանգամանք չտանք անոր: Փառաբանանքն ու տօնակատարութիւնը մերօրեայ ժամանակներուն եւ անոնց պարտադրած իրադարձութիւններուն մէջ այդքան ալ պատշաճ չեն, երբ տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն եւ մեր անմիջական աշխարհին վրայ տարածուող իւրաքանչիւր լուսաբացին իգական սեռի պատկանող մեծաթիւ պարագաներ ճնշուած են, բռնադատումի կ՛ենթարկուին, ամէն օր կը սպաննուին, իրենց հայրենի հողէն կը տեղահանուին, աշխատանքային անհաւասար եւ անհաւասարակշիռ իրականութեան մը զոհն են, եկամուտի ապահովման անարդար դրոյթ մը գլուխ առած կ՛երթայ ու ոտնակոխ կ՛ընէ ամէն տեսակի արժէք ու չափանիշ, սեռային խտրականութիւնը տակաւին լիաթոք կը շնչէ, եւ կնոջ, այսպէս կոչուած, պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն առնչուող կարծրատիպերը ամբողջականօրէն կ՛իշխեն մտայնութիւններու անհամեմատելի տոկոսի մը վրայ:
«Նման կարծրատիպերու շարքին, շատ յաճախ` նաեւ մենք, կամայ թէ ակամայ, կը սատարենք անիրապաշտ եւ անճիշդ կարծրատիպի մը տարածումին եւ անոր պաշտպանութեան, կարծրատիպ մը, ըստ որուն, ամուսնացած եւ մայրացած կինն է, որ առաւելաբար կ՛օժանդակէ ընկերութեան` անոր ընծայելով լաւ դաստիարակուած զաւակներ եւ ընտանեկան հաւասարակշիռ համակարգ: Այս ըմբռնումը, ըստ էութեան, ընդունելի չէ, որովհետեւ ամուրի կինը նոյնքա՛ն եւ երբեմն աւելի՛ օգտակար է ընտանիքին` իր մատուցած ծառայութիւններով, շատ յաճախ` նիւթական օժանդակութեամբ, ֆիզիքական օգնութեամբ, իր անհատական ժամանակը բոլորին բաժնելու եւ անոնց հասնելու իր պատրաստակամութեամբ: Ան նաեւ օգտակար է ընկերութեան` իր անկախ որոշումներով, իր աշխատանքով, իր մարդկային կամքի ազատ գործադրութեամբ», ըսաւ բանախօսը:
Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան լուսարձակի տակ առաւ մեր ազգային կեանքին մէջ առկայ այլ կարծրատիպ մը, որ կը վերաբերի հայ կինը իբրեւ սգացող, ցաւող եւ զգացական աշխարհի զեղումներ արտայայտող անհատ ներկայացուելուն: Ան շեշտեց, որ հայ կինը պէտք է մեր մտապատկերէն դուրս բերենք` իբրեւ ընդհանրապէս լացող-սգացող նահատակի մայր-քոյր, իբրեւ ազգին անցեալին, ներկային թէ ապագային հանդէպ գերզգայուն հոգատար մը միայն, եւ զայն բնորոշենք` իբրեւ գործուն տարր, իր ըսելիքը անվախօրէն բարձրաձայնող, իր գործը անխափանօրէն յառաջ տանող, իր միտքը հզօր ձեւով արտայայտող եւ հաստատակամօրէն պարտադրող, իրագործո՛ղ եւ յաջողո՛ղ անփոխարինելի ներկայութիւն, իբրեւ ընկերութեան յառաջատար անդամ:
«Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ արցախեան գոյամարտ եւ աղէտալի իրադարձութիւններ, հայ կինը իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն եւ ամբողջացուցած դերերուն լրիւութեան մէջ եւ անոնց արդար համեմատութեամբ չէ ներկայացուած: Թերեւս ոչ դիտումնաւոր վրիպումներով եւ հաւանաբար նաեւ` անզգալաբար տեղի տալով մշակութային նորմերու եւ «բնական կարգավիճակ»-ի վերածուած մտայնութեան մը, անոր կատարած տարատեսակ գործերուն վրայ բաւարար կեդրոնացում չէ եղած, եւ այս բոլորը անհրաժեշտ լուսարձակի տակ չեն առնուած: Նահատակի մը սգացող մայրն ու քոյրը, նաե՛ւ եւ ամէն բանէ առաջ, իրենց զաւակը իբրեւ ազգին համար նահատակուելու պատրաստ անհատ դաստիարակած են. տարբեր ժամանակներու ընթացքին մեր ժողովուրդին պարտադրուած բռնի տեղահանումներէն ետք հայ կինը, քոյրը, մայրը, ազգականը` ընտանիքի ապրուստը եւ ապահովութիւնը դասաւորողը, նաեւ այդ ընտանիքի անդամներուն զարգացումին, կրթութեան եւ առողջութեան ամրապնդման սիւնը եղած են: Իր խոցուած հայկականութեամբ մտահոգ կինը իր ընկերութեան մէջ ազնիւ գաղափարներ տարածողը եւ յառաջամարտիկներ պատրաստողը եղած է, եւ ի հարկին` գո՛րծ առաջնորդած. ժամանակն է, որ մասնագիտական մօտեցումով եւ ուսումնասիրութիւններով այդ պատկերը ամբողջականօրէն սերտուի եւ միանգամընդմիշտ անոր իրական դերին ստոյգ արժեւորումը կատարուի, եւ անոր սահմանումը իր ճշգրտութեան մէջ վերականգնի», շեշտեց ան:
Ապա Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան լուսարձակի տակ առաւ մեր ընկերութեան յառաջատար անդամի պատրաստութեան նուիրուած ԼՕԽ-ը` զայն նկատելով իբրեւ արժանաւոր եւ որոշիչ դերակատարութիւն ունեցող մէկ մասնիկը Հայ օգնութեան միութեան: «Միութիւն մը, որ լիբանանահայ մեր կեանքին իր մատուցած ծառայութիւններով անզուգական է եւ անկրկնելի: Եւ հակառակ այն իրողութեան, որ ըստ իր կանոնագրային պայմաններուն, այս կազմակերպութիւնը բացառապէս կնոջական չէ, այս միութեան անդամները` իբրեւ բազմապիսի կարողութիւններու տէր կիներ, կազմակերպ եւ շարունակական աշխատանք կը տանին այլազան մարզերու մէջ` առողջապահական, ընկերային, կրթական, դաստիարակչական, խնամատարական, սննդաբաշխումի, մշակութային ճանաչողութեան, ընտանեկան բարոյական եւ հոգե-ընկերային արժէքներու եւ առողջութեան պահպանման, բարեգործական, հանրային կեանքի մասնակցութեան ապահովման, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման եւ գիտակից ապրելակերպի որդեգրումի ապահովման եւ շատ մը այլ բնագաւառներէ ներս. այս բոլոր աշխատանքներուն տրամադրուած ծրագրաւորումի ժամանակն ու ճիգը, անոնց համար ապահովուող նիւթական թէ բարոյական աղբիւրները անչափօրէն գնահատելի են: Ահա այսպէս է, որ մարդկային ֆիզիքական ու ընկերային կարիքներու ապահովման առընթեր, ԼՕԽ-ը իր մասնակցութիւնը կը բերէ մեր հաւաքական ինքնութեան պահպանման եւ անոր առողջ կարգավիճակի խթանման. եւ այս մէկը աւելի քան ողջունելի է այսօր, երբ կ՛անդրադառնանք կիներու դերին եւ անոնց ներդրումին` տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած մեր ընկերութեան կեանքին մէջ: Հետեւաբար այս օրուան առիթով եւ անոր յուշած սկզբունքներուն ոգիով շնորհաւորենք ԼՕԽ-ը` իր կատարած աշխատանքներուն եւ իր առաքելութեան հետեւողական հետապնդումին եւ անոր գործնականացման համար», նշեց բանախօսը:
Իբրեւ եզրակացութիւն, Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան անդրադարձաւ կնոջ ձգտումներուն եւ ըսաւ, որ անհատական մակարդակի վրայ պէտք է ձգտինք` դառնալ հանդուրժող, ազնիւ, մակերեսային մօտեցումներէ, պառակտիչ վերաբերումէ եւ անհիմն բամբասանքներէ հեռու, մարդասէր ու այլասէր, առաքինի, սկզբունքի տէր, աշխատասէր, մտքի հաւասարակշիռ դրսեւորումներու հետամուտ, խիզախ եւ արդար: «Մեր ընտանեկան եւ ասպարէզային յարկերուն տակ, բծախնդիր, պատասխանատու եւ գիտակից մօտեցումով, յառաջ տանինք մարդկային արժէքներն ու կեանքը բարոյականութեան հիմքերու վրայ ամրացնող սկզբունքները: Օգտակար դառնանք անկարին, տկարին, ճնշուածին, եւ այդ մէկը կատարենք` համեստութեամբ, հեզութեամբ, հեռու` ցուցամոլութենէ եւ եսակեդրոնութենէ: Իսկ հաւաքական մարզին մէջ պէտք է աշխատինք, որպէսզի կինը յաւելեալ առիթներ եւ ներգրաւուածութիւն ունենայ յառաջադէմ աշխարհի կեանքի բոլոր մարզերէն ներս` ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական, որպէսզի` ան վայելէ սեռային եւ ասպարէզային հաւասարութիւն, որպէսզի` երաշխաւորուի իր առողջութեան նպաստող բոլոր պայմաններու գոյութիւնը, որպէսզի` յարգուին իր մարդկային իրաւունքները, որպէսզի` վերջ դրուի աղքատութեան եւ աղբիւրներու չգոյութեան, որպէսզի՝ անոր ձայնը լսելի դառնայ, որպէսզի անոր հանդէպ կիրարկուած բռնութիւններն ու խտրականութիւնը դադրին, որպէսզի` ան իր մարմնին, իր որոշումներուն եւ ապրելակերպին գծով օրինականօրէն հաստատուած ազատութիւն վայելէ, որպէսզի` իր կեանքը ըլլայ արժանապատի՛ւ», ըսաւ ան:
Աւարտին բանախօսը շեշտեց, որ Կիներու միջազգային օրը սոսկ տօնակատարութիւն մը չէ եւ ո՛չ ալ ինքնանպատակ հանդիսութիւններու կազմակերպումի օր, այլ առիթ է նորոգելու յանձնառութիւնը` կինը ներառելու աշխատանքային թէ հասարակական մասնակցութեամբ յառաջդիմող կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս, անոր կարողականութիւններու զարգացման սատարող պատեհութիւններ ստեղծելու եւ անոր իրագործումները գնահատելու:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Սէրլի Նէմշեհիրլեան` տուտուկ, Արմէն Գարօ` տհոլ, Անթոնի Օպէյտ` երգ: