Վեհանոյշ Թեքեան
******************************
Ապակիին ետեւէն ձիւնը համրօրէն ինքզինք կը տեղաւորէ բոլոր մակերեսներուն վրայ։ Ապակիէն ներս, երիտասարդ կին մը, կարմիր վարսերը անփութօրէն կապած, ընդհատ շարժումներով աջ ձեռքը կը տարուբերէ։
Վրձինը կը մտածէ գունապնակին վրայ, ապա կ՚որոշէ, եւ սեւն ու կարմիրը հեւքով մը կը հասնին պաստառին։ Բան մը կը սկսի բաբախել, այդ գոյները կը խօսին պաստառին մէջ, կարծես երկար բաներու մասին կը պատմեն կէս-կատար։
Կինը մտիկ կ՚ընէ – սեւ մութ պատմութիւններ են։ Կը պատմեն դիակներու, իրենց կեանքէն ակամայ զրկուած հոգիներու մասին։ Եւ սեւը նորէն կը թառի, եւ սեւը պաստառին վրայ միականի հրէշի պէս կը սեւնայ ու կը վերածուի անգղի , հսկայ թաթերը բացած, կտուցը խրած դիակներու ճեղքերուն ուրկէ կեանքը հեռացած է։
Եւ անգղին կը յաջորդեն ուրիշ անգղեր, այդ անգղերը կը վերածուին գորշ, յղի ամպերու։ Ծանր ամպերու ետեւէն կ՚երեւայ դարձեալ անգղը, միշտ կտուցը խրած մահամերձ գաղափարներու մէջ։ Դիակները պիտի խօսին, կարծես թէ բան մը կ՚ըսեն արդէն։ Բայց զիրենք լսող չկայ, լսող չկա՜յ։ Պաստառէն դուրս, ուր տարբեր կեանք մը կը դեգերի, մարդեր կան անականջ, անաչք, անլեզու, անսիրտ, յոգնած, զզուած, թմրած մարդեր… Դեռ ո՞վ այս սուգի մայրամուտին իր վիշտը կը պատանքէ. ո՞վ մնացեր է, ո՜վ։
Կինը կը դիտէ ձիւնը, վրձինը իր տեղը կը դնէ ու ինքզինք կը նետէ շէզ-լոնկին վրայ։ Գիտէ թէ այս գիշեր պիտի չքնանայ։ Հրասայլերը արդէն հասած են Ալէյ։ Քանի մը օրէ՝ արձակուած գնդակները կ՚երթեւեկեն առանց կողմնացոյցի։ Վերջին օրը ուիսքիին մնացեալը թափեց գետին եւ ձգեց քաղաքը, ձգեց հարազատները, բարեկամները։ Քաղաքին մէջ մարդկային բարոյական արժեքները կը սնանկանային օրէ օր, եւ կ՚աճէր սարսափը ։ Բնութեան մէջ ըլլալու համար հասաւ գիւղի իր վիլլան։
Երեք յարկերուն մէջ ամբողջովին առանձին, առանց սպասուհիի, քաշեց հեռաձայնի թիւը եւ յանձնուեցաւ դուրսի հանդարտասէր բնութեան ու ներսի գունասէր երանգապնակին։ Սակայն իր ուղեղի բջիջներուն մէջ յամեցող դաժան երեւոյթները հետզհետէ ձեւակերտուեցան, եւ մէկը միւսէն մռայլ, դաշունահարուած կեանքերն ու մահուան տատանող շղարշները շարուեցան ապակեպատ աշխատասենեակին մէջ։
Կնոջ աջ ձեռքէն դէպի վրձին եւ վրձինէն նոր պաստառի մը վրայ հոսեցան ընդվզումները, եւ ընդվզումները վերադարձան նոյն ուղղութեամբ. Պաստառէն վրձին, վրձինէն կնոջ մատներուն, եւ մատներէն՝ իր անվախօրէն կանաչ աչքերուն։
Իր հարուստ ու դիւրին կեանքի տեւողութեան հեշտանքի բոլոր ծալքերը տակնուվրայ ըրած այս կինը՝ դժուար վիճակներու ծարաւը ունէր այլեւս։ Իր երեսուն տարիքը հանդիպած էր մէկ ամուսնութեան, մէկ ամուսնալուծման, եւ տասնեակներով սիրահարներու։ Այդ խիտ ժամանակամիջոցին ամէն բանի անհեթեթութիւնը ճանչցած էր ու իր միտքը ծակծկած անհամար ինչուներով։ Ոչ, անձնասպանութեան գաղափարը չէր կրցած իրագործել որովհետեւ Կեանքին նուիրած էր իր միակ հաւատարմութիւնը, կը սիրէր զայն, փարած էր անոր աննկուն թեւերով։
Այս կինը սիրած էր օր մը, տասնըեօթ տարիներու երազային թեւերով, շոգեմակոյկ մը զինք ու իր սիրածը փոխադրած էր Փարիզ։ Ամուսնացած էին այնտեղ։ Իսկ հոս՝ երկուքին հայրերը որ գործի բերմամբ մրցակիցներ էին, ակամայ հաշտուեր էին իրողութեան հետ։ Քանի մը ամիս ետք սկսած էին սակարկութիւնները, պահանջները։ Քայքայումը թուխս նստած՝ ամէն օր նոր վէճ մը կը ծնէր, մինչեւ որ վէճը ծնաւ անհաւատարմութիւն։ Անհաւատարմութիւնը՝ վիրաւորանք ու կատաղութիւն։ Կատաղութիւնը խոշորացոյցով դիտեց միւսին թերութիւնները ու այնքան մեծցաւ տգեղութիւնը, տգեղութիւնը բարձր դասակարգի եւ հոգեկան անհաստատ պայմաններու բերմամբ՝ երկուստեք ընդունուող սիրուհիներու եւ սիրահարներու,որ նոյն տան մէջ բնակիլը դարձաւ գորդեան հանգոյց եւ ամուսնալուծման սուրը կտրեց, վերջացուց այդ հանգոյցը։
Ընկերութիւնը որ երբեք չէ հրաժարած իր դատախազի պատմուճանէն՝ այպանեց։ Առանց նախաբանի կամ վերջաբանի, չար ու անխելք պառաւի պէս այպանեց։ Առանց գիտակցելու թէ իր դասակարգային ու նիւթական հաշիւներու ստեղծագործութիւնն է այս ամուսնալուծումը՝ այպանեց, ու քիչ մը եւս խեղճացաւ։
Կինը իր կարգին, արհամարհեց ընկերութիւնը։ Միաժամանակ ան գտած էր խաբկանքներու աղբիւրը, ու կորսնցուցած ինքզինք սիրահարներու գիրկին մէջ։ Գիտէր թէ իր արարքներուն մէջ քիչ մը վրէժ կար, քիչ մը կիրքի ջրվէժ, քիչ մը ինքնասպանութիւն, որ ինքնամերձեցման բարձրագոյն կէտն է։
Առանձին ապրող մարդիկ իրենց շուքին, իրենց սեփականութեան ուշադրութիւն կ՚ընծայեն։ Այս կնոջ համար ոչ մէկ բան նշանակութիւն ունէր։ Յաճախ կը պատահէր որ բոլոր գաւաթներն ու շիշերը գլորէր գետին, կտոր-կտոր ընէր։ Կը պատահէր որ օրերով միայն խմէր։ Կը պատահէր որ ժամերով սիրաբանէր եւ անունն անգամ չգիտնար։ Կը պատահէր որ Զուիցերիա գիշերօթիկի մը մէջ գտնուող իր տասը տարեկան աղջկան շաբաթներով չհեռաձայնէր։ Ոչ թէ միայն ուրիշներ, այլ՝ ինքը իսկ չէր ուզեր գիտնայ ով է ինք, ինչ կ՚ընէ, որու աղջիկն է։Պարզապէս կ՚ուզէր ինքզինք ըլլալ, ըլլալ իր ներաշխարհի լայնատեսութեան մէջ, եւ ոչ թէ ճանչցուիլ ու յարգուիլ իր միլիոններուն համար։
Հասած էր հոս, սեփական տարածութեան մէջ, ու հակառակ անդադրում հրացանաձգութեան, գոյներու մէջ կը յայտնակերպուէր իր հոգին։ Հեռաւոր անկիւնէ մը Վիվալտին կը մրմռար, եւ գոյները կը մղկտային, եւ Վիվալտին մեղմ բռնկումներով կը մօտենար գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը ձեռքին, ծովուն ալիքները խըժխըժ կ՚երթային կուգային, կը վէտվէտային վերջալոյսի փափկութեան մէջ։ Հեռաւոր թմբկահարում մը կը լսուէր ու աւշազուրկ տերեւները կաղնիկաղ կը հաւաքուէին։ Մօտիկէն թակոց մը կը լսուէր, ձմրան թակոցը, բացէ՜ք դուռը. ձմեռը ցաւի համար վիրակապեր կը բերէր…
Այդ սեւազգեստ ձմրան մէջ ձիւնը սպիտակ թեւերով խաղաղութեան պսակներ կը զետեղէր։ Քաղաք մը ամբողջ կամաց-կամաց քայքայուած էր, ինչպէս գինովին ստամոքսը. եւ սխալ դարմանումներէ ետք թաւալգլոր մահուան կ՚ուղղուէր։ Ո՛չ մէկ ներարկում կրնար կասեցնել իր սրտաճմլիկ վախճանը։
Անգղը սառած մրմուռներու վրայ կը սաւառնէր։ Ու կը մղկտար Վիվալտին։
Վարի դարպասին ձայնը կը լսուէր։ Կնոջ վարանումը երկար չի տեւեր, կը վառէ բոլոր լոյսերը։ Պիտի գան՝ թող գա՜ն գողերը, թող իրենց ճամբան լուսաւո՜ր ըլլայ։ Դարպասին թեւերը, շղթաները կը ճռնչան ուժգին, ապա կը մեղմանան։ Մէկ երկու վայրկեան ետք նոյն շրջաձեւն է։ Կինը կը սպասէ բանալիներու տրցակը ձեռքին, ատրճանակը բանալիներուն հետ պիտի յանձնէ գողերուն ու մեկնի, ո՞ւր – Աստուած գիտէ – գաւաթ մը եւս ուիսքի կը լեցնէ։ Առաջին մտնող աւազակին պիտի հրամցնէ։ Մուտքի դրան աստիճաններուն վրայ կը բազմանան ձայները։ Խորտուբորտ քարայրներու մէջ պահուըտած թաթերու պէս կը քսուին իր ականջներուն ու չեն բարձրանար վեր։
Այս սենեակը ուր ամէն ինչ թափանցիկ ոգի ունի, լուսաւոր է այնքան որ երբ մանիշակագոյն ու սեւ ճառագայթներ զրուցեն պատերազմի ու խաղաղութեան մասին, մարդկային կեանքէն գոյներ կը հիւծին ու կ՚անհետին։
Կինը կը սպասէ երկար պահ մը, թերեւս ժամ մը. այս գողերուն թաքթիքը չի հասկնար ու ճարահատ կը բանայ դուռը։ Նոյն խժժոցն է, ո՛չ կը մօտենայ ո՛չ կը հեռանայ, վարը զինեալ մարդ մը ըլլալու է։ Կինը կ՚անցնի սեմէն, կու գայ աստիճաններուն վրայ ու կը նայի վար։
Այդտեղ է, ճիշդ հո՛ն, սարսափելի տեսարան մը ուղղակի կը քարացնէ զինք։ Ո՛չ, գողեր չեն, մորթուած դիակներ չկան, լարուած թնդանօթներ չկան։ Գամփռնե՛ր կան, տասը-տասներկու գամփռներ. սեղմուած իրարու քով, վախցած, սմքած։ Գիւղին գամփռներն են. սարսափահար հասած են այս շէնքի մուտքին ու զիրար կը խրախուսեն։ Գամփռներ որ որեւէ մարդկային հոտի այնպէս ուժգին կը մռլտան, այստեղ սուսիկ-փուսիկ փակած են իրարու եւ աղերսական աչքերով վեր կը դիտեն – գոնէ դո՜ւն մեզ խնայէ։
Խշրտուքը դադար չունի. ամէն 500-նոցէ ետք խուլ մռլտոց մը կը լսուի։ Ամբողջ գիւղին մէջ գազանները պատսպարան փնտռեր են։ Այստեղ մարդկային բուրում կայ, այստեղ ապահով է, բնազդով զգացած են գամփռները։ Կինը կ՚իջնէ անոնց քով ու իրենց գամփռին քով աստիճաններուն վրայ կը նստի։ Երբեմն գամփռը կարծես երազ կը տեսնէ, զառանցանքի ձայներ կ՚արձակէ, ապա ամբողջ մարմնով կը դողդղայ։ Կինը կը շոյէ գամփռին դունչը, սրճագոյն մազերը – սիեսթա, Ֆիտելլօ – եւ գամփռը մեղմաշուր կը դիտէ զինք ու կը հարցնէ թէ ո՛ւր գլտորեցին իր հին աշխարհը։
Ողբերգութիւններու հանդէպ անտարբեր ձեւացող կինը չի դիմանար տեսարանին։ Առտու կանուխ կ՚որոշէ իջնել քաղաք։ Երանգապնակին վրայ ամէն ինչ կը թողու սառած, միսի պահածոյ տուփեր կը բանայ, կը շարէ աստիճաններուն վրայ, դարպասը շղթայով կը կղպէ որ ուրիշ մարդիկ չգան գամփռները աւելի սարսափեցնելու, ու կը քշէ ինքնաշարժը։
Ալէյի մուտքին. Քահհալէէն առաջ կը կենայ ինքնաշարժը։ «Ո՞վ ես դուն, ի՞նչ գործ ունիս այստեղ ,- կը պոռայ ոստիկանը, – շո՛ւտ քշէ, փամփուշտները կը տեղան»։ Կինը կը փորձէ աշխատցնել. անօգուտ։ Ոստիկանը կը կասկածի, հրացանի փողով կը զարնէ ինքնաշարժին՝ ճամբուն ծա՛յրը կեցիր։ Մինչ այդ, ոստիկան մը կը ճանչնայ կնոջ – այսինչ կինն է , կ՚ըսէ. յարգանքով կը մօտենայ օգնելու, կ՚աշխատցնէ ինքնաշարժը։
Ինքնաշարժը հանդարտօրէն կ՚ուղղուի ամայի եւ աղմկահար ճամբաներէն։ Ինչ որ պիտի ըլլայ՝ պիտի ըլլայ։ Կը մօտենայ Ռաուշէ։ Կինը կը մտածէ Սքոչ Գլապ նստիլ ըմպելիք մը առնել։ Կը հասնի, Սքոչ Գլապը չկայ, կան քարեր վրայ-վրայի, ճնշումով պայթած քարի բեկորներ։ Պայթած են ապակիները, լոյսերը, ճերմակ բազկաթոռները, մատուցողներու ժպիտները, երաժշտութիւնը, Վիվալտին, շիշերն ու բաժակները, եւ չորս եղանակները ։ Վախէն ու քաղցէն ճաքած է գամփռը, ու սեւաբոյր անգղ մը կը տարտղնէ գամփռին վախի ծերպերը — չըլլա՜յ թէ ապրող բան մը գտնուի դեռ։
Ինքնաշարժը թափով մը կը դառնայ ետ։ Ամէն ինչ պայթած է։ Ղեկը անուղղայ դարձած է ։ Կինը սեւ ակնոցները կը տեղաւորէ աչքին ու կը քշէ ինքնաշարժը։ Եւ կնոջ սպիտակ ժպիտը կ՚արհամարհէ թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ մահը…
***
«ՃԵՂՔՈՒԱԾ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ»