Վկայակոչելով cna.org-ը` «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը յայտարարած է, թէ Կիպրոսը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացներուն եւ տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ:
Կիպրոսի նախագահը այս մասին յայտարարած է` Կիպրոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի հաւատարմագիրները ստանալու արարողութեան ընթացքին: