Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Գրադարձական (ա)
Հայերէնը պատմականօրէն ունեցած է վեց ձայնաւոր՝ ա, ե, ը, ի, ո, ու:
Այսպէս էր գրաբարի մէջ, մինչեւ, ըսենք, 12-րդ դարը, երբ մեր այբուբենին վրայ աւելցան օ եւ ֆ տառերը: Ասոնց երկրորդը բաղաձայն է: Գալով օ-ին, որ ձեւով կը նոյնանայ յունական օմիկրոն-ին, ան եկաւ փոխարինելու գրաբարի աւ երկբարբառը՝ մաւտ-մօտ, կարաւտ-կարօտ, հաւտ-հօտ՝ շուտով նոյնանալով մեսրոպեան ո տառին հետ. բաղդատել՝ հոտ-հօտ, որոնք նոյն արտասանութիւնը ունին:
Նկատեցիք, անշուշտ, որ մեր պատմական ձայնաւորներուն շարքին չդրի է տառը, քանի ան պարզ ձայնաւոր մը չէր, այլ երկբարբառ մըն էր եւ կ’արտասանուէր եյ (ei−ey): Սակայն սա իր կարգին ժամանակի ընթացքին միաբարբառացաւ ու սկսաւ արտասանուիլ մեսրոպեան ե-ին պէս. բաղդատել՝ սեր-սէր:
Այսպէսով մենք աշխարհաբարը դիմաւորեցինք ութ ձայնաւոր տառերով, որոնք կը նշէին հայերէնի վեց ձայնաւոր հնչիւնները՝ ա, ե=է, ը, ի, ո=o, ու:
Մինչ արեւելահայ աշխարհաբարը հաւատարիմ մնաց այս վեցին, արեւտահայ աշխարհաբարին մէջ միաբարբառացաւ իւ եւս եւ դարձաւ պարզ ձայնաւոր, ինչպէս զայն կը գտնենք ու կ’արտասանենք բիւր, գիւղ, ձիւն, սիւն եւ այլ բառերու մէջ:
Այսքանը՝ իբրեւ պատմական ծանօթութիւն:
* * *
Հին աշխարհի լեզուները, եւ մասնաւորաբար մեզի առնչուող պարսկերէնը, ասորերեէնն ու յունարէնը, կը զանազանէին երկար ու կարճ կոչուած ձայնաւորներ:
–պարսկերէնն ու ասորերէնը ունէին կարճ եւ երկար ա, ե, ո, ու՝ a−ā, e−ē, o−ō, u−ū :
–յունարէնը ունէր կարճ եւ երկար ե՝ εЕ −ηΗ, կարճ եւ երկար օ՝ οО−ωΩ:
Առաջին երկու լեզուներուն պարագային ընտրեցի միջազգային գրադարձական այբուբենի տառերը, որովհետեւ ասոնք աւելի մատչելի են մեզի , քան պարսկերէն ու ասորերէն բնիկ տառերը:
Գալով հայերէնին՝ ապա մեր լեզուն ձայնաւորներու զանազանութիւն չէ ունեցած. աւելի ճիշդը՝ մեր բոլոր ձայնաւորները «կարճ» են:
Մեր քննութեան առարկան հետեւեալն է. մեր աւագ թարգմանիչները ինչպէ՞ս վարուած են այս շրջակայ լեզուներու հայերէնին պակսող՝ երկար ձայնաւոնրերուն հետ եւ ինչպէ՞ս արձանագրած են զանոնք փոխառութանց մէջ:
* * *
ա) Սկսինք պարսկերէնէն, որովհեետեւ հայերէնի մէջ մեծագոյն դերակատա- րութիւն ունեցող օտար լեզուն եղած է պարսկէրէնը՝ իր փոխ տուած 1400 բառերով:
–երկար ā տուած է սովոարական ա. օրինակ՝ ազատ-āzāt, ազոխ-āzux, անապատ-nā-ābād, աւաչ-āvāz, բազէ-bāz(a), դատ-dāt, թալան-tālān:
–երկար ē սովորաբար է տուած է՝ յաւէտ-yāvēt, նուէր-nivēδ, շէն-šēn, կը գտնենք շեղումներ եւս, ուր տուած է ե, ի, իւ՝ աւեր-vērān, վիշապ-vēšāp, բիւր-bēvar:
–երկար ō բաղաձայնէ առաջ առհասարակ տուած է ոյ երկբարբառը՝ դոյլ-dōl, խոյր-xōr, կոյր-kōr, կոյտ-kōd, յոյզ-yōz, ոյժ-ōž: Կան սակաւ շեղումներ:
–երկար ū ընդհանրապէս տուած է պարզ ու՝ բազուկ-bāzūk, գունակ-gūna, թութ-tūt. հատուկենտ բառեր տուած են ո եւ ոյ՝ մոմ-mūm, գոյն-gūn:
բ) Ասորական երկար ձայնաւորները՝ ﺍ ﻱ ﻭ կը համապատասխանեն արաբականին, ուր՝ ā=ﺍ ē−ī = ﻱ ū-ō=ﻭ:
–երկար ā բառավերջին ընդհանրապէս տուած է այ՝ աբեղայ-abīlā, ամիրայ-amīrā, լումայ-lūmā, կաթսայ-qadsā, շուկայ-šūqā, սատանայ-sāțānā. պատահած է նաեւ որ ան ջնջուի՝ բուրգն-būrgā, թատր-tātrā, այլ դիրքերու վրայ ան տուած է պարզ ա:
–երկար ō եւ ū տուած են ո, ու՝ ագուգայ (aqueduc)-agōgā, մամոնայ-māmōnā, քուրայ-kūrā, մէկ անգամ միաին ū տուածէ ոյ՝ յամոյր–yaxmūrā, իսկ երբեմն ալ ջնջուած է՝ հրեայ-īհūδāyā:
–երկար ī, ē տուած են ի, ե,է՝ ամիրայ-amīrā, աբեղայ-abīlā, ձէթ-zēθ:
գ) Յունական փոխառութիւնները` թիւով 916, կատարուած են գրաւոր ճամբով. ըլլալով գրքունակ ու անկենդան եզրեր՝ անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը հետագային դուրս եկած է հայերէնէն՝ ետին ձգելով շատ փոքրաթիւ բառեր. ասոնց վրայ հիմնուելով ալ կը կատարենք մեր քննութիւնը:
–երկար ē−η կը գտնենք հետեւեալ բառերուն մէջ միայն, ուր ան տուած է ե, է, մինչեւ անգամ ի. օրինակ՝ ակադեմիա-akadēmeia, կաթողիկէ-katholikē, կիւրակէ-kyriakē, հռետոռ-hrētōr, եթեր-aithēr, ռետին-hrētinē, աղեկատ-alekatē, արծին-arsēn, չհաշուած այն օրինակները, ուր ան պարզապէս ջնջուած է:
–երկար ō-ω կարծես ապրած է երկու կեանքով՝
ա)Սովորական բառերու մէջ ան գրեթէ միշտ տուած է ո, օրինակ՝ մորոս-mōros, ամբիոն-ambōn, աղկիոն-alkyōn: Ոչ մէկ անգամ հայերէնը նկատի առած է ω-ին երկարութիւնը, եւ զայն միշտ տառադարձած է կարճ ո. իսկ մէկ անգամ ալ ե՝ մեղեդի-melōdia:
բ) Բոլորովին տարբեր է կացութիւնը աստուածաշնչական բազմատասնեակ յատուկ անուններու մէջ, ուր ω շատ կանոնաւորապէս կու տայ ով. Մատթէոսի առաջին գլուխի մի՛այն 14 համարներուն մէջ կը գտնենք 12 ով-ω համապաասխանութիւնը. կը բերենք քանի մը նմուշներ՝
Յակովբ – Ἰακὼβ -يَعْقُوبَ
Եզրովմ – Ἑσρώμ -حَصْرُونَ
Նաասովն – Ναασσών -نَحْشُونَ
Սաղմովն – Σαλμών -سَلْمُونَ
Ովբէդ – Ὠβὴδ -عُوبِيدَ
Սողովմոն – Σολομῶν -سُلَيْمَانَ
* * *
Չհաշուած մանր-մունր բացառութիւնները՝ կը նկատենք, որ յիշեալ երեք լեզուներու երկար ձայնաւորներէն միայն երեքն է, որ արժանացած են յատուկ վերաբերումի. պարսկական երկար ō-ն, որ որոշ կանոնաւորութեամբ տուած է ոյ, ասորական ā-ն, որ յատկապէս բառավերջին տուած է այ, եւ յունական ω-ն, որ միայն աստուածաշնչական յատուկ անուններու մէջ կանոնաւորապէս տուած է ով:
Կը մնայ տակաւին պատասխանել յաջորդ հարցումին.
−Մեսրոպ ինչպէ՞ս կ’արտասանէր այս տառադարձութիւնները՝ ոյ, այ, ով: