Շարադասական (ժե)
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Յարաբերեալ-յարաբերական շարադասութիւնը (գ)
- Պէտք է զգուշ վարուիլ այն յարաբերեալով, որուն նախադասուած են համադաս անդամներ. օրինակ՝
–«Ամավերջի քննութիւնը յաջողապէս անցուցին Արան, Աշոտը եւ Վահէն, որ նախընթաց օրը ելած էր հիւանդանոցէն»:
Այս երեքէն ո՞րն է նախընթաց օրը հիւանդանոցէն ելլողը: Հաւանաբար պիտի պատասխանուի՝ Վահէն: Բայց եւ այնպէս, կարելի չէ երաշխաւորել, որ միշտ եւ ամեն ընկալող մտածէ նոյնը. պէտք չէ զարմանալ, եթէ ոմանք մտածեն Արային մասին, ուրիշներ ալ՝ Աշոտին մասին:
Այսպիսները թերի կամ արատաւոր յարաբերեալներ են:
Եթէ իրօք Վահէն է ելլողը, ինչպէս շարադասութիւնն ալ կը թելադրէ այդ, ապա պէտք չէ գոհանալ անոր անունը համադասելով բառերուն վերջը եւ զայն յարաբերական դերանունէն առաջ գրելով միայն: Պատշաճ է, որ գրաւոր խօսքի մէջ եւ շաղկապէն առաջ դրուի ստորակէտ մը, որով Վահէն կը տրոհուի Աշոտէն ու Արայէն եւ աւելի սերտ կը կապուի իրեն յաջորդող յարաբերական դերանունին:
Գրաւոր խօսքին համար բաւական կիրարկուած միջոց մըն է այս ստորակէտը, որ այլապէս, յարաբերական դերանունի բացակայութեան, անընդունելի է: Այսուհանդերձ ապահով միջոց մը չէ:
Իսկ բանաւոր խօսքը այդ ստորակէտի մակարդակին կ’առնէ կարճ դադար մը, որով կ’ընդմիջուի համադասութեան շղթան, փոխարէնը՝ յարաբերեալն ու յարաբերական դերանունը կ’արտասանենք որոշ սերտութեամբ:
Այսուհանդերձ, մտքի պայծառութեան, բայց նաեւ հանգստութեան սիրոյն՝ լաւագոյնն է փոխել նախադասութեան կառոյցը՝ ապահով լուսարձակի տակ առնելով Վահէն. օրինակ՝
–«Ամավերջի քննութիւնը յաջողապէս անցուցին Արան եւ Աշոտը, ինչպէս նաեւ Վահէն, որ նախընթաց օրը ելած էր հիւանդանոցէն»:
Եթէ «ինչպէս որ» շաղկապը ծանր թուի,− ինչ որ մեր կարծիքը չէ՛,− ապա կարելի է գոհանալ նաեւ կամ ալ շաղկապներէն մէկով. այսպէս՝
–«Ամավերջի քննութիւնը յաջողապէս անցուցին Արան եւ Աշոտը, նաեւ՝ Վահէն, որ նախընթաց օրը ելածէրհիւանդանոցէն»:
–«Ամավերջի քննութիւնը յաջողապէս անցուցին Արան եւ Աշոտը, Վահէն ալ, որ նախընթաց օրը ելած էր հիւանդանոցէն»:
Նաեւ եւ ալ, ըլլալով յաւելական շաղկապներ, շաղկապուող բառը մեկուսացնելու, լուսարձակի տակ առնելու յատկութիւնը ունին, ատով ալ ստորադաս նախադասութիւնը կը կապեն Վահէին:
2.Թերի յարաբերեալները յաճախ կը ստեղծեն շատ աւելի բարդ կացութիւններ, մանաւանդ լրագրողին հապճեպ ոճին բերումով. ահաւասիկ օրինակ մը.
–«Ներկայիս Ստամբոլում գործում են 22 փոքրամասնական դպրոցներ, որոնցից 5-ը յունական, 1-ը հրէական, 16-ը հայկական, որոնցում սովորում են 3 հազարից աւելի աշակերտներ» (Մամուլ):
Անխնամ ու անպատասխանատու ոճի տիպար մըն է այս, որուն հեղինակը յստակ մտածել ու յստակ գրել չի գիտեր: Այլեւ կ’արհամարհէ ընթերցողը:
Եթէ մէկը այլապէս իրազեկուած չէ, ապա քերականական ոչ մէկ երաշխիք ունի հաստատապէս գիտնալու, թէ այդ «3.000 եւ աւելի աշակերտները» «սովորում են» հայկական 16 դպրոցներուն մէ՞ջ միայն, թէ՞ մնացեալ դպրոցներն ալ միասին առած:
3.Շատ յաճախական են հետեւեալ կաղապարը եւ անոր պատճառած սխալները.
–«Մեծարենց մէկն է մեր այն բանաստեղծներէն, որ զոհ գնաց թոքախտին»:
Յարաբերեալը բանաստեղծներ գոյականն է, որովհետեւ զոհ գացողները բանաստեղծներն են, սակայն խօսողին կամ գրողին մտքին մէջ այնքան տիրական ներկայութիւն է Մեծարենց կամ մէկն, որ ահա յարաբերականը համաձայնած է ասով ու դրուած է եզակի, նոյնպէս ալ բայը անշուշտ, մինչդեռ պէտք է ունենայինք.
–«Մեծարենց մէկն է մեր այն բանաստեղծներէն, որոնք զոհ գացին թոքախտին»:
Ծանօթ.− Ուրիշ բան է. «Մեծարենց մեր բանաստեղծներէն մէկն է, որ զոհ գնաց թոքախտին»,− ուր մնացեալ բանաստեղծները թոքախտի զոհ չեն:
Նաեւ՝
–«Խորհրդային Միութիւնը առաջինն է այն պետութիւններէն, որոնք ճանչցան Իսրայէլի անկախութիւնը»:
–«Քուկդ ամենէն առարկայականն էր այն գրախօսականներուն, որոնք գրուեցան այս գիրքին մասին»:
Այս կառոյցները ունին հետեւեալ բոլորովին համարժէք տարբերակները՝ ոճական շեշտուած առանձնայատկութեամբ.
–«Խորհրդային Միութիւնը պետութիւններէն առաջինն էր, որ ճանչցաւ Իսրայէլի անկախութիւնը»:
–«Քուկդ գրախօսականներուն ամենէն առարկայականն էր, որ գրուեցաւ այս գիրքին մասին»:
Տեսնենք նաեւ հետեւեալը՝
–«Դուն այն երիտասարդներէն ես, որոնք զուրկ են սորվելու սէրէն»:
–«Դուն երիտասարդներէն ա՛յն ես, որ զուրկ է սորվելու սէրէն»:
Առաջին տարբերակին մէջ երիտասարդները եւ դուն հաւասարապէս զուրկ էք սորվելու սէրէն: Իսկ երկրորդ տարբերակին մէջ միայն դո՛ւն զուրկ ես այդ սէրէն:
–«Արան մէկն էր այն մարտիկներէն, որոնք բնաւ չնահանջեցին»:
–«Արան մարտիկներէն այն մէկն էր, որ բնաւ չնահանջեց»:
Առաջին տարբերակին մէջ մարտիկները եւ Արան բնաւ չնահանջեցին: Իսկ երկրորդ տարբերակին մէջ միայն Արան չնահանջեց: