ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Ռազմական ոստիկանութենէն պահանջեց կտրուկ կերպով բարձրացնել գործողութիւններու-հետախուզական աշխատանքներուն որակը։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Դաւիթ Տօնոյեան խորհրդակցութիւն ունեցաւ ռազմական ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ, ուր քննարկուեցան զինուորական ծառայութեան ընթացքին արձանագրուած մահուան պարագաները, զանոնք կանխարգիլելու, գետնի վրայ ստեղծուող իրավիճակին եւ ոստիկանութեան աշխատանքին վերաբերող եւ այլ հարցեր:
Հանդիպման սկզիբը Դաւիթ Տօնոյեան հրաժեշտ տուաւ ռազմական ոստիկանութեան նախկին պետ, զօր. Արթուր Պաղտասարեանին, ապա տուաւ կարգ մը որոշումներ: Պաշտօններէ պիտի հեռացուին քանի մը բաժիններու պետեր: Ան ռազմական ոստիկանութեան պետի գործողութիւններու գծով տեղակալ, գնդապետ Ալեքսանդր Աղաջանեանին յանձնարարեց ժամանակաւորապէս կատարել ոստիկանութեան պետի պաշտօնական պարտականութիւնները՝ անոր եւ ընդհանրապէս անձնակազմին տալով յստակ յանձնարարականներ եւ խիստ ցուցմունքներ։ Նախարարը մասնաւորապէս շեշտեց կարգապահութեան ամրապնդման հարցին խիստ կարեւորութիւնը եւ պահանջեց կտրուկ բարձրացնել գործողութիւններու-հետախուզական աշխատանքներու որակը։
Նշենք, որ տարեսկիզբէն մինչեւ օրս, Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ ոչ-մարտական պայմաններու մէջ մահացած են 13 զինուորներ։