ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Շատեր ափսոսանքով կը տեսնեն, որ իրենց զաւակը կամ թոռնիկը իրենց պէս չէ: Շատեր զարմանքով կը տեսնեն, որ հետաքրքրութիւններու, ապրումներու, նկարագիրի եւ կեանքի ըմբռնումներու հսկայ տարբերութիւն մը կայ իրենց եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն միջեւ:
Շատեր կը տագնապին այս իրողութեամբ: Կը դժգոհին, որ նորերը գերին դարձած են բջիջային իրենց հեռաձայններուն եւ անձնատուր եղած են առցանց աշխարհի մը հրապոյրներուն` ել-խաղերու, ընկերային ցանցերու եւ հաղորդակցութեան նորագոյն միջոցներու:
Կը տագնապին, որ ընտանեկան, ազգային- միութենական բարքերու յեղաշրջում մը կայ: Կը գանգատին, որ հայկականութեան ջերմութիւնը այն չէ նոր սերունդին մօտ, ինչ որ էր ու է իրենց հայրերուն մօտ:
Պատճառները շատ են, երբեմն բնական ու հասկնալի, երբեմն` անտեղի ու անհասկնալի:
Այս հոսանքին դէմ դպրոցը դեր մը ստանձնած է անկասկած: Եկեղեցին իր տեղը ունի, միութիւնները` նոյնպէս:
Տունէն դուրս այս երեք գործօնները լաւագոյնս կազմակերպելու համար, սակայն, կարեւոր է, որ այդ գործօնները լեցուին նոյն այդ ծնողներուն կողմէ:
Չի բաւեր հայկական վարժարան մը շինելու համար դրամ նուիրել:
Չի բաւեր հայկական եկեղեցի մը բարձրացնելու համար քսակը լայն բանալ:
Չի բաւեր, որ ակումբ մը մեծ եւ գեղեցիկ ըլլայ, իսկ ակումբը մեծ եւ գեղեցիկ ընելու համար չի բաւեր հանգանակութեան մասնակցիլ:
Տալէն ետք եղածին տէր ըլլալն է կարեւորը:
Ի՞նչ արժէք ունի դպրոց շինել, բայց` զաւակը օտար վարժարան ղրկել:
Ի՞նչ իմաստ ունի եկեղեցի բարձրացնել, բայց` աղօթելու համար հոն չերթալ:
Ի՞նչ իմաստ ունի ակումբի մը սրահին լաւ կամ գէշ ըլլալը, երբ մեր զաւակին ձեռքէն բռնած` հոն պիտի չերթանք:
Դժուար բաներու մասին չենք խօսիր:
Կիրակի օրով բռնել զաւակին ձեռքէն եւ երթալ ՀՄԸՄ-ի ակումբ, մղել, որ փոքրիկը սկաուտական կամ մարզական շարքերու անդամագրուի, իր ընկերներուն հետ նիստ ու կաց սորվի, տարազ հագուի, խմբապետ ունենայ, խմբապետ դառնայ:
Շաբաթ օրերը քաջալերել, որ ան պատանեկան միութեան մը ժողովին երթայ, ժողովական իր հասակակիցներուն հետ խօսի ու մտածէ հայութեան եւ հայրենիքի մասին, հոգեպէս հիւսուի իր ազգային արմատներուն հետ:
Շաբթուան մէջ խրախուսել, որ ան Համազգայինի մշակութային գործունէութիւններէն մէկուն մասնակցի` երգէ, պարէ, նուագէ, գծէ կամ թատրոն խաղայ, մշակութային ճաշակ կազմէ, դիմագիծ եւ ինքնութիւն կերտէ:
Այսպէս, հայկական մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ հասակ նետելով` պատանի-երիտասարդներ օրին մէկը կը դառնան հայ մարզիկ, արուեստագէտ, միութենական, կամ նուազագոյնը` հայկական ապրումով մեծցած ու յաջողած մարդ, որ փակուած չէ, սակայն, սեփական պատեանին մէջ, այլ լայնօրէն բացուելով շրջապատին` այդ ձեւով ինքզինք հաստատած է իր ապրած իրականութեան մէջ:
Ահաւասի՛կ` այն միջոցը, ձեւը, որուն գործադրութեամբ այսօրուան մեր տագնապներէն շատերը կրնան լուծում գտնել ու վաղուան մեր գոյութիւնը երաշխաւորել:
Ձեւն ու ձեւերը կան: Կարեւորը անոնց գործադրութիւնն է: Եթէ չենք ուզեր, որ մեր մատղաշ սերունդի տղաքն ու աղջիկները օրերու հետ դառնան անհոգ ու անտարբեր տարրեր, իրենք զիրենք բոլորովին հեռու պահեն հայկական միջավայրէ եւ ինքնութեան կատարեալ անձնատուութեամբ մը ձուլուին օտար շրջանակներու մէջ:
«Օտարին սուրբը միշտ տարբեր է», կ’ըսէ ժողովրդային առածը: Շատեր դիւրութեամբ կը տարուին օտար արժէքներով, յաջողութիւններով ու միութիւններով` առանց անդրադառնալու, որ հայութիւնն ալ ունի նոյնքան կարեւոր արժէքներ, յաջողութիւններ եւ միութիւններ:
Դժբախտաբար քիչ չէ թիւը այն ծնողներուն, որոնք ստորակայութեան բարդոյթէ մղուած կամ ապագայի ինչ-ինչ հեռանկարներէ շլացած` իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն օտար շրջանակներ: Իսկ որո՞ւ ծանօթ չէ անխոհեմ այդ քայլին հետեւանքները: Օտար վարժարաններու եւ միութիւններու մէջ հասակ առնող մանուկները կը դարբնուին օտար շունչով, աստիճանաբար կ’անջատուին իրենց արմատներէն եւ օրին մէկն ալ կ’այլասերին ու կը կորսնցնեն իրենց նկարագիրը:
Ճիշդ է` հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ միութիւններու կառուցային թէ աշխատանքային պայմանները միշտ չէ, որ գոհացում կու տան բոլորին ակնկալութիւններուն, բայց ինչո՞ւ մոռնալ, որ այդ միութիւնները իրենց արտաքին երեւոյթներէն անդին` ներսը որքա՜ն մեծ եւ նուիրական գործ կը կատարեն` համաձայն իրենց կոչումին:
Կրթական, մարմնակրթական, կրօնական, ազգային-կուսակցական մեր միաւորները իրենց դիմող պատանիներուն կը ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն: Զանոնք հաղորդակից կը դարձնեն իրենց լեզուին, պատմութեան, արժէքներուն եւ արժանիքներուն: Ազգային հպարտութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումը կը սերմանեն անոնց մէջ:
Հայկական մթնոլորտի մէջ հայ մանուկը կը սորվի հայեցի ապրումներով զգալ ու մտածել, հայու ջիղերով ապրիլ իր առօրեան: Ան հարազատօրէն կը կրէ հայու ոգին, որ շարժիչ զօրութիւնն է մեր ժողովուրդի հաւաքական ապրումներուն, մտածումներուն եւ ձգտումներուն: Այն ոգին, որուն շնորհիւ ան կը դիմագրաւէ իր հայեցիութեան սպառնացող վտանգները եւ զերծ կը մնայ իր միջավայրի խորթ ազդեցութիւններէն:
Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները նկարագիրի կազմութեան կարեւորագոյն փուլերն են: Այդ փուլերուն պատանիները կապկող եւ հետեւող են. զանոնք դիւրութեամբ կարելի է կրթել եւ հիմը դնել անոնց ապագայ նկարագիրին, եթէ… եթէ ծնողներ իրենց խիղճին գերագոյն պարտքը նկատեն վստահիլ հայկական վարժարաններուն եւ միութիւններուն:
Իսկ ինչո՞ւ չվստահիլ:
Գէթ չփորձե՛լ անգամ մը: