ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ) – ԳԱՆՁԱՍԱՐ
Միշտ ըսած եմ ու հիմա ալ կը կրկնեմ.- վերցուցէ՛ք հայկական դպրոցները մեր գաղութէն, գաղութը լրիւ կ՛անշքանայ, կը կորսնցնէ իր բովանդակ հմայքը։ Մշակութային, մարզական կամ գաղափարախօսական մեր բոլո՜ր միութիւնները, եկեղեցին ու միւսները, իրենց բազմադիմի գործունէութեամբ, չե՛ն կրնար կատարել այն սքանչելի ու անգնահատելի ծառայութիւնը, զոր Հայ Դպրոցը կը կատարէ ինքնաբերաբար, առանց փողի ու թմբուկի, առանց սնամէջ լոզունգներու։
Հայ դպրոցը կը շաղէ ու կը կոփէ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ։
Հալէպահայ գաղութին ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ հայկական վարժարաններն են։
Բայց…հիւանդ են մեր դպրոցները։ Վատոյժ են։ Նախ ախտաճանաչումի, ապա մասնաւոր դարմանումի եւ կազդուրման կը կարօտին։
Սուրիոյ պատերազմը լախտի ծանր հարուածով մը զգետնեց մեր վարժարանները։ Ամբողջ սփիւռքի ու Հայաստանի նախանձը շարժող մեր երբեմնի փառաւոր ու պատմական դպրոցները յանկարծ խեղճացան, կծկուեցան, անշքացան, կորսնցուցին իրենց նիւթական ու բարոյական յենարանները։
Վերականգնումի փորձեր եղա՛ն անշուշտ, դեռ ալ պիտի ըլլան։ Սակայն ԱՀԱՒՈՐ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ իր ճիրաններուն մէջ առած է հալէպահայ դպրոցները ու զանոնք կը մաշեցնէ օրէ- օր, տարուէ- տարի։
Կ՛ակնարկենք հայկական դպրոցներու ՀԱՅԵՑԻ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ԱՂԱՐՏՈՒՄԻՆ, վարժարաններէն ներս՝ հայկական շունչի հետզհետէ չքացումին, անհետացումին։
Ուրախ ենք, որ քաղաքիս «Գանձասար» շաբաթաթերթը իր վերջին թիւով (Սեպտեմբեր Ա.) մատը կը դնէ այս ցաւոտ վէրքին վրայ ու կը կատարէ դիպուկ մատնանշումներ։
Նախ տեսնենք, թէ ի՞նչ կը գրէ թերթը իր «Խմբագրական»ին մէջ։
«Գանձասար» կը յիշեցնէ, որ պատերազմի բերումով մեր դպրոցները լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացին շարունակ ու երբեմն չյաջողեցան յաղթահարել այդ դժուարութիւնները՝ «համապատասխան ծրագրաւորումի եւ աշխատանքի բացակայութեան հետեւանքով»։
Թերթը կը կատարէ հետեւեալ մատնանշումները.
ա) «Գաղթի բերումով, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կտրուկ անկում արձանագրեց, անկում արձանագրեց նաեւ փորձառու կրթական մշակներուն, յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն թիւը։ Կարիքներուն համաձայն՝ նորեր ալ չպատրաստուեցան…։ Մենք մեր իւղով տապկուելու քաղաքականութիւն մը վարեցինք, որ ժամանակավրէպ սկսաւ դառնալ»։
Բ) «Կարգ մը վարժարաններ աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու համար իրենց դռները բացին նաեւ օտար աշակերտներու դիմաց, առանց նկատի առնելու այդ քայլին բացասական հետեւանքները՝ ընկերային, դաստիարակչական հարցեր, հայախօսութեան անկում, հայերէնի դասապահերուն հանդէպ անտարբերութեան աճ եւ այլն»։
Գ) «Ներկայիս կարգ մը դպրոցներու օտար աշակերտներուն թիւը կը գերազանցէ հայերունը։ Ոմանք պիտի արդարացնեն այս արարքը, դիտել տալով, որ դպրոց պահելու համար պետական պայմաններուն համապատասխան աշակերտութեան թիւ պէտք է ունենալ։ Հայ դպրոցը չի կրնար կաշկանդուիլ սոսկ պետական ծրագրին կամ օրէնքներուն գործադրութեամբ։ Հայ աշակերտին կազմաւորումը աւելի՛ն կը պահանջէ»։
Դ) «Թող այլամերժութիւն չթուի հայեցի մթնոլորտի պահպանման մեր պնդումը»։
Վերոնշեալ նկատումներէն ետք, թերթը կը յանձնարարէ չյուսահատիլ, այլ՝ ծրագրաւորել ու դէպի յառաջ նայիլ։ «Թիւի նօսրացումը երբեմն կը նպաստէ որակի բարելաւման։ Նուազ թիւով դասարանները իտէալական կրնան ըլլալ, մեծաթիւ ուսուցիչներու ալ չեն կարօտիր», կը գրէ թերթը իրաւամբ։
Այս շահեկան Խմբագրականը, իր երկրորդ մասով կ՛անդրադառնայ քաղաքիս Հայագիտական Հիմնարկի բարերար դերին, ամէնէն վերջն ալ կը պահանջէ որ «հայերէնաւանդ ուսուցիչը վարձատրուի այնքան, որ ան արժանապատիւ կեանք ապրի եւ կարիք չունենայ երկրորդական աշխատանք որոնելու…»։
Յաջորդական գրառումներով՝ պիտի ջանանք լուսարձակ բանալ «Գանձասար»ի մէջ արծարծուած այս խիստ էական ու ճակատագրական հարցերուն վրայ, որոնք կը տանջեն մեր խիղճը եւ որոնք կը կարօտին սրտբաց պարզաբանումներու։