«Գանձասար»-ի մէջ Շաղիկ Սրուրեան կը գրէ, թէ Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, երեքշաբթի, 10 յուլիս 2018-ի երեկոյեան, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչ ու հայոց պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուին` «Արամ Մանուկեան. Նամականի» հատորին շնորհահանդէսը` պատուոյ ներկայութեամբ եւ մատուցումով հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:
Պատմաբանը ժողովածուն կազմած է` հաւաքելով Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն Արամ Մանուկեանի եւ անոր ուղղուած մեծ մասամբ անյայտ նամակները` գրուած 1904-1915 թուականներուն:
Հանդիսականները շնորհահանդէսի բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով անկախութեան կերտումի ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան: Գեղարուեստական բաժինը կ’ընդգրկէր ասմունք` «Արամեան», կատարողութեամբ քերթուածի հեղինակ Յուշիկ Ղազարեանի: Մեներգ` «Քանքարաւոր ընկեր», կատարողութեամբ Մարիա Չիչեանի:
Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան ներկայացուց հատորի խմբագիրին կենսագրականը, ապա պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան հրաւիրուեցաւ բեմ` ներկայացնելու հատորը:
Փամպուքեան ողջունելով ներկաները պարտք զգաց յարգանքի տուրք մատուցել հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան, որ վեց տարիներու ընթացքին դիմագրաւեց ահռելի դժուարութիւններ եւ տուաւ նահատակներ:
Փամպուքեան յայտնեց, որ ժողովածուն կ’ամփոփէ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի աւելի քան տասը տարիներու վրայ երկարող (1904-1915) նամակները, նամակներ, որոնք լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին: Պրպտումներ կատարուած են հիմնականօրէն ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներուն մէջ: Նամակներուն մէջ արձանագրուած վկայութիւնները անկեղծ եւ հարազատ ձեւով կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայութեան հետ կապուած դէպքերն ու դէմքերը:
Անդրադառնալով Արամի անձնաւորութեան` Փամպուքեան ըսաւ, թէ Մանուկեան պատմութեան մէջ առաւելաբար ծանօթ է Վանի ինքնապաշտպանութեան իբրեւ ղեկավար, իբրեւ հայկական բոլոր ուժերը միաւորող, բռունցք կազմող ղեկավար, որ կը պայքարէր պաշտպանելու Վանը եւ փրկելու Վասպուրականի հայութիւնը թուրքերուն հայաջինջ ծրագիրներէն: Ան իր զինուորական եւ կազմակերպական յատուկ տաղանդին շնորհիւ պիտի յաջողէր այս գործին մէջ:
Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանին` այս գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնելուն համար, դիտել տալով, որ տպագրութիւնը բարձրորակ է, իսկ գիրքը ինքնին իբրեւ սկզբնաղբիւր կրնայ ծառայել գիտաշխատողներուն եւ պատմաբաններուն:
Ապա Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքը արտասանելով բարձրօրէն գնահատեց Երուանդ Փամպուքեանի վաստակն ու մասնագիտական որակը:
Տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը` մասնակցութեամբ հատորի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանի, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Եիւզպաշեանի եւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի:
Աւարտին գիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան ներկաներուն. հասոյթը, հեղինակին փափաքին համաձայն, յատկացուեցաւ Հայ դատի ֆոնտին: