Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Որքան յուզիչ եւ հրապուրող է Հայաստանը, երբ Երեւանի լուսաւոր փողոցներու սրճարանները կը հանգչիք եւ իրապէս համով պաղպաղակ կը ճաշակէք, այգիներու մէջ թաքնուած պերճ ճաշարաններուն մէջ «Փանթակրուէլ»-եան յորդող սեղաններու շուրջ կը հաւաքուիք ընկեր-բարեկամներով, եւ ուտողը որքան որ ալ տոկուն ըլլայ, սեղանները բրգացած կը մնան ձեռք չդպած սկուտեղներու վրայ մնացած համադամներով, որոնցմով բազմաթիւ ընտանիքներ խրախճանք կրնան կազմակերպել: Չտեսի մսխում:
Այս Երեւանն է դասակարգի մը եւ ցուցամոլիկ զբօսաշրջիկներու, կամ` տպաւորիչ խորհրդաժողովներու «ի՜նչ լաւ ժամանակ անցուցինք»-ի անդիմագիծ ամբոխի, դրսեցի թէ տեղացի: Քաղաք մը, որուն կեդրոնը կը նմանի եւրոպական կամ ամերիկեան զբօսաշրջիկ ընդունելու պատրաստ տօնավաճառի:
Երբեմն պէտք է անցնիլ կարգ մը փողոցներով եւ դիտել առօրեան մարդոց, որոնք չեն գտնուիր այդ առասպելական սեղաններու շուրջ, դուրս ելլել Երեւանի կեդրոնական մասէն, հեռանալ բազմաստղանի հիւրանոցներու շրջանակէն: Հինցած-մաշած իրենց կպրապատ ըլլալը մոռցած փողոցներու մէջ յանկարծ դէմ առ դէմ կը գտնուիք երկաթեայ մեծղի դարպասներով կամարակապ լուսաւոր առանձնատուներու, որոնք աւելի կը տխրեցնեն միւս կիսաւարտի նմանող կամ մաշած բնակարանները, կարծէք` տարիներէ ի վեր անբնակ մնացած ըլլային:
Պողոտաներու երկայնքին, քիչ մը ամէն տեղ, վառելանիւթի լցակայաններ կան, որոնց առջեւ ցուցանակի մը վրայ կը կարդաք` «հրավտանգ», բայց անոնք կից են բնակարաններու եւ կրպակներու` անգիտանալով «հրավտանգ»-ը: Անգիտացողները` բնակիչները եւ պետութիւնը: Զարմանալի է, որ քաղաքապետութիւն, թաղապետութիւն, ոստիկանութիւն կ’ընդունին կացութիւնը: Անդադար օրէնք մշակելու համար ժողովներ գումարող Ազգային ժողովի պատգամաւորները, որոնք կ’անցնին այդ փողոցներով, չեն կրնար չտեսնել «հրավտանգ»-ը: Այս փողոցներն ալ Երեւան են, հայաբնակ են: Այդ կրպակները բաց են առաւօտ կանուխ մինչեւ ուշ գիշեր, ընտանիքի ապրուստ ճարելու համար աշխատող այրեր եւ կիներ: Եթէ երեւակայենք «հրավտանգ»-ին յաջորդող ակնթարթը… Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի կանխեն «հրավտանգ»-ը:
Նոյն պատկերները կը պարզուին, երբ քայլ մը կը հեռանաք Երեւանէն, կ’երթաք Աշտարակ, գեղեցիկ դիրքով եւ պատմական յիշողութիւններով յագեցած գիւղաքաղաքը կամ քաղաքը: Եկեղեցիի կողքին դամբան ունի բանաստեղծ մը` Գէորգ Էմին, պողոտայի եզրին կաթողիկոսի արձան կայ, Ներսէս Աշտարակեցի: Բանասիրական աւարտած երիտասարդը, մոռցուող նահապետական ընտանիքի պատկեր ժառանգած, կը բնակի հոն, մանկապարտէզի ուսուցչուհի երիտասարդ կինը, երկու մանչերը, հայրը, որ հեռու կ’աշխատի, մայրը` երաժշտանոցի մէջ քանոնահարներ կը պատրաստէ, եւ հօրը մայրը` տատիկը: Կոճղը, որ ազգ կը պահէ: Երկյարկանի տուն մը, ուր հազիւ կը պատսպարուին, այգին` ուրկէ բանջարեղէն եւ միրգ կը ստանան: Երեսնականներէն մնացած բնակարանը աւերակ է, գրեթէ, բայց զայն թարմացնելու եւ արդիական պայմաններով օժտելու համար այդ ընտանիքը միջոցներ չունի, ինչպէ՞ս կրնայ գոյացնել քանի մը հազար տոլարը:
Ինչպէ՞ս ունենալ միջոցներ, երբ բազմաթիւ համալսարաններէն մէկուն հայ գրականութեան ուսուցիչը ամսական կը ստանայ երկու հարիւր յիսուն տոլար: Աստուա՛ծ մի արասցէ, եթէ տատիկը մահանայ, այդ գումարը պիտի բաւէ՞ արժանապատուութեան համար անհրաժեշտ համարուող հոգեհացին:
Աշտարակի մէջ եւ շուրջ արագ պտոյտ մը կրկին պիտի պարզէ աներեւակայելի տարբերութիւններ շքեղ ապարանքանման բնակարաններու եւ հինցած ու կիսափլատակ տուներու միջեւ: Եւ ըսել, որ երկիրը խորհրդային հաւասարութեան դրախտն էր: Ինչպէ՞ս ծնունդ առին այսքա՜ն անըմբռնելի եւ անբացատրելի տարբերութիւններ: Տարրական ողջմտութիւնը պիտի ըսէ, որ ճակտի քրտինքով խանայողութիւնները չեն կրնար յառաջացուցած ըլլալ զանոնք:
Աշտարակի մէջ կը վաճառուին հին բնակարաններ, նոր կառուցուածներ, կիսով կառուցուածներ: Տէրերը Հայաստան չեն գտնուիր, կամ կը պատրաստուին մեկնելու: Առանձին կին մը կը սպասէ, որ տունը վաճառուի, որպէսզի Ռուսիա մեկնի, ուր գացած են ընտանիքի անդամները: Ինք իր ապրուստը ճարելու համար ուրիշներու այգին մաքրած էր, մոլախոտերը քաշած, ափերուն մէջ ջուր լեցուած էր: «Ի՜նչ լաւ ժամանակ անցուցինք»-ի եւ խորհրդաժողովներու ականաւոր մասնակիցները այս երեւոյթները չեն տեսներ, իրենց ձայնը չեն միացներ բողոքի լուռ ալիքին:
Այժմ վաճառուած է մարզամշակութային համալիրը անյայտ անունով անձի: Նոյնիսկ հեռատեսիլէն բուռն բողոքներ կը լսուին` առանց ձեռնոցներ դնելու: Մտահոգութիւն կայ նաեւ անոր համար, որ մարզամշակութային համալիրը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի հարիւր հեկտարի քսանին վրայ: Զոհերու յիշատակը յարգելէ եւ յուշարձանին առջեւ խոնարհելէ ետք մարդիկ համալի՞ր պիտի երթան զբօսնելու…
Տեղ մը բան մը սխալ է:
Ազգային արժէքները եւ իրաւունքները բիզնես չեն: Իրաւո՛ւնք են:
Երբ ժողովուրդի մը առհաւական զգացումները եւ եսը կ’արհամարհուին, նոյն այդ ժողովուրդը իր ցասումը արտայայտելու համար ոտքի կ’ելլէ…
Այս բոլոր երեւոյթներուն ի լուր եւ ի տես` մանր շահախնդրութիւններով ձեռնածալ մնալը մեղսակցութիւն է:
Հայրենասէրը աչքի խտիղ պատճառող ծիածանային գոյներէն անդին նայելու քաջութիւն, իմաստութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք իրապէս վերականգնին:
Զբօսաշրջիկ զգացական հայրենասէրներն ալ հիւրանոցներու սրճարաններէն հեռանալով` առանց աչքի կապանքի պէտք է դիտեն իրականութիւնները… Ա՛յս ալ մշակոյթ կ’ենթադրէ:
23 օգոստոս 2015, Երեւան