Հաղորդագրութիւն Թիւ 15
Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նոիրուած Է
169.900.000 Լ.Ո. Եւ 54.140 Ամերիկեան Տոլար
Ըմբռնելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով հասարակական կամք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ: Գիտակից ազգայիններ անցնող օրերուն իրենց սրտաբուխ օժանդակութիւնը կատարելով` ցարդ գոյացած գումարը բարձրացուցին 169.900.000 լ. ոսկիի եւ 54.140 ամերիկեան տոլարի:
Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք
Ստորեւ` նուիրատուներուն ցանկը եւ նուիրուած գումարները.
1.- Լիբանանեան ոսկիով
Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան 6.000.000 լ.ո.
Հրակ եւ Շահան Սարգիսեան 6.000.000 լ.ո.
էորգ Խաչերեան 2.000.000 լ.ո.
Հայկ Ոսկերիչեան 2.000.000 լ.ո.
Ժաք Քերթեշեան 2.000.000 լ.ո.
Յակոբ Չիլինկիրեան 500.000 լ.ո.
Լեւոն եւ Հուրի Տէր Սարգիսեան 1.000.000 լ.ո.
Յակոբ Գասապեան 1.000.000 լ.ո.
Յակոբ Լատոյեան 300.000 լ.ո.
Հանգուցեալ Մարալ Անթոյեան 500.000 լ.ո.
ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղ 350.000 լ.ո.
Վաչէ եւ Սիլվա Փափազեան 400.000 լ.ո.
«Բարիք» խումբ 500.000 լ.ո.
Կարպիս Շեքերճեան 1.500.000 լ.ո.
Յակոբ եւ Մհեր Ադամեան 3.000.000 լ.ո.
Ժորժ Անտրաուս 750.000 լ.ո.
Թուֆիք Տիանա Ապիլամաա 2.000.000 լ.ո.
Ճոն, Ճէյմս եւ Իվան Առաքելեան 1.000.000 լ.ո.
Հոփիկ Պէրպէրեան 500.000 լ.ո.
Յարութ Խաչերեան 500.000 լ.ո.
Մանօ Պազարպաշեան 500.000 լ.ո.
Flowers Anthony 500.000 լ.ո.
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան 500.000 լ.ո.
Հրաչ Պոյաճեան 500.000 լ.ո.
Միսաք Ներսէսեան 500.000 լ.ո.
Շահէ Խաչատուրեան 1.000.000 լ.ո.
Գօգօ, Հրաչ, Զաւէն Տէյիրմենճեան 1.000.000 լ.ո.
Յակոբ Էքմեքճեան 1.000.000 լ.ո.
Ռաֆֆի եւ դոկտ. Հիլտա Պայրամեան 2.000.000 լ.ո.
Հայկազ եւ Հրաչ Եարտըմեան 1.000.000 լ.ո.
Ազգային մը 100.000 լ.ո.
ՄԵՆԶԱ խնայողութեան եւ վարկի համագործակցական միութիւն 1.000.000 լ.ո .Էյպեզի հայրենակցական միութիւն 500.000 լ.ո.
Աւետիս Գումրուեան 250.000 լ.ո.
2.- Ամերիկեան տոլարով
Մովսէս Պչաքճեան 500 $
Վահան Գասարճեան 2500 $
Հաղորդագրութիւն Թիւ 16
Շտապը Ցարդ 400 Միլիոն Լ. Ոսկի Արժողութեամբ
Օժանդակութիւն Տուած Է Հայ Համայնքին`
Անկախ Քոյր Միութիւններու Մասնակցութենէն
Շարունակելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իր աշխատանքները եւ հասնելով ժողովրդային կարիքներուն` այսու կը յայտարարենք, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը աւարտած է աշխատանքներու առաջին փուլը` 400 միլիոն լ. ոսկի արժողութեամբ օժանդակութիւն տրամադրելով հայ համայնքին: Ասիկա` անկախ քոյր միութիւններուն կողմէ Շտապի տրամադրութեան տակ դրուած ծառայութիւններէն եւ օգնութիւններէն:
Աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը հետեւեալն է.
Ա) Բաժնուած է հականեխիչ դեղերու եւ առողջապահական պիտոյքներու 4500 ծրար` 225.000.000 լ. ոսկի արժողութեամբ:
Բ) Աւարտեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու համար նախատեսուած 2100 գնումի կտրօնի բաշխումը` 157.000.000 լ. ոսկի արժողութեամբ:
Գ) Բաշխուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Շտապին տրամադրութեան տակ դրուած սննդեղէնի 1000 տուփեր:
Դ) Հեռակայ շրջաններու մէջ գտնուող հայորդիներու բաժնուած է 240 ծրար` 18.000.000 լ. ոսկի արժողութեամբ:
Ե) «Աղբալեան» կեդրոնին եւ «Ազատամարտ» ակումբին մէջ հաստատուած դարմանատուներուն կողքին, քանի մը օրէն կը վերաբացուի նաեւ Ֆանարի Լէյլաւան շրջանի դարմանատունը:
Զ) Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կը շարունակէ շաբաթական 2 օրերու դրութեամբ 450 ծերերու տրամադրել տաք ճաշ:
Է) Խիստ կարիքաւոր պարագաներու կը տրամադրուի դեղորայք:
Ը) Արագածի, Մարաշի, Կիլիկիայի, Արաքսի, Ռաուտայի, Լէյլաւանի, Այնճարի, Զահլէի շրջաններուն մէջ կատարուեցան նաեւ առանձին նախաձեռնութիւններ` տօնական օրերուն առիթով:
Աշխատանքը պիտի շարունակուի միասնաբա՛ր` բոլորին հասնելու հաստատ վճռակամութեամբ: