Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով երէկ` ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգիչներ Գոհար Յովհաննիսեանի, Ռուբէն Սասունցիի եւ Աղասի Իսպիրեանի:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Վարդան Ազնաւուրեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:
Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը վարչութեան գործունէութեան նոր տարեշրջանի առաջինն է, նաեւ կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին: Ազնաւուրեան հաստատեց, որ ազգագրական եւ ազգային երգերը միշտ եղած են հոգեհարազատ եւ լաւագոյնս կ՛արտացոլեն մեր մշակոյթը, նաեւ կ՛ամրապնդեն հայրենիքի հետ կապը:
Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան ազգագրական եւ ազգային երգերով ջերմացուցին իրաւ արուեստի ծարաւ մեր հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ: Յաջորդաբար հնչեցին
«Հասնինք Սասուն», «Կռունկ», «Մըյրօ», «Դարեր առաջ», «Հայ ֆիտայիներ», «Սասնայ աղջիկ», «Գնաք հայեր», «Ասմար աղջիկ», «Հայ ֆիտայիք», «Շուշի», «Արդեօք ովքե՞ր են», «Հայեր միացէ՛ք»,
«Գինի լից», «Հայ ծնուել ենք» եւ այլ երգեր:
Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»: