ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ քըլ Լըպնեն» ռատիոկայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ահտաս ֆի հատիս» յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը գտնուի փլուզուած վիճակի մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական, «հետեւաբար կարելի չէ լիբանանցիները հանգստացնող յայտարարութիւններ կատարել եւ անոնց մտահոգութիւնները փարատել», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ փոխադարձ ցեխարձակումներն ու վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները մեղմացնել, որպէսզի քաղաքացին յաւելեալ ճնշումի չենթարկուի:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ Կազայի պատերազմը, հարաւային Լիբանանի վտանգը եւ նախագահական դատարկութեան փուլը չըլլան, Լիբանան փլուզումի մէջ է, եւ ոչինչ կարելի է ընել ժողովուրդին մտահոգութիւնները փարատելու համար:
Անդրադառնալով արտաքին աշխարհին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ արտաքին աշխարհին հետաքրքրութիւնը կը համապատասխանէ անոր սեփական շահերուն եւ քաղաքականութեան:
«Ներկայիս առաջնահերթութիւն կը նկատուի Կազայի պատերազմին կասեցումը, ապա հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումներու ընդարձակման կանխարգիլումը, եւ վերջապէս` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը հարաւային Լիբանանի դէպքերէն անջատելը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը ոչ միայն նախագահական դատարկութեան փուլի մէջ է, այլեւ` ընդհանուր դատարկութեան փուլի մէջ: Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց մայիսին տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն` ընդգծելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարելու իմաստով նախապատրաստական ոչ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի:
«Երկիրը ընդհանուր դատարկութեան մատնուած է, իսկ լիբանանցին օտար պետութիւններուն հետաքրքրութեան կը սպասէ», աւելցուց ան:
Կազայի պատերազմական իրավիճակէն անկախ Լիբանանի մէջ համախմբուելու եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները տակաւին պէտք եղած հասունութեան չեն հասած: «Պէտք էր առիթը օգտագործել եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել, Եմէնի պատերազմին ընթացքին կրցանք ծովային սահմանագծումը յաջողցնել, սակայն ներկայիս նախագահի ընտրութիւնը դժուար է, որովհետեւ երկրին մէջ ուղղահայեաց երկփեղկումը խոր է. այնքան խոր, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ներքին միասնականութիւնը նոյնիսկ կարելի չէ ապահովել, եթէ Աստուած մի արասցէ պատերազմ սկսի: Հակառակ Դիմադրութեան ցուցաբերած ինքնազսպումին, Իսրայէլ նոյն մօտեցումը չունի եւ կրնայ անմիտ քայլով մը պատերազմ սանձազերծել Լիբանանի դէմ: Նաեւ բոլորս գիտենք, որ Իսրայէլ պատերազմ շղթայազերծելու պատրուակի կարիք չունի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Իսրայէլի զօրութեան առասպելը փշրուած է, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան հասարակութեան կողմէ պատերազմ չհանդուրժելու առասպել գոյութիւն չունի այլեւս: «Իսկ ամերիկացիներուն համար Իսրայէլը կարեւոր է եւ ոչ թէ Լիբանանը, հետեւաբար եթէ անոնք կը ջանան հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի բախումներուն ընդարձակումը զսպել, ապա անիկա կը կատարեն երաշխաւորելու համար Իսրայէլի ապահովութիւնն ու իսրայէլացիներուն անվտանգութիւնը», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը, որ կը հաստատէ, որ Կազայի մէջ պատերազմը կասեցնելէ առաջ կարելի չէ այդ հարցերուն մասին խօսիլ, ողջունելի է:
Ան նշեց, որ Դիմադրութիւնը պատերազմ չէ սկսած Իսրայէլի դէմ, ընդհակառակն` Իսրայէլն է, որ պատերազմը սանձազերծած եւ բռնագրաւած է լիբանանեան հողերը, հետեւաբար Դիմադրութիւնը իրաւունք ունի պաշտպանելու երկիրը: «Ի վերջոյ բոլորս կը դիմադրենք, իւրաքանչիւրը` իր մարզին մէջ, որովհետեւ երկրին մէջ Դիմադրութեան գաղափարը ընդունուած է», աւելցուց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանան ներքին իմաստով ամուր մնայ եւ ազգային միասնականութիւնը անխախտ պահէ` դիմակայել կարենալու աւելի ընդարձակ զինուորական մագլցումները:
Երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, որ Իսրայէլի հետ մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցող միջազգային պատուիրակները ի՞նչ լուծման կրնան յանգիլ, «եւ եթէ նկատի ունենանք զոյգ պետութիւններու լուծումը, ապա մենք պաղեստինեան ի՞նչ պետութեան մասին կը խօսինք, երբ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործուի, անոնց հողերը կ՛իւրացուին», նշեց ան:
Նախագահական ընտրութեան առումով ֆրանսացի պատուիրակին Լիբանան վերադարձին եւ անոր առաքելութեան յաջողութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցած էի` Քաթար կատարած անոր հովուապետական այցելութեան ընթացքին: Այդ այցելութեան շրջագիծին մէջ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցանք Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտիւլ Ռահման պըն Ճասեմ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումին լոյսին տակ յստակօրէն շօշափելի դարձաւ, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մօտ տարակարծութիւն կայ` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցով: Նաեւ յստակ դարձաւ, որ Քաթար հնգեակէն կը պահանջէ աւելի լուրջ եւ վճռական որոշում տալ` Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու առումով: Քաթարի վարչապետը հաստատեց, որ Տոհա յստակ թեկնածուի մը չի զօրակցիր:
Ներկայիս կայ այլ նորութիւն մը, որուն լոյսին տակ ֆրանսացի պատուիրակը պիտի այցելէ Տոհա, Ռիատ եւ Գահիրէ, իսկ միջազգային հնգեակին ներկայացուցչութեան մակարդակը պիտի բարձրանայ», նշեց ան` մաղթելով, որ լիբանանցիները ընդառաջեն այս ջանքերուն:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆերնժիէն նախագահ ընտրելու մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով`, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ֆրենժիէի ընտրութիւնը մերժելու Պասիլի կեցուածքը նորութիւն չէ, սակայն ան բազմիցս ակնարկած է Ֆրենժիէն ընտրելու կարելիութեան, պայմանով որ վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութիւնը վաւերացուի»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ հարցը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը չէ միայն: «Համաձայնութիւնը կամայ թէ ակամայ պիտի գոյանայ, եւ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք արմատական լուծման կարիք ունին», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ի վերջոյ երկրին մէջ բազմաթիւ հարցեր կան, եւ հանրապետութեան նախագահ մը պէտք է ընտրել, ինչպէս նաեւ նշանակել վարչապետ մը, կազմել կառավարութիւն` որոշելով կառավարութեան ձեւը, աշխատիլ բարեփոխելու ընտրական օրէնքը, ստեղծել լիբանանեան Ծերակոյտը, ինչպէս նաեւ գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը:
Տիրող ներկայ կացութեան մէջ դրական կէտերու եւ երեւոյթներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կարելի չէ լաւատեսութիւն տարածել, երբ կացութիւնը վտանգաւոր է: «Իսկ պէտք է անդրադառնալ, որ հանրապետութեան նախագահ չըլլալուն առումով ցուցաբերուած ընտելացումը վտանգաւոր է եւ վնաս կը հասցնէ համակեցութեան ու ազգային համերաշխութեան:
Կառավարութեան գործելակերպին մասին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ սահմանադրական առումով ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը շրջանցած է իր իրաւասութիւնները:
«Այս իմաստով կ՛արժէ յիշեցնել, որ Միքաթի խորհրդարանին մէջ խոստացաւ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրել այն ժամանակ միայն, երբ շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ հարց մը ըլլայ քննարկելու, եւ անշուշտ կառավարութիւնը նիստի կը հրաւիրուի նախարարաց խորհուրդը կազմած քաղաքական ուժերուն հետ համաձայնելէ ետք: «Սակայն Միքաթի իր զոյգ խոստումներուն յանձնառու չմնաց. ո՛չ քաղաքական ուժերուն հետ համաձայնեցաւ եւ ո՛չ ալ միայն անհրաժեշտ թղթածրարներու պարագային կառավարութիւնը նիստի հրաւիրեց», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է իրենց հայեացքը սեւեռեն ապագային եւ վերջ տան ժողովրդահաճոյ ելոյթներուն, այլ` դրական կեցուածքներով մերձեցում կատարեն եւ համաձայնին երկրին հարցերը լուծելու շուրջ:
ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին եւ դաշինքներուն վերաբերեալ հարցումի մը մասին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ի մասին ծանօթ է, որ ան կայուն դաշինքներ ունի: «2005-էն ի վեր մենք Ազգային ազատ հոսանքին դաշնակիցն ենք, սակայն ունինք մեր ուրոյն եւ անկախ կեցուածքները, եւ այս սկզբունքին մասին օրին համաձայնած էինք զօր. Միշել Աունի հետ, երբ ինք կը նախագահէր Ազգային ազատ հոսանքն ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը: Ապա նոյն համաձայնութիւնը գոյացաւ նաեւ Պասիլի հետ, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի իր ինքնուրոյն որոշումները, կեցուածքներն ու տեսակէտները, որոնք երբեմն տարբեր կ՛ըլլան Ազգային ազատ հոսանքին կեցուածքներէն, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան եղանակէն: Մեզի համար յստակ է այն իրականութիւնը, որ մենք Ազգային ազատ հոսանք չենք, եւ իրենք Դաշնակցութիւն չեն», շեշտեց ան:
Թէ ո՞ր թեկնածուին կը զօրակցի ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, Յ. Բագրատունի վերահաստատեց. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ, որ հանրապետութեան նոր նախագահը 65 քուէով նախագահ ընտրուի: Կը զօրակցինք այն նախագահին, որ խորհրդարանի քուէներուն մեծամասնութեան կ՛արժանանայ»:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, որ արաբական երկիրներուն մէջ միակ քրիստոնեայ նախագահն է եւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն երաշխիքը, նուազագոյնը պէտք է արժանանայ քրիստոնեայ երեսփոխաններու մեծամասնութեան քուէներուն:
2024-ի պետական ամավարկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան մշակած պետական ամավարկի նախագիծը լիբանանցի քաղաքացիին վրայ կը բեռցնէ ամավարկին ամբողջ բացը եւ անոր կը վստահի կառավարութեան աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը:
«Պետական ամավարկը լրջօրէն պիտի քննարկուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, իսկ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի մերժէ նոր պարտադրուելիք տուրքերը: Կարելի չէ լիբանանցի քաղաքացին պատասխանատու նկատել պետական ամավարկի ֆինանսաւորումին: Կառավարութիւնը ստիպուած է նիւթական այլ աղբիւրներ գտնել` ֆինանսաւորելու համար ամավարկը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ոչ միայն անհրաժեշտ նկատեց աշխատավարձերու յաւելումները, այլեւ` պահանջեց յստակացնել աշխատավարձերը` յայտնելով, որ երկար ժամանակէ ի վեր պաշտօնեաները աշխատավարձերուն կողքին կը ստանան նաեւ ընկերային օժանդակութիւններ, «ուրեմն հանգստեան կոչուելու հատուցումը ի՞նչ աշխատավարձի հիման վրայ կ՛ըլլայ», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ լիբանանցի աշխատաւորները կը գտնուին ցաւալի վիճակի մէջ` գործուած անարդարութեան պատճառով, միաժամանակ շեշտելով, որ պէտք է լուծում գտնել տիրող այս կացութեան:
«Անշուշտ այս բոլորին լուծումը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ եւ ապա պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորելով: Լիբանանցին այսօր ունի այն ներուժը, որ յոյսով առաջնորդուի, եւ իբրեւ այդպիսին սկսած է նշմարել ցուցանիշները», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: