ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յառաջացնէ համաշխարհային ներկայ պայմաններուն նկատառումով խոհեր, որոնք քաղաքական ընկալումով անպայման պէտք է պայմանաւորուին ժամանակակից գործընթացներով:
Աշխարհը, կը թուի, թէ թեւակոխած է համաճարակներու պատճառով ստեղծուող իրավիճակային փուլ: Կենսոլորտային հարցերը, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական, ճարտարարուեստական նորարարութիւնները, ուժանիւթի գործարկման նոր եղանակները եւ կենսա-արհեստագիտութիւնը յայտնաբար տեղի կու տան նոր վարակներու ստեղծման, ծնունդին: Եւ որովհետեւ անվերջ են այս գործընթացները, անվերջ պիտի ըլլայ նաեւ, ըստ միտումի, վերափոխումը: Այս պարագային` բացասական իմաստով:
Տեսականօրէն կայ այլ գործընթաց մը եւս: Վարակներու վերափոխումները կամ ծնունդները ընդհանրապէս կրնան նաեւ ունենալ սարքովի բնոյթ, ի տարբերութիւն վերը նշուած այսօրուան միջամտութիւններուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուող վարակներու տեսութեան: Այս արդէն կենսաբանական պատերազմի մասին է, որ կու գայ աւելնալու արհեստական բանականութեամբ, քիմիական եւ հեռակառավարուող պատերազմներու տեսակներուն վրայ:
Անվտանգային ռազմավարութիւններուն մէջ կենսաբանական ոլորտը արդէն իսկ սկսած է ստանալ առաջնային նշանակութիւն: Տարբեր պետութիւններու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներուն մէջ կը ներառուին այս ոլորտներու փորձագէտները` կանխելու, տարածման կշռոյթները չէզոքացնելու կամ` ի պահանջել հարկին, նախաձեռնելու գործառոյթներու իրականացման համակարգերը ղեկավարելու նպատակով:
Նման վարակներու պատուաստանիւթի գիւտը կրնայ որոշիչ դեր ունենալ համավարակի պատճառով փլուզուած տնտեսութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ: Այստեղ արդէն երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ տուեալ երկրին ծովային սահման ունենալը կամ ընդհանրապէս ցամաքային սահմաններուն շրջափակուած ըլլալը: Խօսքը գիտելիքահենք տնտեսական ռազմավարութեան մասին է` մեծ հաշուով, որ, եթէ առաւելաբար կը բնորոշուէր իբրեւ հեռակառավարուող եւ արհեստական բանականութեամբ օժտուած համակարգով, այս պարագային` համամարդկային նշանակութիւն ունեցող գիտական յայտնութեամբ: Գիւտ, որ ոչ միայն կը փրկէ կեանքներ, այլ նաեւ կ՛ապասառեցնէ կաթուածահար կացութեան մատնուած տնտեսութիւններ` համաշխարհային մակարդակով:
Կենսաբանական գիտելիքներու մէջ գերազանց մակարդակով յատկանշուած մասնագէտներու հաւաքագրման մրցապայքարը պիտի ստանայ համաշխարհային բնոյթ: Մրցավազքը շեշտակիօրէն կը վերաբերի իւրաքանչիւր համավարակի դէմ առնուած միջոցներու ձեռքբերման: Իսկ կենսաբանական համաշխարհային քարտէսին վրայ Հայաստանը իր անկախ տեղը պիտի գրաւէ:
Ոչ միայն գիտական ասպարէզին մէջ, այլ նաեւ գիւղատնտեսական առումով պարարտ ենթահող ունի մեր երկիրը: Այս երկու ուղղութիւններու զարգացումը բարենպաստ արդիւնքներ կ՛ապահովէ մեր երկրին: Ապագայագիտութիւնը կ՛արծարծէ ջրային շտեմարաններու, գիւղատնտեսութեան եւ հակավարակային պայքարի ռազմավարութեան վերաբերող խնդիրներ:
Ազրպէյճանի նաւթային հանքերը չեն ներկայացներ նախկին արժէքը: Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները աշխարհագրական նախկին կարեւորութիւնը չեն վերապահեր Թուրքիոյ: Ներկայ պայմաններուն մէջ չ՛աշխատիր նաեւ թուրքեւազրպէյճանական «մէկ ազգ-երկու պետութիւն» բանաձեւը: Այս պայմաններուն մէջ Երեւանը հետզհետէ կը միանայ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ձեւաւորուող ռազմավարական նոր առանցքներու, որոնք յամենայնդէպս կանխարգելիչ գօտիներ են թրքական յառաջխաղացքին:
Տարածաշրջանային վերագծուող քարտէսներու վրայ թէ հետագայ միտումներու նկատառումով նոր աշխարհակարգին մէջ դեր վերցնելու նախադրեալներով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ հայկական աշխարհի ցանցային դրուածքը լիարժէք օգտագործելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած է:
21-րդ դարու համաշխարհային գործընթացները կրնան բարենպաստ իրավիճակներ ստեղծել հայութեան եւ մեր երկրին համար: Անհրաժեշտ է, որ բանի ազգային արժեհամակարգի բոլոր բաղադրիչները իւրացուցած եւ հայկական համաշխարհային ցանցը նպատակաուղղուած գործարկող հայոց պետականութիւնը: