ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Զարմանալի է, որ ժամանակակից արհեստագիտութեան մեր դարուն եւ ելեկտրոնային սարքերու միջոցով բոլորին տրամադրութեան տակ եղած տեղեկատւութեան յորձանուտին մէջ առաւել դժուար է, իսկ երբեմն ալ՝ անհնար, իրողութիւնը տարբերել կեղծիքէն:
Համացանցը, իւրաքանչիւր նիւթի վերաբերեալ իր անսահման հնարաւորութիւններով, կրնայ օրհնութիւն կամ անէծք ըլլալ, երբ որեւէ մէկը փորձէ պարզել այս կամ այն յօդուածի իսկութիւնը:
Հնարաւոր չէ իմանալ, արդեօք կարդացածը ճշմարիտ է թէ շինծու, եթէ ընթերցողը տուեալ նիւթին գծով մասնագէտ չէ կամ չի ստուգեր truthorfiction.com-ի կամ snopes.com-ի նման կայքեր՝ բամբասանքը իրականութենէն տարբերելու համար:
Ահա այդպիսի ապատեղեկատւութեան երկու թարմ օրինակներ, որոնք տարածուած էին համացանցի մէջ միլիոնաւոր հայերու եւ այլոց շրջանակէն ներս: Առաջին յօդուածը, իբր թէ The Moscow Times կայքէն, գրուած էր. «Ռուսիոյ նախագահը թուրք դեսպանին ըսաւ. «Ըսէք ձեր բռնակալ նախագահին, որ զայն ԻՊի ահաբեկիչներուն հետ միասին դժոխք կ՛ուղարկեմ. Սուրիան մեծ Ստալինկրատի կը վերածեմ»: Այս յօդուածը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, տեղադրուեցաւ հազարաւոր կայքերու վրայ եւ արտատպուեցաւ բազմաթիւ թերթերու մէջ:
Յղում կատարուած էր նախագահ Փութինին, որ Մոսկուայի մէջ թուրքիոյ դեսպան Ումիթ Եարդիմին իբր թէ ըսած էր, որ Ռուսիան իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ պիտի խզէ, եթէ Էրտողան անմիջապէս չդադրեցնէ իր աջակցութիւնը ԻՊի ահաբեկիչներուն՝ Սուրիոյ մէջ: Յօդուածին մէջ կը մէջբերուէր «արտահոսած տեղեկութիւն» երկու ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն, որուն ընթացքին իբրեւ թէ Փութինը Թուրքիոյ նախագահը անուանած է «կեղծաւոր» եւ սպառնացած Սուրիան վերածել «մեծ Ստալինկրատի դաշնակից Սէուտական Արաբիոյ եւ Էրտողանի համար», զոր ան համեմատած է Հիթլերի հետ:
Ես բազմաթիւ հայերէ ելեկտրոնային փոստով ստացայ այս կեղծ յօդուածի քանի մը տասնեակ պատճէնները՝ «կեցցէ Փութինը», «վերջապէս մէկը համարձակեցաւ Էրտողանը իր տեղը դնել» բացագանչութիւններով: Յոգնեցուցիչ էր բոլորին պատասխանել, որ ատիկա կեղծ լուր էր…
Ընթերցողները եւ նոյնիսկ թերթերու խմբագիրները, ըստ երեւոյթին, իրենք իրենց նեղութիւն չէին տուած ստուգելու, որ նման յօդուած չկար The Moscow Times կայքին վրայ: Նաեւ, կը թուէր, որ ոչ ոք չէր զարմացած, թէ ինչպէս կրնար ռուսական թերթը նախագահ Փութինի մականունը սխալմամբ ներկայացնել իբրեւ «Պուրին»: Ապատեղեկատուութեան երկրորդ օրինակը կը վերաբերի աշխարհահռչակ երգչուհի Պիյոնսէին, որ իբր թէ երգած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած երգ մը: «Ես այստեղ էի» երգի տեսահոլովակը, որ կը սկսի «Հայոց Ցեղասպանութիւն, 1915 Ապրիլ 24» գրութեամբ, «Եութիւպ»ի մէջ տեղադրուեցաւ Ապրիլ 24ին 2015ին, մէկու մը կողմէն՝ «Եաքոսամօ» կեղծանունով: Ապա տեսահոլովակը կը ցուցադրէ «Երբեք չմոռնալ» բառերը վառ կարմիրով, որուն կը յաջորդէին նկարներ՝ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած մարդոց: Յաջորդ չորս վայրկեաններուն պաստառին վրայ կ՛երեւին երեք զինուած թուրք զինուորներ, որոնք կը սպաննեն ամբողջ հայ ընտանիք մը եւ կ՛առեւանգեն խումբ մը երիտասարդ հայուհիներ: Տեսահոլովակը եւ երգը կ՛աւարտին կարմիր գոյնով գրուած «Ապրիլ 1915» բառերով՝ այն պահուն, երբ թուրք զինուորը ատրճանակով ուղղակի կը կրակէ հայ տղու մը գլխուն…
Հազարաւոր հայեր, հաւանաբար, խաբուած էին, կարծելով, որ Պիյոնսէի երգը իրօք նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Տեսահոլովակի յղումը շնորհակալական հարիւրաւոր մեկնաբանութիւններով տեղադրուեցաւ անթիւ ու անհամար ֆէյսպուքեան էջերու եւ «Եութիւպ»ի մէջ:
Ես միայն անցեալ շաբաթ իմացայ այս երգին մասին: Սկիզբը, քիչ մը վատ կը զգայի, որ թերթի խմբագիր ըլլալով, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նման կարեւոր երգը կը լսեմ թողարկումէն ամիսներ անց: Ստուգեցի երգին բառերը եւ շատ արագ յայտնաբերեցի, որ անիկա բացարձակապէս կապ չունի հայերու կամ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Երգչուհին անընդհատ կը կրկնէր. «Ես այստեղ էի, ես ապրեցայ, ես սիրեցի, ես այստեղ էի…»: «Հայ, Ցեղասպանութիւն կամ Թուրքիա» բառերը երգին մէջ գոյութիւն չունին…
Ես ի վերջոյ հասկցայ, որ մէկը վերցուցած էր Պիյոնսէի երգը եւ անոր աւելցուցած էր պատկերներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմէն: Ցաւօք, շատ հայեր հիացած էին, որ աշխարհահռչակ երգչուհին տեսահոլովակ թողարկած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին…
Ես կախարդական բանաձեւ չունիմ, թէ ինչպէս կարելի է զանազանել իրողութիւնը կեղծիքէն համացանցի վրայ տեղադրուած իւրաքանչիւր նիւթի համար: Հաւանաբար օգտակար ըլլայ յիշել յայտնի ամերիկեան ասացուածքը. «Եթէ բան մը անհաւատալի է իրական ըլլալու համար, ապա հաւանաբար իրական չէ…»: Ընթերցողները պէտք է թերահաւատութեան առողջ չափաբաժին ունենան, առանց ծայրայեղութիւններու մէջ մտնելու՝ չըլլալով կամ չափազանց կասկածամիտ ամէն ինչի հաւատալու կամ չափազանց դիւրահաւատ՝ կուրօրէն ընդունելու ամէն ինչ։
Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը