Համպուրկի մէջ կայացող « G-20» երկիրներու 12-րդ գերաստիճանին մեծագոյն իրադարձութիւնը անկասկած Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տոնալտ Թրամփի հանդիպումն էր:
Երկու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը նախապէս տեղի ունեցած էր հեռախօսազրյոցներու միջոցով:
Հանդիպումը սկսաւ երկու ղեկավարներուն ձեռքսեղմումով: Անոնք ընդգծեցին, թէ ուրախ են ծանօթանալու եւ հանդիպումէն կը սպասեն արդիւնաւէտութիւն: Ռուսիոյ նախագահը խօսքը Թրամփին ուղղելով ըսաւ.« Ուրախ եմ անձամբ ձեզի հանդիպելու»: Թրամփ պատասխանեց. « Պատիւ է Ձեզի հետ հանդիպիլը»:
Դռնփակ խորհրդակցութիւնները սկսան Պէյրութի ժամանակացոյցով 17.09-ին Հանդիպումին նաեւ մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը եւ երկու թարգմանիչներ: Հանդիպումը երկարեցաւ երկու ժամ եւ քսան վայրկեան:
Հանդիպումին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացուցին հարաւային Սուրիոյ մէջ: Զինադադարը ուժ մէջ պիտի մտնէ Կիրակի կէսօրին: