ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
դ – Խոշոր խնդիր մըն է եւ անհրաժեշտաբար յստակացման կը կարօտի հայեցի դաստիարակութեան ձգտումը, ուղղուածութիւնը (tendancy), ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոր բովանդակութիւնը քաղաքական ընտրանքի հարց է: Դաստիարակութիւնը քաղաքական ընտրանքէ հեռու պահելու այս կամ այն մանկավարժին կամ գաղափարա-խօսին ջանքը՝ արդէն իսկ կը մատնէ անոր քաղաքական վարքագիծը, այսինքն սերունդներու քաղաքական կազմաւորումին նկատմամբ անոր ունեցած էապէս եւ նոյնքան քաղաքական մտավախութիւնը: Ուրեմն, կրթական մարզի նախընտրութիւնները հիմնուած են քաղաքական առաջադրանքներու վրայ: Շփոթ չստեղծելու համար անմիջապէս աւելցնեմ, որ առաջարկուածը կուսակցականացում չէ…:
Այս տեսակէտէն եւ իմ պատկերացումով, սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը գլխաւոր, այլեւ դժուար ընտրանք մը ունի.- Հայ աշակերտին ներարկելու պանդուխտի, տարագիրի գիտակցութիւն եւ դասագրքերու ճամբով՝ անզգալաբար եւ անուղղակի զարգացնել այդ գիտակցութիւնը: Սխալ չհասկցուիմ: Երբ «պանդուխտ» կ’ըսեմ, գաղափարներու զուգորդութեամբ մը չեմ պատկերացներ մեր գրականութեան մէջ նկարագրուած տիպարը. հալածական, ընկճուած, օտարուած իր շրջապատէն՝ կեթթոյական կենսաձեւով: Ո՛չ, այլ այն յանձնառու եւ հպարտ պատանին, որ հարցականներ ունի, կը տագնապի իր շրջապատին ու ապրած երկրին խնդիրներով, գիտակցութիւնը ունի իր ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ հանգամանքին, եւ որ գիտէ տալ կայսեր՝` կայսրին բաժինը եւ Աստծոյն՝ Աստուծոյ բաժինը:
Տեղական կեանքին հետ համարկումը (եւ նոյնացումը ) կը կատարուի արդէն ուզենք կամ ոչ: Առաջարկուածը՝ ամբողջութեամբ անոր անձնատուր չըլլալն է, ուծացման առաջնորդող համարկումի գահավէժ ընթացքը հունաւորելու միջամտութիւն մը՝ մեր կողմէ: Այս իմաստով, կը կարծեմ որ շոգեկառքը չենք կորսնցուցած տակաւին: Գաղթօճախներու մէջ կան յուսատու կորիզներ, որոնց վրայ վերջին տարիներուն աւելցած են նաեւ պատկառելի թիւով Հայաստանէն արտագաղթողներ, որոնք պիտի կազմեն սփիւռքը թարմացնող եւ անոր նոր ներարկում տուող ատաղձը: Դժբախտաբար ցարդ անոնք տակաւին չեն ներգրաւուած ազգային կեանքին: Պատճառներու քննարկան տեղը հոս չէ :
ե – Ըսինք արդէն, անգամ մը եւս կրկնենք բազմաթիւ անգամներ կրկնուածը, թէ հայեցի դաստիարակութեան հիմնաքարը լեզուն է, ոչ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց , այլ ազգային համապատասխան մտածողութիւն ստեղծող ազդակ: Այն, ինչ որ կը բացատրուի «լեզուամտածողութիւն» բառով: Եթէ դասագրքերը իրենց բովանդակութեամբ, նիւթերով ու վարժութիւններով պիտի չստեղծեն ազգային մտածողութիւն, ապա ուրեմն հայերէնի ուսուցումը բեռ մը պիտի ըլլայ սփիւռքահայ աշակերտին համար, որ ներկայ ու հետագայ իր կեանքին մէջ պէտք չունի անոր գործածութեան: Իմ թերահաւատութիւնս բացարձակ չեմ համար, որ օտար լեզուով կարելի է ազգային գիտակցութիւն ամրացնել՝ երկար վազքի դիմացող: Յունաստանի մէջ երբ երեխան կ’ ըսէ «փաթրիտա մու» («իմ հայրենիքս») անոր չի յաջորդեր «Արմենիա»ն այլ պիտի յաջորդէ «Էլլատան»: Կրնայ պատահիլ որ տուեալ կլիմայի մը մէջ, Խանդավառութեան ալիքներու վրայ ժամանակաւորապէս ազգային գիտակցութիւն ստեղծուի օտար լեզուով, բայց երբ ժամանակին հետ խանդավառութիւնը չքանայ, կը չքանայ նաեւ ազգային գիտակցութիւնը եւ կը մնայ անդիմագիծ քաղաքացին:
Անկախ իմ այս համոզումէս, կայ սակայն չոր իրականութիւն մը: Սերունդներ զրկուած են հայկական դպրոցէ եւ հայերէն չեն գիտեր, հայերէն չեն խօսիր: Քանի մը տարի առաջ իմ պրպտումներէս յայտնի դարձաւ օրինակ, որ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին եւ լաւատես հաշիւով հայկական դպրոցներու աշակերտներու համագումար թիւը մօտաւորապէս տասը հազար է եւ այս թիւին դիմաց՝ միակ քաղաքի մը՝ Կլենտէլի մէջ նոյնքան է, այսինքն տասը հազար է օտար վարժարան յաճախող հայ աշակետներուն թիւը: Կը կարծեմ թէ համեմատական նոյն պատկերն է հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ այլ վայրերու մէջ: Նոյնիսկ մեր ամէնէն յուսատու հայագաղութին՝ Լիբանանի մէջ, մօտաւորապէս հաւասար թիւ կը ներկայացնեն հայկական ու օտար վարժարան յաճախող աշակերտները…: Այս չոր իրականութիւնը պարտադրական կը դարձնէ, որ հայագաղութները այս ուղղութեամբ կազմակերպուին եւ ծրագրեն այնպէս, որ օգտագործելով արդի արհեստագիտութեան անսահման կարելիութիւնները եւ սերունդին գործածած (անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւայլն) լեզուով մասնագիտօրէն մշակուած թեքսթերով «յարձակումներ» գործեն սերունդի բջիջայիններու եւ ե-նամակներու վրայ՝ յուսալով որ թերեւս կ’ազդեն ազգայինէն «արտագաղթած» սերունդի հոգեբանութեան վրայ եւ զայն հաղորդակից կը դարձնեն ազգի հարցերուն, նպատակներուն : Վտանգաւոր է ըսել, որ լեզուն ազգն իսկ է: «Ազգութեան« բաղադրիչներուն հիմնաքարը լեզուն է անշուշտ, բայց կարեւո է նաեւ, թէ գործածած լեզուովդ ինչ նպատակներու, յուշերու, տագնապներու, հոգերու եւ ձգտումներու եւայլնի հետ կը հաղորդակցիս: Նկատի ունիմ օրինակ Զուիցերիացի ժողովուրդին ֆրանսախօս, գերմանախօս, իտալախօս հատուածները, որոնց ձգտումներն ու նպատակները Զուիցերիա հայրենիքին համար են եւ կամ արաբախօս երկիրները, որոնք նոյն լեզուն կը գործածեն եւ նոյն կրօնքը ունին, բայց տարբեր հայրենիքներու եւ տարբեր նպատակներու կը ծառային: Առանց խորացումի, մակերեսային կերպով կատարուած այս նշումները յոյս մը կու տան, որ թերեւս հնարաւոր ճիգերով սերունդը ազգին ու ազգայինին կընմօտեցնէ…:, Լեզուն զոհ դառնալէ ետք, օտարախօս հայ սերունդներ ալ «հալալ» չընենք օտարացման երախին: