ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013թթ.) եւ մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր` հրապարակելով նշուած թեմաներով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:
Մրցոյթը կ’իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն համար`
– տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
– հեռուստաալիք/հեռուստաժամ
– ռատիօալիք/ռատիօժամ
– համացանցային լրատուամիջոց
– պլոք
Իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:
Որոնք կ’ուզեն մասնակցիլ Մրցոյթին մինչեւ 15 Փետրուար 2014-ը մրցութային յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն.
– Մասնակցութեան յայտ ,
– 2013թ. գործունէութեան ամփոփագիր:
Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց մրցոյթին կրնայ մասնակցել միայն մէկ անուանակարգի համար:
Նախորդ մրցոյթին գլխաւոր մրցանակակիրները հրաւիրուած են մասնակցելու մրցութային յանձնաժողովի աշխատանքներուն եւ մրցոյթին պիտի չմասնակցին:
Տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէներով.
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն
ՀՀ 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1
Էլ. փոստ` [email protected], [email protected]
Հեռախօս` +(374 10) 58 56 01 /109/