Երկու Խօսք
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան
Այս հատորին հիմնական բովանդակութիւնը կը կազմեն հայ ժողովուրդի անցեալի պատմական կարեւոր եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ կեանքէն ներս:
Ժողովածուն երկարամեայ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքն է, կ՜ընդգրկէ հայ ժողովուրդի տարբեր դարաշրջաններու, ԺԹ. դարավերջի եւ Ի. դարասկզբի պատմութիւնը, հիմնուելով հայ եւ օտար հեղինակներու աշխատութիւններու վրայ:
Պատմական աղբիւրներու փաստագրական տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերագնահատումները, հետեւութիւնները կամ մտայանգումները, կը միտին գտնել մեր ազգային քաղաքականութեան իրապաշտ ուղին՝ առաջնորդուելու համազգային գաղափարախօսութեամբ:
Եզրայանգումներուն գլխաւոր կիզակէտն է՝ նոր լոյս սփռել անցեալի տեսակէտներուն վրայ, պարզել մեր պատմութեան ճակատագրական երեւոյթները, զանոնք դիտելով անկողմնակալ եւ անաչառ հայեացքով:
Գիրքին նիւթերը զետեղուած են հետեւեալ խորագիրներու տակ,_
1_ «Պատմութեան Քառուղիներով»
2_ « Պատմութեան Փաստերու Վերագնահատում»
3_ « Եղեռնապատում»
4_ «Հայ եւ Օտար Ուսումնասիրողներ Հայ Դատի Մասին»
Գիրքը կը բացուի,
_ « Ձօն» Մեծ Եղեռնի զոհերուն Սուրբ յիշատակին
_ « Երկու Խօսք» ,
_ « Ներածական», Արման Կիրակոսեան, Պատմական Գիտութիւնների
Դոկտոր, Փրոֆեսոր, Վիեննա, 2 Ապրիլ, 2016
Գիրքի աւարտին զետեղուած են ՝
_ «Փոխան Վերջաբանի»
_ «Ծանօթագրութիւններ»
_ «Պատմագիտական Աղբիւրներ»
Այս աշխատանքը կը ներկայացուի իբրեւ Պահանջատիրական
իրագործում, պատշաճը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան
100-րդ տարելիցին: