Հայասպանութեան վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պաշտօնական փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան լոյսին տակ- թիւ 8
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ – 217
Բացայայտ են 1894-1896 կոտորածներուն նախորդող թուրքին սփռած սուտ տարաձայնութիւնները, որոնք կը միտէին ծրագրուած եւ գործադրուելիք ոճիրներու արդարացումը հայթայթել կամ պատճառ ծառայել անոնց: Նման տարաձայնութիւններ Օսմանեան Պետութեան մէջ կ’ամբաստանէին հայերը անհաւատարմութեամբ, թուրք եւ քիւրտ քաղաքացիներու հանդէպ անպարկեշտութեամբ եւ յաճախ իբրեւ թէ հայերէն ոմանք կ’անարգէին ու կը հայհոյէին իսլամ կրօնքին:
Երեւոյթը տարբեր չէր 1914-ին երբ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը կը պայթի: Թուրքերը իրենց ծրագրած ու կանխամտածած ոճիրները հայոց դէմ ի գործ դնելու պատրուակներ կը փնտռեն: Բոլոր սուտերու կողքին այս անգամ կ’աւելնար ռուսերուն հետ գործակցելու սուտը, որմով նոյնիսկ կովկասեան ճակատէն հեռու վայրերու մէջ ապրող հայեր, ինչպէս Կիլիկիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ կ’ամբաստանուին իբրեւ օտարի գործակալներ:
Թուրքերը իրենց նենգ ոճիրները գործելէ ետք կը դիմեն հերքումի եւ հաւկուրութեան: Անոնց յայտարարութիւնները բոլորովին սուտ ու կեղծիք են: Դժբախտաբար օտար դիւանագէտներէն ոմանք, ինչպէս գերմանացիներ եւ աւստրօ-հունգարներ կը ձայնակցին թուրքերու սուտ լուրեր տարածելու եւ կեղծիքի մէջ: Այդ դիւանագէտները իրենց երկրին շահերէն մեկնելով եւ անձնական ատելութենէ մղուած իրենց նենգութիւնը կը կիրառկէին:
Թուրքերու գործած ոճիրներուն եւ անոնց հետեւող ձաբռտուք հերքումներու մասին դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’անդրադառնայ իր տեղեկութիւնները աւստրօ-հունգարական այն ատեն գաղտնի, ներկայիս բացայայտ արխիւներէն քաղելով: Ան իր ուսումնասիրութիւնը սոյն նիւթին շուրջ կը ներկայացնէ «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագրեալ անգլերէն գիրքին ութերորդ գլուխին մէջ («Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide» «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Սոյն գիրքը ամփոփումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ’ընդգրկէ:
1914-ի ձմրան սկիզբը Գերմանիոյ դրդումով Թուրքիա նախայարձակ կ’ըլլայ եւ Սեւ Ծովու ռռւսական նաւահանգիստերը կը ռմբակոծէ: Ռուսերը պատշաճ պատասխան կու տան եւ զօրաւոր բախումներ տեղի կ’ունենան գետնի վրայ: Ռուսական բանակը արեւմտեան հատուածին մէջ կը յառաջանայ եւ թուրքերը կը նահանջեն իրենց ետին հազարներով սպանեալ ու վիրաւոր թողելով: Մօտաւորապէս 80-100 հազար թուրք զինուոր կը մեռնի: Այս ճակատի թուրք հրամանատարն էր Էնվեր փաշա, որ անձամբ ծուղակի մէջ կ’իյնայ եւ մազապուրծ մահուանէ կը փրկուի շնորհիւ հայ սպայի մը անձնուրաց օգնութեան:
Թուրքերը վերոյիշեալ պարտութեան պատճառը հայոց կը փորձեն վերագրել: Անոնք կ’ըսեն թէ մեծ թիւով հայեր կը կռուէին ռուսական բանակի կողքին: Սակայն եւ այնպէս հայերը չեն որ կը պատասխանեն այս սուտ ամբաստանութեան, այլ Կ. Պոլսոյ Աւստրօ-Հունգարիոյ դեսպանը Փալավիչինի, որ խիստ կերպով կը քննադատէ Գերմանիան ըսելով. «Իմ կարծիքովս, ամէն պարագայի տակ, որոշումը տրուեցաւ Պերլինի մէջ, առանց երկար մտածելու, որոշուեցաւ պարտադրել Թուրքիոյ որ յարձակում սկսի Ռուսիոյ վրայ եւ Ծովակալ Սուշոն պատերազմական վիճակ յայտարարեց: Արդիւնքը այն եղաւ որ Սեբաստափոլ ու կարգ մը այլ ռուսական նաւահանգիստներ ռմբակոծուեցան, եւ հարցը մեծցաւ: Գերմանիա նոյնպէս ցամաքի վրայ կովկասեան ճակատը բռնկեցուց: Փորձեցին ռուսական ոյժերը զբաղ վիճակի մատնել այդ շրջաններուն մէջ: Մէկ կողմէ այս գերմանական յարձակումը շղթայզերծուեցաւ առանց մտածումի եւ բաւարար պատրաստութեան, եւ հետեւաբար ձախողեցաւ: Միւս կողմէ քաղաքական տեսանկիւնէն գերմանացիները առանց բաւարար խորհելու, այլ անձնական փառասիրութենէ մղուած, Թուրքիոյ առջեւ ծանր պարտաւորութիւններ դրին, որոնք զինուորական եւ ֆինանսական իրենց կարողութիւններէն վեր էին» (էջ 117-118):
Ահաւասիկ այս էր պատճառը որ թրքական ոյժերը Էնվեր փաշայի հրամանատարութեան տակ ջախջախուեցան Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ եւ ծանր կորուստներ ունեցան ըստ Փալավիչինիի եւ ոչ թէ հայերը պատճառ դարձան անոնց պարտութեան:
Միւս կողմէ Աւստրօ-Հունգարիոյ Օսմանաեան Պետութեան մէջ փոխ ծովակալ Ժոզեֆ Փոմեանքովսկի այս հարցին մարսին կ’ըսէք . «Կովկասեան ճակատի թուրքերու պարտութեան մասին ոչինչ պէտք է հրատարակուի: Անոր մասին նոյնիսկ խօսիլ արգիլուած է» (էջ 118): Այս միջոցին թուրքերը արդէն սկսած էին բնաջնջել հայերը, սկսելով բանակի հաերէն, զանոնք զինաթափ ընելէ յետոյ: Անոնք հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ այրերը կը ձերբակալեն եւ սպանդանոց կ’առաջնորդէն:
Թրքական հերթական հերքումներուն դիմաց դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան հետեւեալ աւստրօ-հունգարական արխիւներէն քաղած տեղեկութիւնը կը մեջբերէ. «Թուրքերը հայ զինուորները յաճախ ճակատի առաջին կարգը կը ղրկեն, որպսզի անոնք սպաննուին: Քիւրտերը կրկին սկսած են կոտորել գիւղերու հայ բնակիչները: Այս կոտորածները տեղի կ’ունենան անջատաբար զանազան վայրերու մէջ, որպէսզի ընդհանուր ջարդերու տպաւորութիւնը չձգէ» (էջ 119):
Փալավիչինի 28 Յունուար 1915-ի իր զեկուցումով թրքական սուտ ամբաստանութիւնները կը ջրէ, կացութեան յստակ պատկերը կու տայ ըսելով. «Գաղտնի աղբիւրներէ իմացած եմ թէ թրքական կառավարութիւնը հայոց հաւատարմութեան շուրջ կասկածներու մթնոլորտ մը կը սնուցէ: Այս ուղղութեամբ Թալաաթ փաշա հայոց Պատրիարքին ուշադրութիւնը հրաւիրած է թէ հայկական հաւանական հակա-կառավարական քարոզչութեան մը հետեւանքները շատ գէշ կրնան ըլլալ» (էջ 119):
Այսուամենայնիւ թուրքերը իրենց հապճեպային իրարանցումին մէջ իրենք զիրենք կը հակասեն եւ ճշմարտութիւնը կը խոստովանին սուտերու եւ կեղծիքներու կողքին: Էնվեր փաշա կովկասեան ճակատէն վերադարձին Գոնիայի հայոց առաջնորդի բարի գալուստի նամակին պատասխանելով կ’ըսէ. «…այս առիթով կ’ուզեմ յայտնել թէ պատերազմի ճակատներու վրայ Օսմանեան Պետութեան հայ զինուորները իրենց պաշտօնը խղճամիտօրէն կը կատարեն: Այս բանը ես կը հաստատեմ եւ կը պահանջեմ ձեզմէ որ իմ գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներու հաւաստիքը փոխանցէք հայ ժողովուրդին, որ Օսմանեան Պետութեան իր ամբողջական նուիրուածութեամբ յայտնի է» (էջ 119):
Հակառակ այս իրողութեան եւ Էնվեր փաշայի վստահեցնելուն հայոց ապահովութեան խոստումներով, հայոց վիճակը լուրջ էր եւ վտանգաւոր: Այս իրականութեան մասին աւստրօ-հունգարական արխիւային աղբիւրներն են որ կը վկայեն: Արդարեւ 18 Յունուար 1915-ին Կ. Պոլսէն Վիեննա ղրկուած գաղտի տեղեկագրութիւն մը հետեւեալը կ’ըսէ. «Կ. Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութիւնը լուրեր ստացած է հայկական նահանգներէն թէ թուրքերու եւ հայոց միջեւ հին թշնամութիւնը ինքզինք կը ցցէ նորէն հայոց դէմ գործուող ոճիրներով: Մեծ կոտորածներ տակաւին տեղի չեն ունեցած, սակայն կարգ մը տեղերու մէջ թուրքերը հարուստ հայեր սպաննելով անոնց տուներուն տիրացած են: Ամենէն մտահոգիչ պարագան այն է թէ իշխանութիւնները կատարուող ոճիրները ձեռնածալ կը դիտեն: Հայերը նախապէս յոյս ունէին որ Էնվերի երեւումը Կովկասի մէջ վերջ պիտի դնէր հայոց դէմ թրքական ոտնձգութիւններու, սակայն անոնք յուսախափ եղած են: Թէպէտ Էնվեր այդ դէպքերը հրահրող անձը չէր սակայն ան չկրցաւ ընբռնել անոնց ծանրակշիռ բնոյթը: Հայոց հաւատարիմ վարմունքը Օսմանեան Պետութեան հանդէպ շատ կարեւոր պարագայ մըն է թուրքերուն համար: Թուրքիա հայերը փորձութեան կ’առաջնորդէ, զանոնք անպաշտպան ձգելով, երբ հայերը հաւատարիմ կը գտնուին Թուրքիոյ հանդէպ: Պէտք է նկատի առնենք նաեւ թէ թրքական բանակին մէջ աւելի մեծ թիւով հայեր կան քան թէ ռուսականին» (էջ 118):
Պարզ տրամանանութեամբ կրնանք հետեւցնել թէ օտար դիւանագէտներ եւ պետական մարդիկ թէ՛ Թուրքիոյ դաշնակից եւ թէ՛ թշնամի, ի տես Օսմանեան Պետութեան հանդէպ հայոց հաւատարմութեան, հայ ազգի շինարար կարողութեան եւ լաւատեսութեան միշտ ակնկալած են որ թրքական իշխանութիւնները սկսուած ոճիրները հայոց դէմ կասեցնեն եւ առաջքը առնեն, սիրաշահելով հայերը: Սակայն հարցը բոլորովին տարբեր էր: Այս երեւոյթը կրկին կը փաստէ թէ հայոց բնաջնջումը ծրագրուած եւ կանխամտածուած էր եւ այս մոլուցքին դէմ կեցող ոեւէ ոյժ չէր դիմանար գերմանօ-թրքական կամակորութեան եւ տրուած որոշումին: Թուրքերը ամէն գնով ոչ միայն աչք կը խփէին հայոց դէմ կատարուող ոճիրներուն, այլ իրենք կը ծրագրէին , կը հրահրէին եւ գործադրութեան մէջ կը դնէին զանոնք: Թուրքերը մինչեւ վերջ յառաջ գացին հայ ազգիը բնաջնջելու իրենց ոճիրին մէջ ամէն տեսակ սուտերով, կեղծիքներով եւ ոճրագործութիւններով: Սակայն եւ այնպէս անոնք չյաջողեցան…
Թուրքերու հերքելու, կեղծելու եւ ուրանալու «արուեստը» Հայասպանութեան նման կանխամտածուած բնոյթ ունի եւ կոտորածներու առաջին վայրկեանէն իսկ կը գործադրուէր:
————-