Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 209
Բրիտանիոյ Պատասխանատուութեան Բաժինը Հայասպանութեան Մէջ
Ռուսական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ 17-րդ դարու սկիզբը մեծ կարեւորութիւն ստացաւ: Ռուսերը պարսիկներու հետ ունեցան շփումներ՝ դրական եւ բացասական իմաստներով: Անոնք նախ պատերզամի մէջ մտան պարսիկներու դէմ տիրանալու համար Կովկասին: Այս նիւթին մասին համացանցային Ուիքիբետիա https://en.wikipedia.org/wiki/Russo-Persian_Wars կայքէջը հետեւեալը կը գրէ. «Ռուս-պարսկական կամ ռուս-իրանեան պատերամները շարք մը զինեալ բախումներ են երկու պետութիւններու միջեւ 1651-էն եւ 1828 երկարող ժամանակաշրջանին: Այդ պատերազմները մղուեցան իւրաքանչիւրին կողմէ Կովկասի մէջ տիրապետութիւն հաստատելու նպատակով: Երկու պետութիւններուն համար վիճելի հիմնական շրջաններն էին Արան կամ ներկայի Ազրպէյճանը, Հայաստան եւ Տաղստան, որոնք կը կազմեն Անդրկովկասը: Երկու պետութիւններու միջեւ հինգ ճակատամարտերու ընթացքին Կովկասի զանազան շրջանները փոխնիփոխ մէկէն միւսին անցան: Հինգերորդ ճակատամարտին հետեւող Թիւրքմենչայի դաշնագիրէն ետք Պարսկաստան Կովկասի մեծ մասը Ռուսական Կայսրութեան զիջեցաւ: Ռուսերը գրաւեցին Թաւրէժը եւ պատերազմը վերջ գտաւ 1828-ին: Ռուսերը գրաւեցին նաեւ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ինչպէս նաեւ Իգտիրը»:
Այսպիսով 1828-ին Հայաստանի արեւելեան հատուածը պարսկականէն անցաւ ռուսական տիրապետութեան: Հայաստանի արեւմտեան հատուածը մնաց օսմանեան տիրապետութեան տակ: Արեւելեան հատուածի հայերը լաւ յարաբերութիւններ մշակեցին ռուսերու հետ եւ ռուսական տիրապետութիւնը դարձաւ համեմատականօրէն հայանպատ: Ռուս-հայկական յարաբերութիւնը ստացաւ նաեւ ռազմավարական իմաստ, այնպէս որ եթէ ռուսը վնասուէր այս շրջանին մէջ, հայն ալ կը վնասուէր եւ հակառակը:
Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ հայերը բարօր ու խաղաղ կեանք կ’ապրէին: Արեւմտեան հատուածի հայերը, որոնք կը հիւծէին Օսմանեան Պետութեան տիրապետութեան տակ, իրենց անկախութիւնն ու խաղաղ կեանքը կը տենչային: Եթէ երբեք կարելի չէր բոլորվին անկախութիւն ձեռք ձգել, անոնք կ’ուզէին գոնէ միանալ Հայաստանի արեւելեան հատուածին ռուսերու տիրապետութեան տակ: Ռուսերը այս բանը քաջ գիտնալով կը ջանային այս հարցը իրենց շահերուն համընկնեցնել: Վերջ ի վերջոյ ռուսերը կը տենչային Միջերկրականի ափերը իջնելով տաք ջուերուն հասնիլ: Երկար ատեն անոնք տքնեցան այս նպատակը իրագործելու սակայն օտար ոյժեր եւ մասնաւորաբար Մեծն Բրիտանիա արգելքներ դրին Ռուսիոյ առջեւ:
Ռուսիոյ հանդէպ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ հայոց վրայ, քանի որ հայերն ու ռուսերը ռազմավարականօրէն իրար կապուած էին: Անգլիա Ռուսիոյ հակադրուելով եւ անոր վնասելով, վնասեց նաեւ հայոց այն աստիճան, որ ան Հայասպանութեան պատասխանատուութեան մէջ մեծ բաժին ունեցաւ: Այս նիւթին կ’անդրադառնայ Վիեննա բնակող պատմաբան դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան իր հեղինակած «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագրեալ անգլերէն գիրքին («Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide», «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ), «Բրիտանիոյ Պատասխանատուութեան Բաժինը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ» վերնագեալ 23-րդ գլուխին մէջ: Սոյն գիրքը ամփոփումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ’ընդգրկէ:
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ. «Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ հայոց նկատմամբ աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ: Ռուսիոյ նկատմամբ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը մահացու բնոյթ ունէր եւ պատճառ դարձաւ թուրքերու կողմէ հայոց հալածանքներու եւ սպանդի սաստկացման: Ոչ միայն 1.5 միլիոն հայեր զոհուեցան, այլ նաեւ հայ ազգը իր հայրենիքը՝ պատմական Հայաստանը կորսնցուց» (էջ 282):
11 Փետրուար 1915-ին անգլիական նաւատորմը կը սկսի ռմբակոծել Տարտանէլի թրքական զինուորական ամրութիւնները: Մարտ ամսուան սկիզբը այնտեղի բոլոր ամրութիւնները արդէն քանդուած էին եւ Թուրքիա կը պատրատուէր դատարկել Կ. Պոլիսը: Երբ նոյն ամսուն 19-ին դաշնակիցները կորսնցուցին երեք ռազմանաւեր, անոնք իրենց յարձակումը դադրեցուցին եւ նահանջեցին: Բրիտանիոյ յետագայի վարչապետ, այդ ժամանակ ծովային ուժերու սպայ եւ այդ մարտերու մասնակից Ուինսթըն Չըրչիլ այս դադրեցման դէմ բողոք ներկայացուց անգլիական ծովակալութեան ըսելով. «Մենք գաղտնի սպասարկութիւններու միջոցով իմացանք որ թրքական ոյժերը զինամթերքի սուր տագնապ ունին եւ գերմանացի զինուորականներ իրենց կեդրոնէն կը պահանջեն յաւելեալ զինամթերք: Այս իրականութենէն կը պարզուի թէ գիշեր ցերեկ պէտք է տքնինք յաղթանակ ապահովելու: Անխուսափելի վնասներու առկայութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլայ» (էջ 282): Սոյն բողոքը զգուշացում մըն էր ուղղուած անգլիական ծովակալութեան, որ իրենց յաղթանակը այնքան ալ հեռու չէր: Թուրքերը գրեթէ պարտուած էին եւ իրենց դաշնակից գերմանացիները չէին կրնար օգնութեան հասնիլ: Այս իրողութեան մասին կը վկայեն գերմանացի եւ աւստրիացի բարձրաստիճան սպաներ, դիւանագէտներ եւ քաղաքական վերլուծողներ, որոնցմէ են գերմանացի զօրավար Լիման ֆոն Սանտերս եւ քաղաքական վերլուծող Քլեմանս Լար, իսկ թրքական կողմէն Էնվեր ու Թալաաթ փաշաները:
Տարտանէլի թրքական դիրքերու վրայ դաշնակիցներու յարձակման ի հակադրութիւն՝ հայոց բռնագաղթերը դէպի սուրիական անապատները եւ կոտորածները սկսած էին: Այս հարցին մասին դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ. «Տարտանէլի վրայ յարձակման Չըրչիլի, Քէյի, Լիման ֆոն Սանտերսի եւ Էնվեր փաշայի վերլուծութիւններըը մեզ կ’առաջնորդեն եզրակացնելու այն իրողութիւնը, թէ Բրիտանիա յաղթանակէն դիտումնաւոր կերպով հրաժարեցաւ» (էջ 284): Այս հրաժարման բացատրութիւնը այն է, թէ Անգլիա չէր ուզեր որեւէ պարագայի տակ ռուսերուն ճամբայ բանալ դէպի Կ. Պոլիս: Անգլիոյ այս արարքը ուղղուած Ռուսիոյ դէմ՝ իր յոռեգոյն անդրադարձը ունեցաւ հայոց վրայ, որ աղիտալի եւ կործանիչ եղաւ: Այս հարցին մասին հեղինակը կ’եզրակացնէ. «Յայտնի է թէ Անգլիա դարերով արգելք հանդիսանալով պայքարած է Ռուսիոյ յառաջխաղացքին դէպի Կովկաս եւ Կ. Պոլիս» (էջ 285):
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ թէ անգլիական գաղտնի սպասարկութիւնը լծակ ունենալով իր լրտեական ցանցերը ռուսական յեղափոխութիւնը ոչ միայն յառաջ տարաւ, այլ անոր ուղղութիւն տուաւ այնպիսի զարգանացումներ արձանագրելու՝ ինչպէս որ յարմար էր իրեն: Արդարեւ երբ Քերենսկի Ռուսիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ Փետրուարեան յեղափոխութեամբ, ան մտադրութիւն ունէր պատերազմը շարունակելու եւ հետեւաբար Օսմանեան Պետութիւնը տարանջատելու, ինչ որ պիտի հանգէր ռուսական հովանիին տակ հայոց հայրենիք մը ապահովելու, որ հայոց մեծամասնութեան երազն էր: Յեղափոխութեան ընթացքին անգլիացիները արդէն իրենց գործակալներուն միջոցաւ սպանդ եւ հալածանք հրահրած էին Փեթերսպուրկի մէջ: Այժմ երբ Քերենսկի իշխանութեան գլուխ հասած էր, Բրիտանիա փութաց զայն փոխարինել Լենինով, որովհետեւ վերջինս կ’ուզէր պատերազմէն հրաժարիլ: Բրիտանացիները յաջողած էին համոզել Ա.Մ.Ն.ը որ պատերազմին մէջ մտնէ եւ փոխարինէ Ռուսիան: Ռուսական Յեղափոխութեան բրիտանական միջամտութեան մասին վերլուծող Կէրի Էլըն «Տհը Ինսայտըր» խորագիրով իր հեղինակած գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Ռուսական Յեղափոխութիւնը ծրագրուած էր Ճորճ Պիւքընըն եւ Լորտ Ալֆրէտ Միլնըրի կողմէ: Փեթերսպուրկի յեղափոխական պատասխանատուները անգլիացիներու հետ կը գործակցէին եւ անգլիացի լրտեսներ կը վխտային քաղաքին մէջ: Անոնք կը հրահրէին ռուսերը սպանդներ կատարելու: Այս գծով Լորտ Միլնըր 21 միլիոն անգլիական փաունտ ծախսած է, իսկ ամերիկացի գործակալ Ճէյքըպ Շիֆ՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այս զոյգը՝ Լորտ Միլնըր եւ Ճէյքըպ Շիֆ Դրամատնային գործակալ Ռոչիլտի պաշտօնակիցներ էին» (էջ 289):
Վերոյիշեալ բացատրողական տեղեկութիւններէն յստակ կ’երեւայ անկլօ-սիոնական սեւ թաթին կատարած մութ գործերը՝ Ռուսիոյ կայունութեան եւ հետեւաբար հայոց անկախութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր խաղաղութեան հաստատման վնասելու, որ ինքնաբերաբար Հայասպանութեան մէջ Բրիտանիոյ դերակատարութիւնը կը շեշտէ: