Հայաստան ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ աղքատութեան ամենաբարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրներէն է: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2016ին, երկիրը աղքատութեան 29.4 տոկոսով, տարածաշրջանին մէջ կը գրաւէ երրորդ տեղը:
Հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ, ԱՊՀ երկիրներուն մէջ աղքատութեան ամենաբարձր մակարդակը արձանագրուած է Ղրղզիստանի մէջ՝ 32.1 տոկոս: Երկրորդը Տաճիկիստանն է՝ 30.3 տոկոսով: Ատրպէյճան ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ աղքատութեան ամենացած ցուցանիշը ունեցող չորրորդ երկիրն է. այս երկրին մէջ աղքատ է բնակչութեան միայն 5.9 տոկոսը: Տարածաշրջանին մէջ ամենացած ցուցանիշը Ղազախստանը ունի՝ 2.6 տոկոս: Ռուսիոյ մէջ աղքատ է բնակչութեան 13.5 տոկոսը: