ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վերջին տասը տասնհինգ տարիներուն հայաստանեան գրականութեան հետ առընչուած ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկը համացանցային մամուլի ծաղկումն է: Առցանց մամուլի տարածման պատճառները բազմաթիւ կրնան ըլլալ եւ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ են, սակայն դժուար չէ ենթադրել անոնց ստեղծման պարագաներէն մի քանին: Խորհրդային վարչակարգի փլուզումին հետ, ուր մամուլը պետական-կուսակցական կառոյցներու միջոցաւ կը հովանաւորուէր, որուն ամենակարեւոր գործիքը Գրողներու միութիւնն ու պետական հրատարակչութիւնն էին, որոնց հետ կապուած էին հրատարակուելու եւ պատուեգին ստանալու պայմանները, բնականաբար նոր դաշտ կը բացուէր մասնաւորաբար երիտասարդ գրողներու դիմաց: Ճիշդ է որ տնտեսական կացութիւնը շատ դժուար էր, սակայն բաց մը, պարապ մը ստեղծուած էր ազատութեան մթնոլորտին մէջ, զոր երիտասարդ տղաք կ՛ուզէին անմիջապէս լեցնել: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այս սերունդը նաեւ գրագէտ էր համակարգիչներու եւ համացանցի հետ կապուած արհեստագիտութեան, եւ համակարգիչներու թիւին տարածման հետ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուէին գրականութեան դաշտը մտնող տղոց դիմաց:
2001ին, երբ Գրողներու միութիւն այցելեցի, Լեւոն Անանեանը յայտնեց, որ Միութիւնը տակաւին համակարգիչ չունի եւ հարցուց թէ կրնա՞մ օգտակար ըլլալ այս գիծով. այդ օրերուն կարելի եղաւ, թէեւ գործածուած, լաւ շարժական համակարգիչ մը (lap top) ապահովել բարեկամի մը միջոցաւ: Անշուշտ ներկայիս շատ աւելի լաւ համակարգիչ կամ համակարգիչներ պէտք է ունենայ Գրողներու միութիւնը, սակայն այդ օրերու կացութեան մասին բաւական յստակ պատկերացում կու տայ այս օրինակը: Գրողներու, մասնաւորաբար ծանօթ գրողներու համար իսկական ցնցում էր նաեւ ստեղծուած նոր իրավիճակը. անոնք որ վարժուած էին քսան կամ երեսուն հազար տպաքանակով հրատարակուելու եւ համապատասխան պատուեգին ստանալու, յանկարծ միջոցներ պէտք է գտնէին հրատարակուելու եւ 400 կամ 500 օրինակով բաւարարուէին: Վերջերս հանդիպում մը կը դիտէի You Tube-ի վրայ, ուր Գայիանէ Դանիէլեան հարցազրոյց կ՛ունենար Վահագն Գրիգորեանի հետ անոր «Ժամանակի Գետը» վէպին առթիւ եւ վիպասանը ճիշդ այս երեւոյթը կը նշէր: Ան Երեւանի մէջ հանդիպած էր գրատուն մը իր մէկ վէպի վաճառքին մասին գաղափար մը ունենալու համար, եւ վաճառող աղջիկը կը յայտնէր, թէ գործը best seller է, 200 կամ 250 օրինակ վաճառուած է… Գրողի մը համար, որուն նախկին գործերը քսան հազարով տպագրուած են, նման հաստատում կատարել՝ հեգնական չէ՞: Սակայն նոր սերունդ մը պիտի գար, որ իր ճամբան պիտի փնտռէր հրատարակուելու եւ նոր իրականութեան յարմարելու:
Այստեղ պիտի կեդրոնանամ երեք համացանցային թերթերու վրայ, այսինքն՝ «Ինքնագիր», «Գրեթերթ» եւ «Գրանիշ» հանդէսներուն, որոշ պատկերացում մը տալու համար անոնց մասին, նաեւ նշելու համար նման մամուլի առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները:
2001 թուականին, խումբ մը երիտասարդ գրողներ, գլխաւորութեամբ խմբագիր Վիոլետ Գրիգորեանի եւ Վահրամ Մարտիրոսեանի, կը հիմնէին «Բնագիր» գրական տպագիր հանդէսը, որ իր համարձակութեամբ եւ արծարծած նիւթերով ամբողջովին նոր աշխարհ մը կը բանար՝ տարբեր աւանդական գրական մամուլէն: Նոյնիսկ քանի մը գրատուներ կը մերժէին ցրուել զայն: Թերեւս այս էր պատճառը, որ շուրջ հինգ տարի ետք Վիոլետ Գրիգորեան, Վահան Իշխանեանի հետ լոյս կ՛ընծայէր «Ինքնագիր» առցանց գրական հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ այսօր:
Միւս թերթերուն նման «Ինքնագիր»ն ալ միշտ առիթ կ՛ընծայէ երիտասարդ գրողներու նորարարական փորձերուն, սեռային կացութիւններու իմաստով աւելի ազատ արտայայտութիւններուն, սակայն երկու այլ կարեւոր յատկանիշ ունի: Առաջինը՝ սփիւռքահայ գրողներու նկատմամբ իրենց մասնաւոր ուշադրութիւնն է, իսկ երկրորդը, մասնաւորաբար վերջին շրջանին, քաղաքական կեցուածքներու եւ այս առումով՝ քաղաքական յօդուածներու ներկայութիւնը, մասանաւորաբար՝ Վահան Իշխանեանի ստորագրութեամբ: Պէտք է այստեղ արձանագրել նաեւ, որ Վ. Գրիգորեան, գրական ճակատի վրայ միշտ ալ ինքնուրոյն դիրքորոշում ունեցած է՝ յաճախ անյարիր գրական «հաստատութեան» կեցուածքներուն:
Սփիւռքահայ գրողներու հետ այս սերտ կապը կը գտնենք ոչ միայն իրենց կայքին վրայ, ուր ստեղծագործական եւ իմացական ճակատի վրայ բազմաթիւ գրութիւններ կան Գրիգոր Պըլտեանէն, Մարկ Նշանեանէն, Ճեսի Արլէնէն, Խաչիկ Թէօլէլեանէն, Րաֆֆի Աճէմեանէն, Քրիստեան Բատիկեանէն եւ ուրիշներէ, այլեւ դասախօսութեան կամ հարցազրոյցի ձեւով տրուած տեսերիզներուն եւ հրատարակութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ Գ. Պըլտեանի «Ինչ Որ Չես Տեսներ» հատորը, Քրիստեան Բատիկեանի «Սուփըր Հերոսները Կը Մեռնին Ամրան» եւ «Մետաղէ Երազներ» վէպերը, կամ Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ Ֆրիդրիխ Նիցչէի «Դերաքրիստոսը»: Խիստ քաջալերելի է նաեւ այն երեւոյթը, որ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրութիւններ կը գտնենք հոն: Վերջերս, ձեռքս անցան նաեւ «Ինքնագիր» հանդէսի տարեկան հրատարակութիւններէն 8 եւ 9 թիւերը, երկուքն ալ լոյս տեսած 2018ին, ուր յստակ պատկերացում կ՛ունենանք թերթի բովանդակութեան մասին իր տարբեր բաժիններով՝ ստեղծագործական, թարգմանական, հարցազրոյցներու, գրախօսականներու եւ այլն: Տպագիր հրատարակութիւնը օգտակար է ոչ միայն անոնց համար, որոնք կը նախընտրեն շօշափելի հատորով մը կարդալ, ընդգծումներ կատարել, զայն գրադարանի մէջ պահել, այլեւ իբրեւ որոշ ձեւի ապահովութիւն, եթէ յանկարծ նիւթական կամ թեքնիք պատճառով մը այդ կայքը վերանայ:
Գրեթերթը լոյս կը տեսնէ 2006ին, Գուրգէն Խանջեանի խմբագրութեամբ, եւ ըստ իր վկայութեան, քանի որ կարգ մը երիտասարդ գրողներ դիմած են իրեն՝ փափաք յայտնելով մամուլի մէջ հրատարակուիլ: Թերթը, տարի մը ետք, արդէն ամենամեայ մրցանակներ կու տայ բանաստեղծութեան, արձակի, թարգմանութեան, գրաքննադատութեան մարզերուն մէջ, ինչ որ քաջալերական դեր կ՛ունենայ երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու մօտ: Ամէն պարագայի, նման տարեկան մրցանակներ կ՛ընծայեն երեք առցանց թերթերն ալ, եւ հեղինակներ զանոնք կը յիշեն իրենց գրական կենսագրութեան մէջ: «Գրեթերթ»ի առաջին մրցանակակիրներու շարքին կը գտնենք Արքեմնիկ Նիկողոսեանի եւ Յասմիկ Յակոբեանի անունները, որոնք քանի մը տարի ետք գլխաւոր դէմքերէն պիտի դառնան «Գրանիշ» համացանցային հանդէսին եւ նոյնանուն բաց գրական համայնքին: Այնտեղ կը հանդիպինք Արամ Պաչեանի պատմուածքներուն («Թափանցիկ Շիշեր», «Ռոբինզոն»), Յասմիկ Սիմոնեանի, Կարէն Անտաշեանի, Մանէ Գրիգորեանի բանաստեղծութիւններուն եւ այլն: Իբրեւ դրական երեւոյթ պէտք է նշել, որ վերոյիշեալ գրողներէն շատեր կ՛աշխատակցին թէ՛ երեք կայքերուն եւ թէ՛ տպագիր մամուլին: Վերջերս, թերթի կայքէջին վրայ տասնեակ մը աշխատակիցներ, գրական տարբեր սեռի դրսեւորումներով, իրենց Երեւանը կը ներկայացնէին:
«Գրանիշ»ը, ինչպէս նախապէս յիշեցի, սկիզբը իբրեւ գրական համայնք կը հիմնուի 2009ին, իսկ 2011էն սկսեալ կ՛ունենայ իր համացանցային թերթը: Գլխաւոր խմբագիրն է Յասմիկ Յակոբեան, Կարէն Անտաշեան կը նշուի իբրեւ հիմնադիր անդամ, իսկ գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեան տիրապետող ներկայութիւն է այնտեղ: Հանդէսը, այսօրուան դրութեամբ, իր կառոյցով ամենածրագրուածը կը թուի եւ հարուստ տեսք ու բովանդակութիւն ունի. մօտ քառասուն բաժիններ կը գտնենք այնտեղ: Շահեկան է Գրանիշի տեսադարանը, ուր գրողներու մասին տեղեկագրականներ, ընթերցումներ կամ բանախօսութիւններ կը գտնենք: Արքեմնիկ Նիկողոսեանի «Բարձր գրականութիւն» բաժինը շատ մը միջազգային գրականութեան կարեւոր գործերու թարգմանութեան կամ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն առթիւ զրոյցներ կը ներկայացնէ (ինչ որ հաւանաբար հեռատեսիլային յայտագիր է նաեւ), ինչ որ առիթ կու տայ այդ գիրքերը ներկայացնելու, քննարկելու եւ հանրութեան մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելու նոր հրատարակութեանց գծով: Բանախօսութիւն բաժինին մէջ, նոպելեան մրցանակի արժանանալու կամ այլ առիթներով, շատ մը գրողներու խօսքը թարգմանաբար ներկայացուած է, ինչպէս՝ Տորիս Լեսինկի, Օրհան Փամուկի, Մարիօ Վարգաս Լեոսայի, Իոսիֆ Պրոտսքիի եւ այլն:
Կը մնայ խորհրդածել հայ գրականութեան մէջ աւելի քան տասնամեակ մը փորձառութիւն արձանագրած այս երեւոյթին մասին:
Առաջին առաւելութիւնը այս ձեւի մամուլին անոր ամէնուր հասանելիութիւնն է: Մինչ օրէ օր գիրքն ու գրական հանդէսը ցրուելու միջոցները կը սղին եւ կը դժուարանան, այս մէկը առիթ կ՛ընծայէ աշխարհի որեւէ անկիւնէն հետեւելու այս գրականութեան: Առաւել, մինչ կարգ մը օտար կայքէջերուն պէտք է բաժանորդագրուիլ եւ վճարել՝ այս թերթերը ձրի են: Համացանցային մամուլի վրայ կարելի է զետեղել հարցազրոյցներ, կենդանի դասախօսութիւններ, վաւերագրականներ, շարժանկարներ, նոյնիսկ այսօրուան արհեստագիտութեամբ կարելի է հետեւիլ ու մասնակցիլ այս կամ այդ հանդէսի մէկ ձեռնարկին, ինչ որ կարելի չէ կատարել տպագիր մամուլին միջոցաւ: Տակաւին, երբ կարելի չէ ապահովել հայրենիքի մէջ տպուած գիրքերն ու տպագիր հրատարակութիւնները՝ համացանցային մամուլը միջոցը կը ստեղծէ կարգ մը գրողներու աշխատանքին հետեւելու: Օրինակ, տասնամեակ մը առաջ, երբ Յովհաննէս Գրիգորեանի միջոցաւ կը հանդիպէի Յասմիկ Սիմոնեանի բանաստեղծութեան եւ կը կարդայի անոր «Լուսնոտ Բառեր» գրքոյկը, խոստմնալից բանաստեղծուհիի մը տպաւորութիւնը կը թողուր ան, անցեալ տարի երբ կրկին հանդիպեցանք Երեւանի մէջ, գիտէի որ «Թափթփած Սենեակներ» խորագրով այլ հատոր մը տպած էր, եւ երբ ուզեցի գործը ունենալ՝ յայտնեց որ սխալմունք էր, զայն պէտք չէր հրատարակեր: Բարեբախտաբար, առցանց եւ տպագիր մամուլի մէջ վերջին տարիներուն որոշ գործեր տեսած էի իրմէ, որոնք յստակ հասունութեան նոր հանգրուան մը կ՛արձանագրէին: Այլ բանաստեղծէ մը՝ Յուսիկ Արայէն քանի մը շարքեր կարդացած էի «Գրանիշ»ի մէջ եւ հակառակ անոր, որ իրմէ ոչ մէկ հատոր տեսած էի՝ անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց: Անոնցմէ առաջինը սիրային շարք մըն էր («Եւ Սէրը Ասաց» բանաստեղծութեամբ սկսող), իսկ երկրորդը Apocalypto բանաստեղծութեամբ սկսող եւ անոր հետեւող, ժողովրդային ընդվզումով ծնած, այսպէս կոչուած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ներշնչուած շարք մըն էր: Պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ քաղաքական իրադարձութիւններ, առաջին օրէն, այս կամ այն ձեւով արձագանգ կը գտնեն գրականութեան մէջ, ինչ որ բնական երեւոյթ է: Նոյն յեղափոխութեամբ սկիզբը խանդավառուողներէն մէկը «Ինքնագիր»ի խմբագիրներէն Վահան Իշխանեանն էր, որ կարճ շրջան մը ետք դարձաւ անոր ամէնէն առարկայական քննադատներէն մէկը:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ համացանցային մամուլի մէջ աւելի ազատութիւն կայ, մանաւանդ որոշ սեռային նիւթերու կամ նկարագրութիւններու գծով, որ կրնայ երբեմն շատ գեղեցիկ ձեւով տրուած ըլլալ, երբեմն ալ՝ գռեհիկ: Բան մը, որուն նկատմամբ աւանդական հայ գրական մամուլը աւելի զգոյշ է: Այս մէկը անշուշտ երկսայրի սուր է, որովհետեւ մէկ կողմէ ազատութիւններ կ՛ընծայէ տարբեր նկարագիրի եւ յաճախ փորձառական գրականութեան, իսկ միւս կողմէ ազատութեան անունին տակ անճաշակ էջեր կը մրոտին: Իսկ այս ձեւի մամուլին կապուած ամենամեծ վտանգը կայքէջին կորուստն է, որ կրնայ նիւթական կամ մէկ այլ պատճառով պատահիլ: Ատոր համար ալ, ինչպէս անգամ մը «Ինքնագիր»ի պարագային նշեցի, մէկ-մէկ տպագիր օրինակները այս թերթերուն, համացանցայինի կողքին, լոյս կը տեսնեն եւ պէտք է որ լոյս տեսնեն: Իսկ այս փորձառութենէն մեկնած՝ աւանդական գրական հանդէսները իրենց համացանցային կայքէջը պէտք է ունենան:
քեզ
ես չեղայ նաւզիկէ քեզ համար
չնայած երբ էլ դու եկար
եկար քրտնած ու թաց
ոսկորներիդ մէջ պտտահողմ տեսայ, ալիքներ
թափառող
թափառիկ՝ պէս մարդու մեռած յիշողութեան
ինչ կար քեզանից
գարուն ամառ աշուն
անկիսելի քաղաք պստիկ-մստիկ ցոյցերով
եւ անշարժ աստուածներ սայլակում հաշմանդամի
ինձնից մի մարմին կար՝ որբանոց գրքերի
դու անտէր գրքի պէս լուսնային մի գիշեր ոռնացիր երկար
ու ես գնացի
փնտռելու իմպէսներին
բայց ում էլ որ գտայ
եկաւ անձրեւի հետ՝ աստուածային խաղաղ, անմարդկային կրքոտ
ու լուսնային մի գիշեր
երբ մինի աստուած էի՝ միայնակ ու դժբախտ
ես յիշեցի ոռնոցդ քրքրուած ու անտուն
քեզ բացեցի կամաց որ մաշուած էջերդ յանկարծ չցաւեցնեմ
ու կծկուեցի քո մէջ
ինչպէս հարազատ դագաղում
գիրք իմ որ իմը չես
դու չեղար նաւզիկէ ինձ համար
չնայած ես միշտ եկայ
որ մատներդ շոյել սովորեն ու աչքերդ դատարկ չմնան
ու լուսնային մի գիշեր երբ պտտահողմ ելաւ
եւ ալիքներ բարձրացան
ես ջրհեղեղ ուզեցի ու բառը՝ իբրեւ նաւ
ինձ բերեց քեզ մօտ
քեզ տեսնելու համար եւ սակայն չունենալու
գիրք իմ որ դու ես ու ես չեմ
գիրք իմ որ այդքան ես եմ
ներիր իմ սխալները
ես սովորական աստուած եմ՝ ամէն քայլափոխի հանդիպող
վառիր աստղը քո կղզու
որ լուսնային այս գիշեր
ոսկորներիս պտտահողմը աւազներդ մաքրեն
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Եւ սէրը ասաց
Ամէն բան յարաբերական է տիեզերքում,
բացառութեամբ այն սէրը,
որ ես ունեմ քո նկատմամբ:
Եւ իմ սէրը ասաց՝ լոյս լինի,
քո աչքերը եղան.
տեսաւ, որ աչքերը չքնաղ են,
սպիտակ մասը ցերեկ կոչեց,
սեւը՝ գիշեր,
որ ամէն օր քնի եւ արթնանայ քո կոպերի տակ:
Սէրը ասաց՝ երկինք լինի,
քո հայեացքը եղաւ,
ասեց՝ երկիրը լինի,
քո ձեռքերը եղան,
որ պինդ գրկեն իրեն,
յանկարծ չընկնի ջրերի վրա:
Սէրը ուզեց արեւ լինի՝
քո համբոյրը եղաւ,
ուզեց լուսին լինի՝
քո ժպիտը եղաւ,
եւ աստղերը՝ հմայքը քո,
որ չմոլորուի առանձնութեան մէջ:
Եւ սէրը քեզ ստեղծեց.
եղար դու՝
մարմին ու էութիւն,
որ շատացնես
համբոյրը,
ժպիտը,
հմայքը
եւ իշխես բոլորի ու իր վրայ:
Ամէն բան յարաբերական է տիեզերքում.
միայն դու ես
բացարձակ Ես,
ինչպէս առաջին խօսքը,
որ հնչեց քաոսի մէջ
եւ եղաւ:
ՅՈՒՍԻԿ ԱՐԱ