ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ։ Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդեց Հայաստանի փոխվարչապետին գրասենեակը:
Տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան բոլոր կապերը ապաշրջափակելու նպատակով, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ՝ եռակողմանի աշխատանքային խումբ կազմելու համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 11 յունուարին, Մոսկուայի մէջ, երեք երկիրներու ղեկավարներու եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին: