ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Խմբագրական հակիրճ նոթով մը 27 փետրուարին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ընթերցողները տեղեակ կը պահէր, որ քաջալերելու համար յօդուածագիրները` «Ազդակ» ծրագրած է հետեւողական աշխատակցութիւն ունեցած եւ յօդուածաշարքեր ստորագրած աշխատակիցներու յօդուածներու հաւաքածոները լոյս ընծայել առանձին հատորներով: «Ազդակ» նաեւ կը տեղեկացնէր, որ իբրեւ առաջին հրատարակութիւն` շուտով լոյս կը տեսնէ թերթի մնայուն աշխատակիցներէն` հալէպահայ բանասէր եւ մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով լոյս ընծայած յօդուածաշարքերու հաւաքածոն` իբրեւ խորագիր ունենալով «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը»:
Եւ իրօք, ապրիլ ամսուան ընթացքին «Ազդակ»-ի այս հրատարակութիւնը արդէն իսկ ընթերցողներու սեղաններուն վրայ էր: Հրատարակութիւնը իրականացած է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ` ի յիշատակ իր ծնողներուն` Յակոբ եւ Անահիտ Բագրատունիներու: 528 էջնոց բաւական պատկառելի ծաւալով գիրքը լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն:
Կարճ նախաբանով մը «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կողմէ Շ. Գ. ներկայացուցած է հատորին լոյս ընծայման նպատակը: Շ. Գ. կը գրէ, որ Աւօ Գաթրճեանի այս աշխատասիրութիւնը ունի գիտամատչելի բնութագիր, եւ կարելի է արձանագրել, որ անիկա սփիւռքի տարածքին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններու ամէնէն ամբողջականն է` մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն պայծառ էջը լոյսին բերող: Այս հրատարակութեան կարեւորութիւնը կը շեշտուի նաեւ այն հանգամանքով, որ անիկա ուսումնասիրողին եւ ընթերցողին տրամադրութեան տակ կը դնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման եւ կենսագործունէութեան ճակատագրորոշ ամբողջ ժամանակաշրջանը:
Հիմա քանի մը խօսք` գիրքի բուն բովանդակութեան մասին: Անիկա գրեթէ իր ամբողջութեանը մէջ լոյս տեսած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին` «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Այս աշխատասիրութիւնը կը բաղկանայ չորս գլխաւոր բաժիններէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բացուի յօդուածագիրին հակիրճ մուտքով: Չորս բաժինները հետեւեալներն են.
Ա.- «Հարիւր պատմական դէպք»,
Բ.- «Հարիւր դէմք»,
Գ.- «Հարիւր ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ»,
Դ.- «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումին նուիրուած երգեր»:
«Հարիւր պատմական դէպք» բաժինին մէջ հեղինակը 100 կարճ-կարճ նոթերու ձեւով ներկայացուցած է շուրջ երկուքուկէս տարուան պատմութիւն ունեցած առաջին հանրապետութեան ամէնէն յիշարժան իրադարձութիւնները` սկսելով 1917-1918-ի սկիզբները արեւելահայութեան ապրած բաւական ճակատագրորոշ փուլէն, որովհետեւ արեւմտահայութեան նկատմամբ Ցեղասպանութեան իրագործումէն ետք Օսմանեան կայսրութիւնը իր համաթուրանական ծրագիրը իրագործելու ճամբուն վրայ իր ուշադրութիւնը սեւեռած էր հայութեան կովկասեան հատուածին վրայ: Այնուհետեւ յօդուածագիրը նոյն այդ հակիրճ ակնարկներու շարքը շարունակելով` մէկ առ մէկ կ՛անդրադառնայ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մայիսեան հերոսամարտերուն, անոնց իբրեւ արդիւնք` Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ Հայաստանի անկախութեան հռչակման, Պաթումի դաշնագիրին եւ Հայաստանի առաջին կառավարութեան նշանակման` Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ: Յաջորդ էջերուն մէջ Աւօ Գաթրճեան կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարիչները ի՛նչ միջոցներու դիմեցին ամուր հիմերու վրայ կառուցելու համար նորաստեղծ հանրապետութիւնը, ամրապնդելու համար բանակը եւ ներքին կարգը, ընդարձակելու համար երկրին սահմանները եւ Միացեալ Հայրենիքի գաղափարը բոլոր հայերը իրարու միացնող օրակարգի վերածելու համար: Այս ծիրին մէջ յիշատակելի են նաեւ Հայաստանի պետական համալսարանի ստեղծումը, ժողովրդավարական կառավարման փորձի իմաստով երկու անգամ քոալիսիոն կառավարութիւններու կազմութիւնը եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, որուն ընթացքին կիները առաջին անգամ ըլլալով չորս դէմքերով ներկայացուեցան խորհրդարանին մէջ: Յօդուածագիրը կարեւոր բաժին մըն ալ յատկացուցած է հանրապետութեան պատմութեան վերջին փուլին, երբ բազմաթիւ ճակատներու վրայ ճակատագրորոշ մաքառումը կար թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին թշնամիներուն դէմ: Այս ծիրին մէջ յիշատակելի են ճիգերը` Հայաստանի հայացման եւ թաթարական ըմբոստութիւններու մարումին ուղղուած, ինչպէս նաեւ` 1920-ի մայիսեան պոլշեւիկեան խռովութիւններու զսպման առումով: Ընթացքին կայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական մեծ իրագործումը, որ կը մարմնաւորուի Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութեամբ, բայց արդէն հանրապետութեան վերջալոյսը մօտեցած էր մէկ կողմէ Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ շղթայազերծած պատերազմով եւ միւս կողմէ` Հայաստանը խորհրդայնացնելու նպատակով պոլշեւիկներուն բանեցուցած հետզհետէ աւելի մեծ ճնշումներով, որոնց վերջնակէտը պիտի տրուէր 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութեան ինքնակամ յանձնումով եւ Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրով:
«Հարիւր դէմք» բաժինին մէջ Աւօ Գաթրճեան ներկայացուցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման մէջ իրենց նպաստը բերած ամէնէն ականաւոր պետական, քաղաքական, կուսակցական, մտաւորական եւ զինուորական անձնաւորութիւնները: Յատկանշական է, որ յօդուածագիրը կուսակցական խտրական մօտեցումով չի մօտենար այս անձնաւորութիւններուն, այլ ինչպէս կ՛անդրադառնայ դաշնակցական գործիչներու ներդրումին, նոյնպիսի անաչառ անդրադարձ կ՛ունենայ նաեւ ժողովրդական, սոցիալիստ-յեղափոխական եւ անկուսակցական գործիչներու գործին եւ նպաստին: Անկարելի է չանդրադառնալ նաեւ, որ այս բաժինին մէջ յօդուածագիրը յատուկ տեղ յատկացուցած է նաեւ եկեղեցական գործիչներուն, որոնք նոյնպէս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման հերոսական հոլովոյթին մէջ: Անոնցմէ մէկը, օրինակի համար, Գարեգին եպս. Յովսէփեանցն էր, հետագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, որ շուշեցի մահապարտներու գունդի գլուխ անցած` իրաւամբ դարձաւ Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին նորօրեայ Ղեւոնդ Երէցը: Հարիւր դէմք, հարիւր հակիրճ բայց մանրամասն կենսագրութիւն, պրպտումի վիթխարի աշխատանք…
Եթէ առաջին երկու բաժիններու պատրաստութեան համար հիմք հանդիսացած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան մասին տարբեր հատորներէ, պարբերական մամուլէն եւ արխիւային նիւթերէ հաւաքուած պատմական տուեալները, փաստերը եւ տեղեկութիւնները, ապա հատորին երրորդ բաժինին` «Հարիւր ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ»-ուն համար հիմք հանդիսացած են այն ժամանակ եւ մեզի աւելի մօտ ժամանակներու ընթացքին գործած հայ յայտնի դէմքերու եւ գործիչներու խօսքերու, պատգամներու եւ յուշերու արխիւահաւաքը` գլխաւորաբար մամուլի էջերէն, ինչ որ բաւական սպառիչ եւ բծախնդիր աշխատանք կ՛ենթադրէ: Վերջին բաժինը` «Հայաստանի Հանրապետութեան հերոսապատումին նուիրուած երգեր», շարք մըն է հեղինակային բանաստեղծութիւններու, որոնք վերածուած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին ձօնուած երգերու: Անոնք նուիրուած են` մայիս 28-ի խորհուրդին, հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին, հայկական բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Թովմաս Նազարբէկեանին, Ռուբէն Տէր Մինասեանին, հանրապետութեան կերտման աշխատանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած եկեղեցական գործիչներուն եւ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն:
Գիրքին վերջաւորութեան, Աւօ Գաթրճեան զետեղած է իր կատարած ուսումնասիրական աշխատանքին համար օգտագործած աղբիւրներու` հատորներու եւ պարբերական մամուլի ընդարձակ ցանկեր:
«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը մէկ հատորի մէջ ի մի խմբելով Աւօ Գաթրճեանի` արդէն հիմնականօրէն օրաթերթին մէջ լոյս տեսած այս ուսումնասիրական աշխատանքին տարբեր բաժինները, արժանին մատուցած եղաւ հեղինակին իր այս սպառիչ աշխատանքին համար, բայց նաեւ ընթերցողներուն եւ գրադարաններուն տրամադրութեան տակ դրաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, մայիս 28-ի խորհուրդը յաւերժացնող մնայուն յիշատակարան մը: