ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդական առաքելութեան յաջողութենէն ետք «յանկարծ բոլորը տագնապեցան, իսկ այժմ կը փորձեն թափանցել այս շրջանը»:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Ռուսիոյ արեւմտեան գործընկերները «չեն ուզեր, պատրաստ չեն եւ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խօսիլ հաւասարութեան հիմքի վրայ, ըլլայ այդ Ռուսիոյ, Չինաստանի թէ որեւէ այլ երկրի հետ»:
Ան յայտնեց, թէ չի կիսեր այն կարծիքը, որ Թուրքիա նպատակ ունի ստեղծելու «Մեծն Թուրան»ը:
«Չեմ տեսներ, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կրնան նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմած եւ անկախ պետութիւններ դարձած երկիրները որեւէ ձեւով աջակցիլ այս գաղափարին», ըսաւ Լաւրով:
Նշենք, որ Խրիմի խորհրդարանի ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Եուրի Կեմփել վերջերս յայտարարած էր, թէ ժամանակն է, որ Թուրքիա հրաժարի «Ռուսիոյ հարաւային տարածքներուն վերաբերեալ երազաներէն»:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած էր, երբ թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած էր քարտէս մը, ոռուն վռայ նախատեսուած էր Թուրքիոյ ազդեցութեան ոլորտի մինչեւ 2050 ընդլայնումը: Ըստ անոր՝ երկրին ազդեցութիւնը պիտի հասնի մինչեւ Խրիմ, Հիւսիսային Կովկասի հանրապետութիւններ, Կրասնոտար, Սթաւրոփոլ, Քալմիքիա, Ռոստով եւ Աստրախան:
Ռուսիոյ խորհրդարանի Պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Անտրէյ Քրասով իր կարգին, նշած էր, որ Անգարա կ՛երազէ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, սակայն կասկած յայտնած էր այդ հողերը բռնի ուժով կցելու՝ Թուրքիոյ մտադրութիւններուն վերաբերեալ: