Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման առիթով ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կը ներկայացնէր նախարար Նիքոլա Թուէյնին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնին, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրին` նախարար Ժան Օղասապեանը: Ներկայ էին նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, համայնքապետներ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, լիբանանահայ համայնքի ազգային կառոյցներու ղեկավարներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ ողջունեց եւ շնորհաւորեց ներկաները` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով, ապա նշեց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ է դիւանագիտական աւելի քան երկու տասնամեակի յարաբերութիւն, որ առաւել եւս ամրապնդուեցաւ այս տարուան սկիզբը Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեամբ, որ պիտի կրկնուի հոկտեմբերին` Ֆրանսախօսութեան միջազգային խորհրդաժողովին առիթով նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան մեկնումով: Մ. Եարտըմեան դիտել տուաւ, որ երկկողմանի աշխատանք կը տարուի այս կապը աւելի եւս զարգացնելու` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական բնագաւառներու փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ:
Ապա իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր անկախութեան տիրացման համար պայքարելու սկսաւ 1918 թուականին` 6 հարիւր տարուան պետականութեան բացակայութենէ ետք, այսպիսով սկիզբ դնելով հայոց պատմութեան նոր փուլի մը: Ան հաստատեց, որ այս տարի աշխարհի չորս ծագերուն համայն հայութիւնը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ նշեց անկախութեան 100-ամեակը:
Դեսպանը դիտել տուաւ, որ 1991-ին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը այդքան ալ դիւրին ու հեզասահ չեղաւ, հայութիւնը իր ջանքերը ի գործ դրաւ պետական կառոյցներու ամրապնդման, ժողովրդավարութեան հաստատման եւ կայուն տնտեսութեան ստեղծման ի խնդիր: Ապա ան անդրադարձաւ այս տարուան գարնան տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան` նշելով, որ ժողովուրդին աջակցութիւնը վայելող վարչապետին եւ անոր գործունէութեան դիմաց կան մեծ առաւելութիւններ դրական փոփոխութիւն կատարելու, եւ նոր կառավարութիւնը արդէն իսկ ձեռնարկած է փտածութեան դէմ արշաւի, պետական կառոյցներու շահագործման կասեցման: Ըստ Ս. Մկրտչեանի, հիմնական մարտահրաւէրը տնտեսական մակարդակի բարձրացումն ու այս բնագաւառին մէջ առանձնաշնորհեալ ըլլալու հանգամանքի վերացումն է` բոլորին հաւասար մօտեցման հիման վրայ:
Դեսպանը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բազմամշակութային եւ բազմակողմանի ներգրաւուածութեան սկզբունքին` հիմնուելով փոխադարձ շահի վրայ եւ համահունչ Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն: Անոր համաձայն, Հայաստան նաեւ հաւատարիմ կը մնայ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւններուն` միեւնոյն ատեն հաստատելով վստահելի գործընկերութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ:
«Մերձաւոր Արեւելքը, բազմաթիւ առումներով, հայ ժողովուրդին երկրորդ տունն է, մտահոգութեան աղբիւր է: Մենք մեծապէս կ՛աջակցինք շարունակուող տագնապներու խաղաղ լուծման քաղաքական գործընթացին, որով կարելի պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել», յայտնեց դեսպան Մկրտչեան: Ապա ան խօսեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին, որոնք նոր մակարդակի բարձրացան` նախագահ Աունի Հայաստան այցելութեամբ եւ Հայաստանի վարչապետին Լիբանան այցելութեամբ, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ, եւ անոնց գործադրութեան համար արդէն աշխատանք կը տարուի: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան տեղեկացուց, որ նախորդ տարի մեծապէս աճած է լիբանանցի զբօսաշրջիկներուն Հայաստան այցելութեան հոսքը, որ կը պահպանուի այս տարի ալ` հաստատելով, որ յարաբերութիւններու ամրապնդման ճիգը պիտի շարունակուի ռազմական, գիւղատնտեսական, դատական, տեղեկատուական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Անոր համաձայն, այս առումով մեծ է լիբանանահայութեան ներդրումն ու դերակատարութիւնը:
Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահը Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային խորհրդաժողովին, որ մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի համար:
Աւարտին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատուոյ հիւրերուն հետ միասնաբար հատեց անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը: