Շաբաթ, 24 փետրուար 2018-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Զոհրապ Մարգարեանի ոսպնեակէն դիտուած լուսանկարներու ցուցադրութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան ըսաւ, թէ շուրջ 30 տարիէ ի վեր Արցախ կը գոյատեւէ իբրեւ տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւն` շնորհիւ 1991-ի անկախութեան հանրաքուէին եւ անոր յաջորդող ռազմական յաղթանակներուն: Ան յայտնեց, որ 30 տարիներու ընթացքին Արցախ կրցաւ ձեռք բերել պետականութեան մը բոլոր յատկանիշները` ունենալով նախագահ, խորհրդարան, կառավարութիւն, սահմանադրական հաստատութիւններ եւ մարտունակ բանակ: Դարձաւ ինքնաբաւ` մշտապէս վայելելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն սփիւռքի զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը: Ապա Եարտըմեան նշեց, որ արցախեան ազատագրական շարժման 30-ամեակին առիթով սոյն ցուցահանդէսին կը ներկայացուին հանրածանօթ լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեանի ոսպնեակով դիտուած լուսանկարները:
Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Ան ըսաւ, թէ իր այցելութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի շրջագայութեան: Ապա յայտնեց, որ արցախեան ազատամարտը ամբողջ հայ ժողովուրդին վերադարձուց յաղթանակի քաղցր զգացումը, վերադարձուց մեզմէ իւրաքանչիւրին ազգային արժանապատուութիւնը, ապացուցեց բոլորին, որ հայոց բանակը անպարտելի է, ապացուցեց, որ հարիւրաւոր տարիներ ետք վերականգնեցինք մեր ազգային պետականութիւնը եւ վստահօրէն առաջ կ՛երթանք դէպի ապագայ: Ա. Սարգսեան նշեց, որ ցուցահանդէսը մեր տուրքն է մեր զոհուած հերոսներուն, այն ազատամարտիկներուն, որոնք սփիւռքի զանազան շրջաններէն իրենց ներդրումը բերին Արցախի ազատամարտին:
Յաղթանակէն, յաջողութիւններէն, դժուարութիւններէն ետք մեր պայքարը տակաւին չէ աւարտած, այսօրուան մարտահրաւէրները ո՛չ միայն ռազմական են, այլեւ տնտեսական, մշակութային եւ կրթական: Չենք կրնար ունենալ հզօր Արցախ, Հայաստան եւ սփիւռք, եթէ այսօր մենք մեր առջեւ դրուած խնդիրները չլուծենք ազգային միասնութեամբ:
Ա. Սարգսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հայկական ազգային տաղանդը պէտք է ծաղկի 21-րդ դարուն: Ընելիք շատ ունինք` տնտեսութենէն սկսած մինչեւ փտածութեան դէմ պայքար. Հայաստանը պէտք է ըլլայ աշխարհի լաւագոյն երկիրներէն մէկը, Հայաստանը պէտք է ըլլայ գրաւիչ` ներդրումներու համար, ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ օտարներու համար. մեր ազգային արժէքներուն վրայ հիմնուած մեր մշակոյթը պէտք է դառնայ համաշխարհային, իսկ մեր բանակը` ամուր եւ շրջանի ամէնէն հզօր բանակը»:
Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան դեսպանութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին այցելութեան առիթով եւ յատկապէս մասնակցութեան` դեսպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան կողմէ բերուած համեստ ներդրումին: Ապա ըսաւ, թէ միասնականութեան շնորհիւ մենք կը յաջողինք իրօք իրականացնել այն նպատակները, որոնք դրուած են հայ ժողովուրդին առջեւ իբրեւ ազգ:
Խօսք առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Ան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ ազգովին Սարդարապատ եւ Բաշ Ապարան կերտեցինք: Հոգեւորականները, զինուորականները, գիւղացիները եւ մտաւորականները ձեռք-ձեռքի տուած ըսին. «Վե՛րջ հայոց ջարդին. մենք կը զոհուինք, բայց ստրուկ չենք դառնար»: Ան հաստատեց, որ առանց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքը չի գոյատեւեր, ապա յորդորեց, որ մեր զաւակները կերտենք իբրեւ ապագայի հայ դիւանագէտներ, սպաներ եւ ղեկավարներ:
Քեպապճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի: Բոլորս պատասխանատու ենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման գործընթացին: Ապրի՛ն զինուորները, բարերարները, հոգեւորականները: Մենք միասին ենք, չենք նահանջեր: Յառա՛ջ, դէպի 30-ամեակները, հարիւրամեակները»:
Ելոյթ ունեցաւ լուսանկարիչ Զոհրապ Մարգարեան:
Ան ըսաւ, որ Հիւսէյն թագաւորին քով աշխատած է 30 տարի: 1993-ին թագաւորէն խնդրած է, որ երթայ Արցախ ու նկարէ: Գացած ու նկարած է, բայց առանց գիտնալու, որ այսքան ցաւալի բաներ պիտի նկարէ: Ապա նշեց, որ Լոս Անճելըսի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպած է 1994-ին, 80 հազար տոլար հաւաքած եւ բաժնած է ազատամարտիկներուն:
Զ. Մարգարեան ըսաւ. «Երազս թագաւորին հասնիլն էր եւ հասայ անոր, 22 գիրք հրատարակեցի: Խումբ մը կազմեցի, եւ Էվերեսթ լեռ բարձրացանք: Ասոր մասին գիրք հրատարակեցի, եւ Հիւսէյն թագաւորին անունով քաղցկեղի կեդրոն շինեցինք: Երազս է Հիւսէյն թագաւորին մասին պատրաստել ժապաւէն մը, որուն մէջ նաեւ Արցախն ու Հայաստանը տեղ գտնեն: Մարգարեան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հպարտ եղէք հայութեամբ. եթէ հող չունենանք, ամէն բան պարապ է»:
Խօսքի աւարտին Մարգարեան իր գիրքերէն նուիրեց դեսպանին եւ Արմէն Սարգսեանին:
Այնուհետեւ Պետօ Տեմիրճեան կարդաց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մայիս Մայիլեանի գնահատանքի պատգամը ուղղուած Զոհրապ Մարգարեանին, որմէ ետք Կարօ Քեպապճեանին ձեռամբ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ 30-ամեակի ոսկիէ մետալ տրուեցաւ Զոհրապ Մարգարեանին:
Երաժշտական կտորով մը եւ վկայութեամբ հանդէս եկաւ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան ըսաւ, որ Զոհրապը եթէ արուեստագէտի խառնուածք չունենար, միջազգայնօրէն ճանչցուած անուն պիտի չունենար: Մեր զօրաւոր բանակը մեզի կարելիութիւն կու տայ ո՛չ միայն մեռնելու, այլեւ ապրելու ազգին համար, Ղարաբաղին համար: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Որպէսզի կարենանք տարածել մեր խօսքը արուեստի ճամբով, մենք պէտք ունինք Զոհրապի նման արուեստագէտի խառնուածքով տաղանդաւոր լուսանկարիչներու: Ինք եւ իր նմանները կ՛ապրին հերոսաբար, կ՛ապրին ազգին համար»:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 70 լուսանկարներ, առնչուած` 1990-1994-ի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմին եւ մարդասիրական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին: Լուսանկարներուն մէջ նաեւ կ՛ուրուագծուէին Արցախի բնութեան գեղեցկութիւնն ու տեսարժան վայրերը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ 25 եւ 26 փետրուար 2018-ին: