Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:
Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը` կոչ կ՛ուղղէ.
– Մեր թեմերուն, Հանրապետական մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու մեր ժամանակակից պատմութեան այս կարեւոր թուականը:
– Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքին մէջ:
– Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը` իբրեւ ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան:
– Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու Ա. Հանրապետութեան դերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ:
– Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով` կարդալով, լսելով ու զանազան ձեռնարկներու մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: