ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ արդարադատութեան նախարարութեան տուելներուն՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին 67 կրօնական կազմակերպութիւններ:
Մինչեւ 2000, Հայաստանի մէջ գործած են 40 կրօնական կազմակերպութիւններ: 2000-էն մինչեւ 4 Ապրիլ 2018, լուծարուած են 5 կրօնական կազմակերպութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան մօտ մինչեւ 2000 արձանագրուած են 40 կրօնական կազմակերպութիւններ, իսկ 2001-2006՝ 15, 2007-2012՝ 8, 2013-էն 4 Ապրիլ 2018՝ 4 կրօնական կազմակերպութիւններ: