Հայաստանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ բացուեցաւ միութեան 80-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ցուցահանդէս: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` բացումին ներկայ էին ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, միութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, հիւրեր:
Շնորհաւորելով միութեան ստեղծման 80-ամեակի առիթով` ՀՀ մշակոյթի նախարարը կարեւորած անոր դերը հայկական մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: «Մաղթում եմ, որպէսզի ձեր ստեղծագործութիւնները մշտապէս լինեն վառ գոյներով լի եւ միշտ լինէք ստեղծագործական եռուն շրջանումէ,- դիմելով միութեան անդամներուն` նշած է Պօղոսեան:
ՀՀ նկարիչներու միութեան նախարար Կարէն Աղամեանի խօսքով` միութիւնը ներկայիս աշխուժօրէն կը շարունակէ իր աշխատանքները: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են միութեան անդամներու մօտ 500 աշխատանքներ:
Տիգրան Սարգսեան Յասմիկ Պօղոսեանի եւ ՀՀ նկարիչներու միութեան նախագահի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ ցուցասրահներով` ծանօթացաւ ներկայացուած աշխատանքներուն:
Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը ունի 750 անդամ: