ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եուրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները կանխեցին Խորհրդարանական վեհաժողովին բիւրոյի յայտարարութեան մէջ հակահայ ձեւակերպումներու ներառումը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գայիանէ Աբրահամեան:
«Բարդ ու լարուած բանակցութիւնների արդիւնքում ունեցանք հաւասարակշռուած փաստաթուղթ՝ «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյի յայտարարութիւնը։ Մեզ յաջողուել է բիւրոյի նիստին ներկայացուած յայտարարութեան նախնական տեքստից (բնագիրէն-Խմբ.) դուրս բերել ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի շահերին մեծապէս վնասող ձեւակերպումները, այլեւ կանխել ադրբեջանական պատուիրակութեան՝ ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ միակողմանի ձեւակերպումներ ներառելու փորձերը», յայտնեց Աբրահամեան:
Պատգամաւորը նշեց, որ այդ կարեւոր եւ հիմնարար փաստաթուղթի առաջին իսկ դրոյթին մէջ, վերահաստատելով Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու յանձնառութիւնը՝ նախաձեռնութեան մէջ եղող արժէքներուն, ի շարս այլոց կ՛ընդգծէ ինքնորոշման իրաւունքը։
«Նման ձեւաչափում սա աննախադէպ յանձնառութիւն է՝ հաշուի առնելով, որ այն ստանձնել են ոչ միայն եւրոպական, այլեւ Արեւելեան գործընկերութեան երկրները, այդ թւում՝ Ադրբեջանը», յայտնեց պատգամաւորը:
Գայիանէ Աբրահամեան աւելցուց, որ յայտարարութեան մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կարեւորութեան։ «Յայտարարութեան մէջ առանձին կէտով ընդգծւում է նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կարեւորութիւնը, որը սահմանում է շրջանակ Հայաստան-Եւրամիութիւն գործընկերութեան խորացման, ԵՄի կողմից Հայաստանում ընթացող քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներին աջակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործում Հայաստանի դերի ամրապնդման համար», կը գրէ Գայիանէ Աբրահամեան: