ՊԱՅՔԱՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Հայութիւնը, իր բազում մարտահրաւէրները մէկ կողմ թողած` պայքարի մէջ է ինքն իր հետ եւ ինքն իր դէմ: Պայքար` ինքնահաստատման սփիւռքի մէջ, պայքար` Հայաստանի անարդար դրութեան դէմ եւ պայքար Հայաստանի մէջ բոլոր այն բաներուն դէմ, որոնք ՙչեն ստացւում՚: Եւ ինչպէս հիները պիտի բնութագրէին` ՙարջք օրհասականք, ի մերձ մահու, հզօրագոյնս մարտնչեն՚:
Դարերով Հայաստան երազեցինք` գոյացաւ Խորհրդային Հայաստանը. Չբաւարարուեցանք: Անկախացաւ Հայաստանը` ՙկարաւանները քայլում են դեռ՚ … հակառակ ուղղութեամբ: Այս բոլորին տրամաբանութիւնը այն է որ պիտի յայտնաբերուի մէկը, որ պիտի ստեղծէ իտէալական Հայաստան մը, խաղաղութիւն հաստատէ անոր սահմաններուն վրայ եւ հրաւիրէ հայութիւնը որ բնակութիւն հաստատէ իր սեփական երկրին մէջ:
Բայց ո՞վ է այդ մէկը` եթէ ոչ մենք բոլորս` սփիւռքով եւ Հայաստանով: Մէկը միւսով ամբողջացող եւ մէկը միւսով պայմանաւորուող:
Հայաստանի անել կացութենէն դուրս գալու համար վարչապետ Կարէն Կարապետեան կոչ մը ուղղած է սփիւռքին` բերելու իր ներդրումը հայրենիքի վերականգնումին եւ հզօրացման: Նոր վարչապետին միակ գործը սփիւռքի կոչը շարադրելը չէ, բնականաբար: Ան արհեստավարժ ձեռքով սկսած է նաեւ եղափոխել (ոչ` յեղափոխել) Հայաստանի դրուածքը: Եւ Հայաստանի ժողովուրդը այնքան է յուսալքուած երկրին անհեռանկար կացութեամբ որ սկսած է խոշորացոյցով դիտել նոր վարչապետին իրագործումներն ու դեռ չիրականացուցած ծրագիրները: Այսօրուան դրութեամբ հարցախոյզներէն կը պարզուի որ վարչապետի վարկանիշը (rating) 82 տոկոս է: Հետեւաբար երկրին ազգաբնակչութիւնը յոյս մը, վստահութիւն մը ունի նոր վարչապետէն:
Եւ այդ վարչապետը կոչ մը կ’ուղղէ սփիւռքին, եւ աջէն ու ձախէն պատասխաններ կը տրուին անոր, ընդհանրապէս` բացասական: Այդ պատասխանները չեն կրնար սփիւռքի ձայնը ներկայացնել որովհետեւ ուղղուած են անհատներէ կամ խմբաւորութիւններէ: Հետեւաբար այդ ՙոչ՚ը կը մնայ պայմանական քանի սփիւռքը պաշտօնական ներկայացուցչութիւն մը չունի, հոգ չէ թէ ոմանք կը սնուցանեն տիրութեան յաւակնութիւններ:
Սփիւռքը իրականութեան մէջ բազմագլուխ է եւ նովին բանիւ ալ` անգլուխ: Այդպիսին չէր անցեալին. հեղինակութիւններ հեռացան հրապարակէն եւ կազմակերպութիւններ հեղինակազրկուեցան եւ հայրենիքին դիմաց կանգնած` ոմանք իրենց ՙոչ՚ով կը փորձեն արժեւորուիլ, քանի գիտեն թէ հայրենիքը անհրաժեշտօրէն սփիւռքի ներոյժին կը կարօտի` դուրս գալու համար իր դժուարին պայմաններէն:
Այդ ՙոչ՚երը, երբեմն ունին նաեւ իրենց արդարացումները քանի Հայաստանն ալ միշտ պատրաստ չէ եղած ընդունելու այդ ներոյժը եւ ի բարիս օգտագործելու զայն:
Անարդար է ստորագնահատել վարչապետին կոչը զինք որակելով ՙՄոսկուայի մարդը՚: Քաղաքական իրապաշտութեան հարթակին վրայ դիտելով` փոքր ազգերը այլընտրանք չունին բացի մէկուն ՙմարդը ըլլալէ՚, եւ համաշխարհայնացումի դաւալումով այդ հարցը աւելի եւս կը շեշտուի ու կը դառնայ ընդունելի քաղաքական իրականութիւն: Ի վերջոյ, Մոսկուան չարեաց փոքրագոյնն է: Բոլոր այն բարեմիտ, միամիտ ու փողամիտ քաղաքագէտները որոնք կը ցանկան Հայաստանը ՆԱԹՕի ցանցին մէջ տեսնել` պէտք է աչքի առջեւ ունենան համեմատական պատկերը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի. երկուքն ալ անդամ ՆԱԹՕի, սակայն երբ Թուրքիա կը կոխկրտէ Յունաստանի իրաւունքները – եւս նոյնիսկ Յունաստանը – այդ կառոյցի մեծամեծները աներկբայօրէն կը յարին դէպի Թուրքիոյ կողմը. հետեւաբար փոքրիկ Հայաստան մը այդ ցանցին մէջ` ենթակայ է աւելի եւս կոխկրտուելու: Այդ ըսել չէ թէ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը իտէալական է:
Բայց պէտք է աչքի առջեւ ունենալ Կովկասը: Միխայէլ Սահակաշվիլին ՙվարդերու յեղափոխութեամբ՚ ձեռք առաւ Վրաստանի իշխանութիւնը, բացայայտօրէն պարծենալով իբրեւ ՙԱմերիկայի մարդը՚. երկրին ուղղութիւնը շեղեց դէպի Արեւմուտք. եւ հակառակ խայտառակուելով երկրէն հեռանալուն` Վրաստանը կը շարունակէ իր քաղաքական արեւելումը դէպի Եւրոպա եւ դէպի Ամերիկա:
Նոյնպէս, Ազրպէյճան, իր քարիւղի տոլարները կը յանձնէ Թուրքիոյ եւ Անքարան կը կառավարէ Ատրպէյճանը:
Այսքանը` արտաքին քաղաքականութեան մասին:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան փորձառու մասնագէտ մըն է. ան չէ եկած (կամ` ՙղրկուած՚) Երեւան, օլիկարքներուն բաժինը ՙուտելու՚: Ինք ունեւոր է եւ վարչագէտ: Սակայն, որքան դժուարութիւն ունի սփիւռքի ներոյժը զօրաշարժի ենթարկելու, նոյնքան եւ աւելի դժուարութիւն պիտի ունենայ օլիկարքներուն ախորժակները զսպելու, անոնց շահերը համադրելու որպէսզի անոնց շահարկումները չդասաւորուին ի վնաս աղքատացած բնակչութեան:
Այսօր Հայաստանը պէտք չունի յեղափոխութեան, որովհետեւ չի կրնար դիմանալ ցնցումներու:
Հետեւաբար, սփիւռքը բաց միտքով պէտք է դիմաւորէ վարչապետին կոչը, որ պէտք է ընդունիլ որ մասնաւորուած չէ եւ կը յենի աւելի սփիւռքի զգացական աշխարհին: Բան մը որ փորձուած ու չարաշահուած է:
Առաջին հերթին, վարչապետը, ինք եւ իր անձնակազմը անդրադարձած պէտք է ըլլային անցեալի վրիպումներուն եւ անոնց լոյսին տակ շարադրէին այդ կոչը աւելի շրջահայեաց, կուռ եւ մասնաւորուած կերպով:
Աւելորդ է այստեղ յիշատակել անցեալին պատահած ձախողութիւնները: Սակայն, անոնցմէ քաղուած դասը աւելի քան անհրաժեշտ է վարչապետին:
Ակնկալուած ներոյժի սահմանին մէջ վեր առնենք դրամագլուխի ներդրումներու հարցը: Այնտեղ, վարչապետը, իբրեւ հմուտ տնտեսագէտ, ոեւէ անհատէ աւելի լաւ գիտէ թէ դրամագլուխը հայրենասիրութիւն չի ճանչնար: Այդ իմաստով ալ, եթէ օրէնքները կիրարկուին պարկեշտօրէն, որդեգրուին միջազգային չափանիշներ, հարկային կաշառակերներ ու թաղային տղաք հեռու մնան ազատ առեւտուրի հրապարակէն, Հայաստանի իշխանութիւնը կարիք չ’ունենար սփիւռքի հայրենասիրութեան կոչ ուղղելու, որովհետեւ, հայ թէ օտար դրամագլուխը ինքնաբերաբար պիտի հոսի այնտեղ ուր ապահով շահարկման մթնոլորտ ու պայմաններ գոյութիւն ունին:
Օրինակ Արաբական Էմիրէթները, ոսկիի տոպրակները շալկած ման կու գան աշխարհի մէջ ներդրումի ապահով շուկաներ փնտռելով:
Միւս կողմէ ալ որեւէ մեծահարուստ հայ առեւտրական իր դրամագլուխը փորձութեան պիտի չենթարկէ Հայաստանի մէջ, որքան ալ տարուած ըլլայ ազգասիրութեամբ:
Հետեւաբար սփիւռքը ներգրաւելու չափանիշը կը սկսի Հայաստանէն: Քանի երաշխիքներ տրուին Հայաստանէն, նոյն համեմատութեամբ կը զօրանայ սփիւռքի ներդրողի վստահութիւնը:
Կը բաւէ քանի մը ցայտուն օրինակներ նշել ուր սրբագրուած ըլլան անցեալի խայտառակութիւնները: Եւ արդէն կը սկսի վերահաստատուիլ վստահութիւնը:
Գալով մասնագիտական ներդրումներուն անոնք եւս պէտք է ուղղուած ըլլան մասնագէտ շրջանակներէ, երաշխաւորուած պետութեան կողմէ: Մասնագէտն է որ իր հմտութեամբ ու գիւտարարութեամբ պիտի հրապուրէ սփիւռքի համապատխասխան հայ մասնագէտը, եւ ի հարկին օտար մասնագէտը: Եւ այդ մասնագէտները Հայաստան գալու համար պիտի չշլանան շքանշաններու հեռանկարէն: Ի դէպ, պէտք է հրաժարիլ իր դարն ապրած այդ շքանշաններու հիւանդ ցուցամոլութենէն: Իրականութեան մէջ շքանշանի ետեւէն վազող սփիւռքահայուն պէտք չունի երկիրը:
Վարչապետ Կարապետեան ձեռնարկած է դժուարին առաքելութեան մը: Ան խորապէս գիտէ թէ ինչպիսի ծուղակներ գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ – քաղաքական շուկային վրայ թէ պետական գերատեսչութիւններէ ներս: Ուրեմն, մէկ կողմէ պիտի զսպէ – կամ հակակշռէ – այդ ծուղակ լարողները, միւս կողմէ ալ պիտի պարկեշտօրէն կանգնի սփիւռքի դիմաց ու երաշխաւորէ որ այդ ծուղակները չէզոքացուած են: Միասնական հայրենիք կերտելու սրտառուչ կոչը դեռ բաւարար չէ այդ երաշխաւորութիւնը ընծայելու:
Վարչապետի կոչն ու անոր շուրջ ստեղծուած երկխօսութիւններն ու բազմախօսութիւնները կրնան ստանալ – եւ արդէն ստացած են – մեծ եւ համազգային ծաւալ:
Սակայն, եզրակացնելու կամ իր կիզակէտին բերելու համար խօսակցութիւնը պէտք է ընդգծել նաեւ կարեւոր հանգամանք մը եւս. սփիւռքահայը պէտք է զգայ որ ինք եւս – իր ժառանգութեամբ եւ արիւնով – տէրն է Հայաստանին եւ թէ Հայաստանը կ’ընդունի սփիւռքը իր աւանդութիւններով եւ արժեչափերով:
Վերջերս, սուրիահայերու հոսքը Հայաստան, անակնկալօրէն ստեղծեց մարդաբանական եւ ընկերաբանական տարրալուծարան մը: Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ արժէքներու բախում` տեղացիներու եւ նոր ՙաղբարներու՚ միջեւ, մինչեւ որ սուրիահայերը մտնելով հասարակութեան մէջ եկան փաստելու թէ նոր մշակոյթ մը, ապրելաձեւի նոր մակարդակ մը բերած են իրենց հետ հայրենիք եւ զանոնք կը բաժնեն հայրենաբնակ հարազատներու հետ:
Այդ փորձը պէտք չէ սպասէ նոր ներգաղթողներու. ընդհակառակն, այդ արժէքները աւելի շուտ պէտք է ներգաղթեն քան զանոնք կրող մարդիկը:
Աւելի ընդարձակելով եւ սահմանելով պէտք է ըսել թէ սփիւռքը ժառանգած է արեւմտահայութեան գանձերը, արժեչափերն ու մեծութիւնները: Տակաւին սովետէն, կամ Թիֆլիսի հենցումենցեան օրերէն մնացած նախապաշարումներով պէտք չէ թերգնահատել արեւմտահայ գրողները, արժէքները, տաղանդները, եւ անոնք տեղ պէտք է գտնեն դասագիրքերու մէջ, դրամներու վրայ, փողոցներու անուանումին մէջ. բայց մանաւանդ – հոգիներէ ներս:
Այս մասին ըսելիք մը ունի՞ արդեօք մեր վարչապետը, բոլորիս վարչապետը, եթէ կուզէք` ամենայն հայոց վարչապետը: