Յաճախ ըսած ենք ու պիտի շարունակենք կրկնել լափալիսեան այն ճշմարտութիւնը թէ՝
երիտասարդները մեր ապագան են, պէտք է գուրգուրանք անոնց վրայ, պէտք է փոքր
տարիքէն պատրաստենք ու թրծենք զանոնք, որպէսզի հեզասահ ընթանայ անհրաժեշտ
սերնդափոխութիւնը: Մարդկային կեանքը օրկանական աշխարհի օրէնքներուն կը հետեւի.
Մարդը, ընկերութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է եւ պարտաւոր է ապահովել իր
շարունակականութիւնը:
Այս խոհերով բաժնուեցայ Հայաստանի Պասքեթպոլի հաւաքականի հետ հանդիպումէն,
հոգեկան հանգստութիւն մը եկաւ վրաս եւ աւելի հաւատքով ու լաւատեսութեամբ
բաժնուեցայ իրենցմէ:
Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին մէջ ընդունելութիւն-
հարցազրոյց մըն էր, ուր ներկայ էին ինծի պէս հայ երիտասարդութեան կամքի ուժին
հաւատացողներ, մարզասէրներ, հովանաւոր ազգայիններ: Բոլորիս ուշադրութիւնը այս
հասակաւոր, ես պիտի ըսէի՝ պարթեւահասակ տղաներուն վրայ էր, որոնց կ’ընկերանային իրենց մարզիչները՝ գլխաւորութեամբ արտակարգ անձնաւորութեան մը, որ տիրացած է
բազմաթիւ ոսկեմետալներու, գովասանագիրներու եւ գնահատագիրներու: Ան Քարլ
Պարտագեանն է, ԱՄՆ ծնած ու մեծցած, իր ուսանած համալսարանին մէջ պասքէթպոլի
աստղ դարձած երիտասարդ մը, որ իմ կարծիքով մտատիպար մըն է հայ երիտասարդի:
Քարլ հայերէնը սորված է եւ ազատօրէն կը հաղորդակցի մայրենիով ԱՄՆ-ի մէջ ոչ միայն իր շնորհքին որպէս արդիւնք, այլ հայերէն թերթ կարդալով եւ սպասարկելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ որպէս սարկաւագ: Առանձնակի հպարտութեամբ կը յիշեմ իր խօսքը, երբ այս
տողերու հեղինակին կ’ըսէր. «Ես ձեր յօդուածները առաջին կարդացողներէն եմ»:
Այսօր Քարլ մեզի կը ներկայանայ որպէս Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր
կազմակերպիչ ու մարզիչ, որուն վստահուած է մեր հաւաքականը տանիլ յաղթանակէ
յաղթանակ: Ոչինչ կը պակսի իրեն՝ իր եւ մեր երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Ան
կամքի տէր է, հայրենասէր՝ բառիս բուն իմաստով, հեզ բայց պահանջքոտ, գիտէ ընտրել
ճիշդ գործընկերներ եւ օգնականներ, ինչպէս Զօրիկ Իսաջանը:
Հիւպատոսարանի ընդունելութեան ընթացքին միջոցառումին հանդիսավար Միհրան
Թումաճան շատ պարզ կերպով ըսաւ. «Մենք բոլոր տուեալները ունինք ախոյեան
դառնալու, երբ ունինք այսպիսի նուիրեալ տղաք, մարզիչներ ու համակիրներ»:
Տղաքը նոր վերադարձեր էին հայրենիքէն, ուր անոնք իրենց հայաստանաբնակ
խաղընկերներուն հետ անցուցած էին բարդ ու բազմակողմանի վարժութիւններ եւ լի էին
ինքնավստահութեամբ: Անոնք լրջօրէն կը շարունակեն իրենց մարզումները այստեղ՝ Լոս
Անճելըսի մէջ, որովհետեւ «սա կարեւոր ստուգատես է մեր թիմի համար, նաեւ՝
պարտաւորեցնող այն առումով, որ առաջին անգամ Եւրոպայի առաջնութեան խաղերն
անցկացուելու են մեր հայրենիքում», յայտնեց Քարլ Պարտաքեանը:
Այո՛, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ, Եւրոպայի
առաջնութեան խաղերը տեղի պիտի ունենան մեր հայրենիքին մէջ: Հայաստանի խումբը
ընդգրկուած է C բաժանմունքին մէջ, ուր պիտի մրցին Ուելսի, Մալթայի, Սկովտիոյ,
Անտորայի եւ Սան Մարինոյի հաւաքականները: Հասնելու համար ցանկալի
արդիւնքներու: Գլխաւոր մարզիչը կը վստահեցնէ թէ դիտարկումներ կը կատարուին
ընտրելու լաւագոյն մարզիկները հայրենիքէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Ուշադրութեամբ հետեւեցանք մեր պասքեթպոլիստներու յաղթելու վճռակամութեամբ
լեցուն արտայտութիւններուն: Անոնք առանձնակի բծախնդրութեամբ ու
պատասխանատուութեամբ կը մօտենան ախոյեանական խաղերուն, որովհետեւ հանդէս
պիտի գան Հայաստանի դրօշի ներքոյ: «Ինձ համար մեծ պատիւ է, որ ներկայացնելու եմ
Հայաստանը: Իւրաքանչիւր հայ ցանկանում է օգտակար լինել իր հայրենիքին: Ես յոյս
ունեմ, որ մեր յաջողութեամբ կը կարողանանք բարձրացնել մեր երկրի դրօշը», ըսաւ
հաւաքականի աւագ Մայք Դանիէլեանը: Պասքէթպոլիստ Գոռ Փլաւչեանը վստահ է թէ
«Եւրոպայի առաջնութեան անցկացումը Հայաստանում մեծապէս կարող է ազդել
Հայաստանում այս մարզաձեւի նկատմամբ հետաքրքրութեան մեծացմանը եւ կ՛ոգեւորի
մեր կրտսեր պասքեթպոլիստներին»:
Հանդիպման ընթացքին Քարլ Պարտաքեան կարեւորութեամբ նշեց որ բարերարներու եւ
Հայաստանի պասքեքպոլի դաշնութեան ջանքերուն շնորհիւ՝ դժուարութիւնները այլեւս
անցեալի մէջ են:
Խրախուսանքի եւ յաջողութիւններու համար խօսք առին ծանօթ բարերար եւ անցեալի
մարզիկ Ալպեր Պոյաճեանն ու Թոմիկ Ալեքսանեանը, որոնց ճառագայթող հպարտութիւնը
յոյս ու հաւատք ներշնչեց մամլոյ ասուլիսի ներկաներուն սրտերուն մէջ:
Ահաւասիկ վաւերական եւ կարեւոր խորհուրդ պարունակող իրականութիւն մը, զոր
Հայատանի Գլխ. Հիւպատոս Գ. Յովհաննիսեան բանաձեւեց հետեւեալ խօսքով.
«Պասքեթպոլի տղամարդկանց Հայաստանի ազգային հաւաքականը Հայաստան-Սփիւռք
համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներից է»:
Մեր երիտասարդ խումբը քաջալերելու համար եկած էին նաեւ Հայաստանի նախկին
հաւաքականի նշանաւոր խաղցողներէն եւ մարզիչներէն Աբրահամ Համամճեանն ու թեթեւ քաշի ըմբշամարտի համաշխարհային աստղ Վանէս Մարտիրոսեանը:
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լոս Անճելըս
Ռամկավար Մամուլ
Հոկտեմբեր 18, 2013