Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)
Դիմատետրը ընկերային հաղորդակցութեան հրաշալի միջոց մըն է, որմէ կ՛օգտուինք բոլորս ալ՝ մեծով-պզտիկով։
Դարուս անհրաժարելի հաղորդամիջոցը դարձեր է ան։
Դիմատետրի ամէնէն գրաւիչ յատկութիւններէն մէկն այն է՝ որ ան կրնայ ծառայել իբրեւ մեր սեփական «մամուլ»ը։ Այո՛, Դիմատետրի մեր էջը մեր սեփական «թերթ»ն է, ուր կրնանք կատարել մեր գրառումները անկաշկանդ, այնպէս ինչպէս խմբագիր մը իր կարծիքները կ՛արձանագրէ իր թերթին մէջ՝ հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար։
Այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով՝ կրնամ մտածել որ Դիմատետրի վրայ երկու տեսակի գրառումներ կան. զուտ անձնական եւ պաշտօնական։
Զուտ անձնական գրառումները իրաւունք չեն տար մեզի որեւէ միջամտութեան։ Մարդիկ ազա՜տ են՝ իրենց ուզածը գրելու, իրենց ուզած ձեւով ու եղանակով։ Մին կը գրէ լատինատառ հայերէնով, ուրիշ մը՝ լեզուական-քերականական ծիծաղելի սխալներով. իրե՛նց հարցն է։ Չենք կրնար միջամտել։ «Թերթ»ին տէրն ու տնօրէնը իրե՛նք են…
Սակայն խնդիրը կը տարբերի՝ երբ գրառումը կը կատարուի իբրեւ հանրային հաստատութեան մը կամ կազմակերպութեան մը պաշտօնական մէկ լրատուութիւնը կամ հաղորդագրութիւնը։ Հոս՝ լեզուական-ուղղագրական սխալները ներելի չեն արդէն, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է տուեալ հիմնարկին վարկը, անունը։
Եւ սակայն… մեր միութենական շրջանակներու դիմատետրային պաշտօնական գրառումները ԿԸ ՎԽՏԱՆ ԱՆՀԱՄԱՐ ՍԽԱԼԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ։
Ինչո՞ւ չեն սրբագրուիր այս գրութիւնները,– կա՛մ գրող ու ընթերցող չե՛ն անդրադառնար այս սխալներուն (կը կարծեն թէ ամէն ինչ ճիշդ գրուած է…), կա՛մ ալ սրբագրող, ուղղութիւն տուող, քիչ-շատ հայերէն գիտցող անձեր չեն մնացած իրենց շուրջբոլորը…։
Երկու պարագային ալ՝ երեւոյթը ողբերգական է։
Թարգմանչաց շաբաթ է։ Կ՛արժէր որ անդրադառնայինք մեր լեզուն վիրաւորող այս խոցելի ու տարածուն «հիւանդութեան» ու լուծումներ որոնէինք։
Պիտի տամ օրինակներ։