Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Պարոյր Աղպաշեան հայերէն կը գրէ
(«Պայքար», թիւ 216)
*** (Տրամադրութիւններն) անդուլ կերպով կը շարունակուին:
—Կերպով-ը աւելորդ բառ մըն է. առանց իրեն՝ անդուլ-ը կատարելապէս կ’արտայայտէ «շարունակուիլ» բայի գործողութեան յարատեւութիւնը:
Ամէն անգամ որ կը փորձուինք այս բառը գործածել,– որովհետեւ ան շուքի պէս կը հետեւի արեւմտահայ գրողին,– ապա պէտք է ի մտի ունենանք, որ 99% անպէտ է ան, իսկ մնացեալ 1% -ն ալ…կասկածելի:
Ամէն հայ գրող պէտք ունի խուսափելու այս բառէն:
***Հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ Սփիւռք…
—Ի նախդիրը կը վերաբերի հաւասարապէս Հայաստան-ին եւ Սփիւռք-ին:
Ասոնք ենթադրուած են կազմել գրաբարի ներգոյականի մէկ քիչ մը զարտուղի հոլովաձեւը, ուր Հայաստան եւ Սփիւռք խնդիրները հաւասարապէս հայցական հոլով պէտք է դրուին: Այդպէս է Հայաստան-ը, սակայն Սփիւռք-ը հայցական չէ: Ասոր հայցականն է սփիւռս. ուրեմն՝ «ի Հայաստան թէ (ի) Սփիւռս»:
Նաեւ՝ հայրենիք- ի հայրենիս, Հայք- ի Հայս, Վիրք- ի Վիրս, Աղուանք-յԱղուանս, փառք– ի փառս, ընթացք-յընթացս, ինքեանք-յինքեանս, կեանք– ի կեանս… եւ այլն:
***Ի բացակայութիւն, գնահատելի տարբերակներու…
—«Ի բացակայութիւն»-ը իր կարգին ենթադրուած է կազմել «բացակայութիւն» գոյականի ներգոյական հոլովը, որ կը հետեւի ի+տրական կաղապարին. ուրեմն՝ «ի բացակայութեան», որ կը նշանակէ բացակայութեան մէջ, ընթացքին, ատեն:
Նաեւ՝ ի պատերազմին, ի մահու(ան), ի գերեզմանի, ի սրտի եւ այլն:
—Ստորակէտը աւելորդ եւ սխալ է. յատկացուցիչն ու յատկացեալը չեն տրոհուիր իրարմէ. չենք գրեր՝ իմ, հացս…քու, պանիրդ…Թորոսին, մուճակը եւ այլն:
***Հակամարտ կողմեր, չեն ընդունիր որեւէ զիջումի երթալ:
Հայերէնի մէջ ոչ մէկ ատեն ենթական եւ ստորոգիչը կը տրոհուին ստորակէտով. չենք գրեր, օրինակ՝ ես, կը նուագեմ…Թորոսը, կ’երգէ…Մարկոսն ալ, կը պարէ :
***Որո՞ւ հաշւոյն
—Պէտք է ըլլայ հաշիւ-հաշուոյն:
Այնպէս ալ՝ պատիւ-պատուոյն:
Այստեղ խնդրոյ առարկայ է իւ>ու ծանօթ հնչիւնափոխութիւնը՝ թիւ-թուիլ, հազիւ-հազուագիւտ, կռիւ-կռուախնձոր, հովիւ-հովուական եւ այլն:
Հետաքրքրական է, որ օրին «Պայքար»-ն ալ կը գրէր հաշւոյն,– շատ ուրիշ հայագէտներու պէս,– բայց ի գին հետեւողական պայքարներու՝ հիմա յաջողեցաւ որդեգրել հաշուոյն ճիշդ ձեւը, անկէ ետք Աղպաշեանի սխալներն ալ սրբագրութեան արժանացան, սակայն Աղպաշեան ինք երբեք չյօժարեցաւ հաշւոյն գրել, կը շարունակէ նոյն ոգիով ու ոտքով. միայն թէ իր գրածը երբեմն կը սրբագրուի, իսկ երբեմն ալ կը վրիպի խմբագրութեան աչքէն: Բախտի մնացած է:
***Արմէն Սարգսեան փորձեց դուրս բերել հայրենիքը դէպի նոր կացութաձեւ:
—«Կացութաձեւ» բառը սփիւռք բերաւ պարոյր Աղպաշեանը եւ ինք միակն է, որ կը գործածէ զայն ահա մօտաւորապէս 50 տարի է ի վեր: Ինքս ուրիշ ոչ մէկ արեւմտահայու գրիչին տակ հանդիպած եմ անոր, միւս կողմէ՝ զայն չենք գտներ արեւմտահայ որեւէ բառարանի մէջ:
Այս հանգամանքները, անշուշտ, պատճառ մը չէին կրնար ըլլալ, որ քննադատէինք անոր կիրարկութիւնը՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ. քաւ լիցի, արեւելահայերէնն ալ հայերէն է, միջին հայերէնն ալ, գրաբարն ալ, եւ մեր հոգիին ու բարբառին դռները բաց են այս բոլորին առջեւ, վասնզի անոնք կը կազմեն մեր նոյն եւ միասնական մայրենին, եւ յատկապէս արեւելահայերէնը, որուն շատ բան կը պարտինք մասնաւորաբար սփիւռքանալէ ետք: Ան արեւմտահայերէնին դայեակի դեր կատարեց ու կը շարունակէ կատարել՝ հայթայթելով անոր ժամանակին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ այն բառամթերքը, որուն դժուար թէ մեր սուղ միջոցներով կարենայինք տիրանալ այն դիւրութեամբ, որ ներկայիս կ’իւրացնենք:
Մերժելին՝ սխալ կիրարկութիւնն է միայն:
Եւ Աղպաշեան սխալ կը կիրարկէ յիշեալ բառը:
Արդարեւ, միասնաբար աչքէ անցընենք անոր տրուած սահմանումները՝ վերահասու դառնալ կարենալու համար իրողութեան: Առ այս դիմենք երեք կարեւորագոյն բառարաններուն, որոնք կը գործեն Հայաստանի մէջ.
—Ակադեմիա. «“տնտեսագիտական” Տուեալ հասարակական-տնտեսական ֆորմացիայի տնտեսութեան հիմնական ձեւը:
—Աղայեան. «“տնտեսագիտական” Արտադրութեան միջոցների սեփականութ- եան որոշակի ձեւով ու դրան համապատասխանող արտադրութեան յարաբերութիւններով բնութագրուող տնտեսական ձեւ»:
—Սուքիասեան. «“տնտեսագիտական” Տնտեսական ձեւ, որ բնութագրւում է արտադրութեան միջոցների որոշակի ձեւով եւ դրա համապատասխանող արտադրական յարաբերութիւններով»:
Սկսելու համար՝ խոստովանիմ, որ…ամէն բան չկրցայ հասկնալ, այնքան բարդ է սահմանուող եզրը: Այսուհանդերձ, յստակօրէն շեշտուած է, որ ան նախ՝ կը վերաբերի բացառապէս տնտեսագիտական մարզին, երկրորդ՝ կը սահմանէ տնտեսական կեցութեան, արտադրութեան ու բաշխումի ընկերային ինչ որ ձեւ մը:
Աւելի-պակաս…անմեղադի՛ր լերուք, զի ա՛յս է չափ հասկացողութեան իմոյ:
Արդ, որքանո՞վ նման հասկացութիւն մը փոխադրելի է Աղպաշեանի կազմած նախադասութեան մէջ, աւելի պարզ՝ մի՞թէ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ըրած փորձերը, ունեցած տեսակցութիւնները, հաստատած յարաբերութիւները որեւէ չափով ու ձեւով կ’առնչուին տնտեսութեան…օրինակ՝ երբ ան կը տեսակցի Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Գագիկ Ծառուկեանի, Վազգէն Մանուկեանի, Գարեգին Բ-ի ու նմաններու հետ, տնտեսական հարցե՞ր կը փորձէ լուծել…խաշած հաւն ալ գիտէ, որ ո՛չ:
Արմէն Սարգսեան անցնող երկու-երեք ամիսներուն չձգեց աղբ մը, որուն մէջ չթաթխէ իր տասը մատները՝ բացի…տնտեսութենէն:
Չերկարեմ, Աղպաշեան կացութաձեւ ըսելով կը հասկնայ պարզապէս …կացութիւն ու վե՛րջ:
Եւ ամբողջ 50 տարի ա՛յս եղած է այդ եզրին…«ըմբռնումը»:
* * *
Մրցոյթ 6. Ինչպէ՞ս կրնաս բեռնաթափել հետեւեալները.
1.Պէտք չէ թոյլ տալ, որպէսզի տեղի ունենան ծայրայեղական բնոյթ ունեցող զարգացումներ:
—Պէտք չէ թոյլ տալ, որ տեղի ունենան ծայրայեղական զարգացումներ:
2.Բարձրացուած հարցերու կարգին էին նաեւ անվտանգութեան վերաբերող հարցերը:
—-Բարձրացուած հարցերու կարգին էր նաեւ անվտանգութիւնը:
3.Իրանի մօտ մտավախութիւն գոյութիւն ունի…
—Իրան մտավախ է (վախ ունի, կը վախնայ):
Ճիշդ պատասխանած են՝ Յարութ Սասունեան, Գէորգ Եազըճեան, Քնար Գորթոշեան, Լեւոն Շառոյեան, Սեդա Գրիգորեան, Եփրեմ Թոքճեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Արմէն Պաղտոյեան, Համո Ապտալեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Համբարձում Յարթունեան, Արմենակ Աւագեան:
* * *
Մրցոյթ 7. Լրացո՛ւր կէտադրութիւնը, ջնջէ՛ աւելորդ բառը եւ կատարէ՛ շարադասական ճշգրտումը հետեւեալին.
«Այն սակաւ պարէնը որ ունի շատ արժէքաւոր է եւ որ պիտի ծառայէ դիմագրաւելու նոր հաւանական սով մը»։