Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
***Մեր գրողներու 99 տոկոսը կը շեշտէ միայն բառին ա ձայնաւորը:
—Ուրկէ՞ կու գայ այս սովորութիւնը, իմա՝ մոլորութունը, ,– չեմ գիտեր, միայն գիտեմ, թէ այնքան խոր հաստատուած է ան մեր մէջ, որ այլեւս կարծես անօգուտ է զայն խնդրոյ առարկայ դարձնել:
Մինչդեռ մեր արդի արտասանութեամբ՝ կը շեշտենք ի ձայնաւորը: Փորձեցէ՛ք քանի մը անգամ փոխնիփոխ շեշտել մէկ կողմէ ի, միւս կողմէ ա ձայնաւորը, եւ վստահաբար պիտի անդրադառնաք, որ ա ձայնաւորը շեշտելի չէ կամ թէ կը ստացուի բոլորովին բռնազբօսիկ շեշտադրում մը: Մինչ որքան հեզասահ ու բնական է ի-ի շեշտադրումը՝ մի՛այն: Միւս կողմէ անշուշտ՝ մի՛միայն:
***ԱԹՍ
—Այս՝ այսուհետեւ երիցս տխրահռչակ, սարքը օրին ալ չէի սիրեր, եւ պատճառը իր անշնորհք անունն էր՝ անօդաչու թռչող սարք:
Ոմանք,– շատ քիչեր ու շատ քիչ անգամ,– կը գրեն անօդաչու սարք, որ լիովին բաւարար է՝ բնորոշելու համար զայն: Երբ առարկայ մը անօդաչու կը կոչենք, բանիւ նովին ակնարկած կ’ըլլանք հասկացութեան մը կամ սարքի մը, որ կը թռչի, սակայն առանց օդաչուի: Պատահա՞ծ է, որ մէկուն մտքէն անցնի «անօդաչու» կոչել թռչելու յատկութենէն զուրկ առարկայ մը, ըսենք՝ աթոռ մը, գիրք մը, կօշիկ մը կամ թէ լողացող, սողացող, քալող էակ մը:
Տրամաբանօրէն անօդաչու կրնայ ըլլալ միայն այն առարկան, որ օժտուած է թռչելու յատկութեամբ եւ սակայն…առանց օդաչուի:
Մարդկային բանականութիւնը ունի իր որոշ օրինաչափութիւնը, որ չի շեղիր , չի սայթաքիր եւ կը գործէ ամէն արարածի մէջ:
Եւ անօդաչու անուանումը գաղափարներու անշեղ զուգորդութեամբ կը թելադրէ թռչող հասկացութիւնը, որ հարկ չկայ կրկնելու եւ ծանրաբեռնելու այս եզրը:
***«Արցախը անկասկած, պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին»:
—Որքան ազնիւ ցանկութիւններ կրնան խափ-խայտառակ դառնալ ապիկար գրողին կամ խօսողին պատճառով, ինչպէս բերուած օրինակն է, որ իր կարգին ճիշդ մտածուած, սակայն սխալ շարադրուած է,– ինչպէս կը պատահի սովորաբար:
Յանցաւորը…ստորակէտն է, որ սխալ կամ անտեղի կիրարկուած է, այսպէս է, որովհետեւ արեւմտահայ գրողը շատ կարեւորութիւն չի տար նման աննշան բաներու:
Այդ ստորակէտին պատճառով նախադասութիւնը բաժնուած է երկու ոչ-ինքնաբաւ հատուածներու.
ա) Արցախը անկասկած…
բ) պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին…
Այս երկուքէն ոչ մէկը ըստ ինքեան, այսինքն՝ առանձնաբար, բան մը կ’ըսէ:
Եւ որպէսզի այս բառակոյտը կենդանութիւն եւ իմաստ ստանայ, պարտէինք գրել հետեւեալ երկուքէն մէկը.
ա)Արցախը, անկասկած, պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին:
բ) Արցախը անկասկած պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքին:
Առաջինին մէջ անկասկած-ը վերածուեցաւ միջանկեալ խօսքի, մինչ բնագիրին մէջ ան որոշիչն էր Արցախ-ին եւ անոր հետ կը կազմէր մեկուսի բառակապակցութիւն մը: Իսկ Արցախ-ը՝ իբրեւ ենթակայ, կապուեցաւ պիտի վերադառնայ ստորոգիչին:
Միջանկեալ խօսքը կրնայ ըլլալ բառ մը, ինչպէս այստեղ է, բառակապակցութիւն մը, ամբողջ նախադասութիւն մը, աւելին ալ… ան քերականօրէն չի կապուիր խօսքի մնացեալ անդամներուն հետ[1]. բանաւոր խօսքի մէջ կ’արտասանուի աւելի անկեալ հնչերանգով: Պատկերացուցէք բեմին վրայ դերակատար մը, որ կը խօսի. կը պատահի, որ ան ձեռքը շեղակի բերանին տանի, դադրի խօսակիցին նայելէ, յառաջանայ դէպի հանդիսատեսները ու բաներ մը ըսէ հապճեպով ու քիչ մը ցած ձայնով, խօսակիցին անլսելի մնալու ճիգով…ահա այդ եւս միջանկեալ խօսք է, որ չի կապակցուիր խօսակիցին ուղղած խօսքի բովանդակութեան, անկէ դուրս է: Սա՛ եւս միջանկեալ խօսք է, բեմակա՛ն տարբերակը:
Երկրորդ տարբերակով մը ջնջեցինք ստորակէտը, եւ այս պարագային անկասկածը կը դառնայ նախադասութեան լիարժէք անդամը եւ կ’որոշադրէ պիտի վերադառնայ ստորոգիչը. ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ,– անկասկած:
Այս պարագային կարելի է նոյնիսկ շեշտով մը օժտել զայն՝ ա՛նկասկած:
***«Նախագահ Պայտընի երդմնառութեան օրը»…(«Պայքար», թիւ 207, էջ 2):
Ես հիացում ունիմ անոնց հանդէպ, որոնք…նոր բառ կը հնարեն:
Վրէժ-Արմէնը վկայ է, որ անկեղծ եմ. ատենը մէյ մը զինք շնորհաւորելու առիթ կ’ունենամ, աւելի ճիշդը՝ ինք կը ստեղծէ այդ առիթը իր նորագիւտ ու շնորհալի բառերով, որոնք քիչ մըն ալ բարի նախանձս կը գրգռեն:
Բայց…
Հիմա դառնանք մեր բարախը. երբ ընտրեալ նախագահ մը աջ ձեռքը կը բարձրացնէ եւ աւագ դատաւորին ու ազգի ներկայացուցիչներու առջեւ կ’երդնու՝ ստանձնելու համար իր պաշտօնը…ան երդում առա՞ծ, թէ՞ տուած կ’ըլլայ…
Որքան ես գիտեմ՝ տուած կ’ըլլայ:
Անցեալին հայը կ’ըսէր երդնուլ, ներկայիս կ’ըսէ երդուիլ, նաեւ՝ երդում տալ, ժողովրդախօսակցական ոճով՝ երդում ուտել: Բայց ոչ՝ երդում առնել: Հետեւաբար երդմնառութիւն-ը ճիշդ յղացք մը չէ, չունինք երդմնատւութիւն եւս, որ սպասելի բառ մըն է, եւ եթէ հանդիպէի այս մէկին, բնաւ պիտի չգայթակղէի:
Այս պարագային մեր ունեցածը պաշտօնակալութիւն բառն է:
Որ կը նշանակէ պաշտօն մը ստանալը, ստանձնելը:
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ դուք հնարէք աւելի լաւը:
Վասնզի ամէն հայերէն խօսողի ու գրողի իրաւունքն է բառեր ստեղծել ու փորձել զայն տարածել ու յանձնել ժամանակի ահեղ, բայց եւ անաչառ դատաստանին պայմանաւ անշուշտ, որ քիչ մը կուտուկորկոտ ունենայ ան, եւ Պարոյր Աղպաշեանի օրնիբուն ստեղծած այլանդակութիւններուն չնմանի: Վերջին որոշումը տուողը կ’ըլլայ լեզուն, այսինքն՝ զայն կիրարկող հաւաքականութիւնը:
[1] Այս հանգամանքը կէտադրականօրէն կ’արտայայտուի կ՛ամ երկու փակագիծով, կա՛մ երկու ստորակէտ-գիծով, կա՛մ երկու ստորակէտով նայած անոր՝ իր շրջապատէն ունեցած խզումի աստիճանին: