ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
- Շատ ուշադիր կարդանք.
«Սարդարապատ գիւղում 19-րդ դարում կառուցուել է Ս.Աստուածածին եկեղեցին: Բազիլիկ[1] տիպի եկեղեցի է, լայնութիւնը`33 մ, երկարութիւնը` 17 մ»:
Աւարտեցի՞ք ընթերցումը: Նկատեցի՞ք…բառախաղը:
Երկարութիւնը՝ 17 մ, լայնքը՝ 33 մ. այսինքն՝ լայնքը երկարութեան կրկնապատիկն է:
Մեր քիթի՞ն կը խնդան այս մարդիկ:
* * *
Նախ խոստովանիմ, որ կեանքիս մէջ առաջին անգամն է նման հակասական բան կը կարդամ լուրջ մարդու գրիչին տակ. իսկ այս տողերը գրողը՝ շատ լուրջ մարդ է:
Ուրե՞մն…
Առաջին ցնցումը անցընելէս ետք կը մտածեմ՝ ինչո՞ւ նման չափագրութիւն մը:
Ո՞ւր է ասոր տրամաբանութիւնը,− եւ կը գտնեմ պատասխանը:
Հայ եկեղեցիին խորանը հարկադրաբար ուղղուած կ’ըլլայ դէպի արեւելք, ճիշդ ինչպէս մզկիթի մը յառաջակողմը ուղղուած կ’ըլլայ դէպի Մեքքէ: Անշուշտ մերը շատ աւելի հին սովորութիւն մըն է:
Եւ ահա վերի թիւերը տուողը «երկարութիւն» կոչած է տաճարին մուտքէն-խորան երկարող՝ արեւմուտք-արեւելք տարածութիւնը՝ անկախ անոր չափէն, եւ «լայնք» կոչած է հիւսիս-հարաւ տարածութիւնը՝ դա՛րձեալ անկախ անոր չափէն:
Շատ տրամաբանական արեւելում մըն է այս, որքան ալ թիւերու լեզուով անհեթեթ կամ գոնէ հակասական թուի:
Այս պահուս չեմ գիտեր, թէ իր խորանը դէպի արեւելք ուղղող ուրիշ եկեղեցի գոյութիւն ունի՞: Լաւ գիտեմ, օրինակ, որ այստեղ՝ Լիբանանի մէջ, գոնէ մարոնի համայնքը, անոնց հետ հայ կաթողիկէներն ալ, չունին այդ սովորութիւնը. իրենց խորանը կրնայ ուղղուած ըլլալ որեւէ կողմ:
2.Լեւոն Արոնեան 2,5:0,5 հաշիւով վստահօրէն յաղթեց ատրպեյճանցի Մամեդեարովը:
Ուրեմն անվստահ, թէկուզ կասկածելի յաղթանակնե՞ր ալ կրնան գտնուիլ, յատկապէս ճատրակի մրցոյթի սահմաններէն ներս, ուր ամէն քայլ ու շարժում հազար աչքէ ու քննութենէ կ’անցնի ու յետոյ միայն գնահատանք կը կատարուի:
Այս լրատւութիւնը կատարողը վստահաբար հայերէն չի մտածեր, այլ հարց, թէ հայերէն կը գրէ, սակայն ուղեղը արդէն վարակուած է օտարաբանութեամբ: Հիմա ճիշդ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ լեզուով կը մտածէ ան եւ ի՛նչ լեզուէ կը կատարէ թարգմանութիւնը, ուրկէ մեքենաբար բերուած է այդ բառը հայկական թերթի մը մէջ:
Հայեցի մտածողին համար՝ յաղթանակը կրնայ այլ որոշիչներ ընդունիլ, ինչպէս՝ արդար, փայլուն, անվիճելի, աննախընթաց, արժանի, սպասուած, համոզիչ, փառաւոր, շշմեցուցիչ եւ այլն, սակայն ոչ…վստահ(օրէն): Կարելի՞ է ածականներու այս առատութեան մէջ այդքան խեղճանալ եւ կառչիլ «վստահօրէն»-ին:
Այսպէս կ’ընեն հացադուլ յայտարարողները, պայմանաւ որ անոնք հացի փոխարէն…յարդով չյագենան:
Կայ երկրորդ խորթութիւն մըն ալ, որ է Մամեդեարովը հայցականը, որ պէտք է ըլլայ տրական՝ Մամեդեարովին: Այս հայցականն ալ օտարաբանութիւն է. կան լեզուներ, որոնք յաղթել բային խնդիրը հայցական հոլով կը դնեն, թէեւ մեր մէջ ալ բաւական խախտած է կանոնը, եւ այդ խախտումը կու գայ գրաբարի օրերէն:
- Եւ հետեւեալը ի՛ր կարգին.
«Իրան հրաժարեցաւ խզելէ կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը»:
Մեծ-մեծ բառեր՝ մեծ-մեծ սխալներով թաթաւուն:
Այտեղ ունինք մակարդակը խնդիրը, որ ենթադրուած է պատկանիլ երկու բայի՝ խզելէ եւ նուազեցնելէ:
Դիւանագիտական մակարդակը նուազեցնել բառակապակցութիւնը ձեւով մը ընդունելի է, թէեւ այդ նոյն գաղափարը այլ՝ աւելի պատշաճ ձեւ բանաձեւել անկարելի չէր:
Անըմբռնելին այդ մակարդակին... խզումն է. մակարդակը ինչպէ՞ս կարելի է խզել. ան ո՛չ պարան է, ոչ բանակցութիւն է, ոչ պատմութիւն, ոչ դաշնագիր է, ոչ կապանք է, ոչ շղթայ է…ասոնք բոլորը խզելի են, սակայն մակարդակը խզելի չէ:
Խոստովանինք, որ սա իր կարգին… սովորական վրէպ մըն է, ուր գրողին կամ խօսողին մտասեւեռումին առարկան մէ՛կ հասկացութեան վրայ է կեդրոնացած, այստեղ մակարդակ բառն է այդ, եւ մոռացութեան տրուած է միւսը: Եւ ոչ բոլորովին. կը գտնենք յարաբաերութիւն բառը եւս՝ «յարաբերութեան մակարդակը»,− որ արժանի ուշադրութեան կամ կառավարումի չէ արժանացած:
Գրողը հաւանաբար կը մտածէր սա՛պիսի բան մը.
«Իրան հրաժարեցաւ խզելէ իր յարաբերութիւնը կամ գոնէ նուազեցնելէ Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական մակարդակը»:
Այսպիսիները ընդհանրապէս երկրորդ ընթերցումով մը սրբագրելի կամ գէթ բարելաւելի վրէպներ են, սակայն մեր լրագրողներուն դժբախտութիւնը այն է, որ անոնք գերբեռնուած կ’աշխատին, միւս կողմէ մեր թերթերը սրբագրիչ մը պահելու ի վիճակի չեն՝ տնտեսական պատճառներով:
Սփիւռքի մէջ չյաջողեցանք, դժբախտաբար, ստեղծել հիմնադրամ մը, որ պիտի ծառայէր ցանկալի մակարդակի վրայ պահելու մեր դպրոցներն ու մամուլը. ասոնք հաւասարապէս էական են լեզուի ու ազգային դիմագիծի պահպանումին մէջ:
- Ներկայ ընթացքով…դէմ-յանդիման կը կանգնինք կացութեան մը, որ կը վտանգէ «Մարմարա»-ի մտածողութիւնը. բանականութեան մթագնում մը սկսած է համակել այս թերթը, որ այնան փայլուն անցեալի տէր էր: Անբուժելի զառամախտ մը սկսած է հալածել զայն՝ բոլոր յոռետես նախատեսութիւններով:
Ահաւասիկ փաստը, եւ սա ռաջինը չէ.
«Դասաւանդութեանց ճամբով եղան կաղացումներ, որոնց ամբողջացումը պէտք է կատարուի վերամուտին» (Մարմարա, 6-7-21):
Լաւ հասկցա՞ք ըսուածը եւ անդրադարձա՞ք այն ահաւոր հեռանկարին, որուն ուղղած է իր աչքերը այս տողերը գրողը:
Ճիշդ ի՞նչ կը նախատեսուի կատարել վերամուտին:
Կը նախատեսուի «վերամուտին ամբողջացնել տեղի ունեցած կաղացումները»:
Այլ խօսքով՝ տեղի ունեցած կաղացումներուն վրայ աւելցնել բաներ մըն ալ եւ ամբողջացնել բացը, իր լրումին հասցնել զայն:
Ես չեմ հաւատար, որ «Մարմարա»-ին ուզածը այս է, այլ հարց թէ…ճերմակի վրայ սեւով ա՛յս ըլլայ գրուածը: Հապա ի՞նչ է ուզուածը:
Ըսել ուզուածը այն է, որ «դարմանուին, սրբագրուին, ուղղուին» այս կաղացումները:
Այսինքն՝ շփոթուած են ամբողջացնել եւ դարմանել… բայերը:
Մրցոյթ 39.
*** Երբ ազգերը զօրաւոր են, անոնք արդար չեն միշտ, իսկ երբ արդար են, զօրաւոր չեն միշտ (Churchil):
***Փորձէ՛ վերացնել կրկնաբանութիւնը:
—Օդի ջերմաստիճանը աստիճանաբար կը նուազի 5−7 աստիճանով (Արմէնպրես):
Օդի ջերմութիւնը կը նուազի 5−7 աստիճան:
***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները:
—Իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կանգնեցան:
Իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ կանգնեցան:
—Այս երկու ուժերը միշտ չէ որ իրարու հետ համերաշխօրէն կ’ընթանան:
Այս երկու ուժերը միշտ չէ որ համերաշխ կ’ընթանան:
—Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են անվտանգութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին քննարկուած են անվտանգութեան հարցեր:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ալին Գարակէօզեան(8), Քերոբ Էքիզեան(9), Լիւսի Տէօքմեճեան(7), Գրիգոր Դաւիթեան(7), Գէորգ-Նաթալի Եազըճեան(8), Վահէ Աբէլեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6),Ցոլակ Ապտալեան (5), Արմէն Պաղտոյեան (5), Համո Ապտալեան (5),Պերճ Տէր Սահակեան (8):
Մրցոյթ 40.
***Խելացի մարդը նախ կը մտածէ, ապա կը խօսի, իսկ…(Լրացո՛ւր):
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր.
—Բոլորը պարտաւոր են վերջ տան արիւնահեղութեան եւ երկիրը փրկեն ամբողջական կորուստէ:
—Պատրիարքը ընդունեց Նուրհան Սոյքանը, որ միջկրօնական ծրագիրի մը համակարգիչն է:
—Օրհասական բնոյթի ժամանակի մահացու սպառնալիքի ծոցին մէջ կ’ապրինք:
***Ո՞րն է ճիշդը.
—Այսպիսի բան ըսող ու մտածող չէ գտնուած:
—Այսպիսի բան մտածող ու ըսող չէ գտնուած:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
ՇԱԲԱԹ 2 ՕԳՈՍՏՈՍ 1969, կէսօրէ վերջ.-
Ֆրանսահայ զբօսաշրջիկներու մէկ մասը…
[1] Բասիլ (βασιλεύς, բարսեղ) − արքայ, բազիլիկ (βασιλική) − մայր՝ արքայական տաճար