Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Մօիկ անցեալին Լեզուի կոմիտէութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով կը զգուշացնէր յատկապէս արեւելահայ գրողները չչարաշահելու որպէսզի շաղկապը՝ կիրարկելով զայն որ շաղկապի փոխարէն հոն, ուր նման փոխարինում թոյլատրելի չէ:
Եւ առ այս կու տար օրինակներ, ինչպէս են հետեւեալները.
***Թուրքիայի քրդերը պահնջում են, որպեսզի Անկարան միջամտի եւ պաշտպանի Կոբանիի քուրդ բնակչությանը («Լրագիր-ամ»):
***Ցուցարարները պահանջում են, որպեսզի նախագահ Սերժ Սարգսյանը հանդես գա ուղիղ եթերով («Ազատութիւն» ռադիոկայան):
*** Եւ մենք յստակ նպատակադրուած ենք, որպէսզի այդ ներդրումային ծրագրերը աշխատատեղեր ստեղծեն աղէտի գօտում (Ն. Փաշինեան):
***Խնդիրներից մէկն է ստեղծել այնպիսի երաշխիքներ, որպէսզի փտածութիւնն ալյեւս ծիլ չտայ (Արմէնփրես):
Լեզուի քիչ թէ շատ ճիշդ ուղղուածութիւն եւ բծախնդրութիւն ունեցող հայը բերուած օրինակներուն մէջ պէտք չէ «որպէսզի» դնէ, այլ պէտք է դնէ «որ»:
Ասոնք կը պատասխանեն հետեւեալ հարցումներուն՝ ի՞նչ, ինչի՞, ինչպիսի՞:
Այսպէս՝
– Ի՞նչ կը պահանջեն,– կը պահանջեն որ Անկարան միջամտէ. կը պահանջեն որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հանդէս գայ. ինչպիսի՞ երաշխիքներ,– որ այլեւս ծիլ չտայ (ծիլ չտուող երաշխաիքներ):
Եւ ոչ թէ՝ ի՞նչ նպատակով…
Մինչդեռ բերուած օրինակները ձեւականօրէն կը պատասխանեն «ի՞նչ նպատակով» հարցումին:
Արեւելահայ լեզուաբանները միշտ ալ համոզուած են, որ այս սխալ կիրարկութեան աղբիւրը ռուսերէնն է, որ կամք, իղձ, փափաք, ձգտում նշանակող բայերու հետ կը գործածէ որպէսզի՝ փոխանակ որ-ի:
Այսինքն՝ հոն ուր հայը կ’ըսէ՝ կը փափաքիմ որ…ռուսը կ’ըսէ՝ կը փափաքիմ որպէսզի…:
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ համաճարակը վարակած է շատ բայեր եւս՝ չսահմանափակուելով ռուսական նեղ պարունակին մէջ:
Օրինակներ՝
***Մարտի 1-ի քրէական գործի քննութեան այս փուլում անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը գտնուի կալանքի տակ («Արմէնպրես»):
***Գիւղացիները փակել են ճանապարհն ու պահանջում են, որպէսզի անասնագողերը յայտնաբերուեն (Շամշեան):
*** Եւ մենք յստակ նպատակադրուած ենք, որպէսզի այդ ներդրումային ծրագրերը աշխատատեղեր ստեղծեն աղէտի գօտում (Ն. Փաշինեան):
***«Ուզում եմ մաղթել, որպեսզի որքան հնարաւոր է շուտ ձևաւորէք կառավարութիւնը (Ա. Սարգսեան):
Ծանօթ,– Հիմա նոր վարակ մըն ալ սկսած է գործել. որպէսզի ըսելու փոխարէն որպիսի ըսողներ կան, եւ այս՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ…
Եւ ենթադրելի էր, որ այս բոլորը Երեւանէն ուղիղ գծով կ’արտածուին ի սփիւռս՝ գալու փաթթուելու համար մեր խեղճ ու անտէր արեւմտահայերէնի նկուն վիզին:
* * *
Այլ հարց թէ մեր մէջ անոր գործած աւերը նոյնքան վաղեմի ու տարողունակ ըլլալ կը թուի, որքան արեւելահայերէնի մէջ, որ, այս պարագային, հազիւ թէ պատասխանատու համարուի:
Է՜հ, մեզ (արեւմտա)հա՛յ են ասում…
***Ան համոզեց ցարը, որպէսզի հայոց եկեղեցական կալուածները գրաւելու հրամանագիր հանէ (Մ. Իշխան, «Գրականութիւն», Բ., էջ 234):
***Համոզեցի հայրս, որպէսզի մէկ տարիով ամբողջացնեմ ուսումս Լոնտոնի մէջ ( Վահագն):
***Նախագահ Քենետի կը թելադրէ իր տնտեսագէտներուն, որպէսզի Ֆրանսա գան…(Ա. Ծառուկեան, «Առկայծող հայեր», էջ 157):
***Ռազմավարութիւնը կը պահանջէ, որպէսզի Վարդգէս որոշ թերահաւատութիւն մը ցոյց տայ (անդ, էջ 178):
***Խնդրած էին Լորենսէն, որպէսզի եօթը անուններ ճշդէ (Ա. Ծառուկեան, «Սփիւռքի տասնամեակները», էջ 36):
***Այդ փոքրիկ դէպքերը արգելք չեղան, որպէսզի… գործը իր բնականոն ճամբով ընթանայ ( Ռուբէն, Բ., էջ 52):
***Ան յանձնարարեց Հայաստանի ակադեմիային, որպէսզի կազմակերպէ գիտաժողով մը («Ազդակ», 5-8-2000):
***Յետոյ պէտք եղաւ, որպէսզի մարդիկ գրաբարին ոտքը երթան (Յ. Սիրունի. «Պոլիսն ու իր դերը», Դ., էջ 21):
***Հայկական կողմը առաջարկած է, որպէսզի Թուրքիա ինք ստանձնէ միջնորդի դերը ( «Մասիս» շաբաթաթերթ, 3-1-09, էջ 30):
***Նման ներարկում մը մղած է, որպէսզի վերստին աճին մուկերուն ստեւները ( «Ազդակ», 20-9-11, էջ 7):
***Զօրավարը կառավարութենէն պահանջած է, որպէսզի աւելի ընդարձակ լիազօրութիւններ տրուին բանակին («Մարմարա», 20-9-12):
***Միջազգային կազմակերպութիւնները առաջարկած են Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի հարցը ուսումնասիրեն ( «Ազդակ», 24-2-99):
***Նախագահի հրաժարականի հարցը կը դրուի այն պատճառով, որպէսզի անոր հեղինակութիւնը տկարանայ բանակցութիւններու ժամանակ (անդ):
***Կը պահանջուի հայերէն, որպէսզի կռուող մարտականները թողուն Վանը («Նոր կեանք», 16-5-13, էջ 31):
***Պէտք է պարտադրեն ձեռնարկութիւններուն, որպէսզի վճառեն իրենց պարտքը (անդ):
* * *
Մրցոյթ 4. «Ժահրի անգլիական տարբերակը սրընթաց կերպով կը յառաջդիմէ»:
ա)Կերպով աւելորդ է, սրընթաց-ը արդէն կերպ ցոյց կու տայ:
բ) Կը յառաջդիմէ դրական հասկացութիւնը անյարիր է ժահրին, որ բացասական հասկացութիւն է: Աւելի յարմարը՝ կը յառաջանայ, կը տարածուի, կը զարգանայ…
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան, Լեւոն Շառոյեան, Մանուէլ Ֆարաճեան:
Մրցոյթ 5. Սրաբգրել հետեւեալ երեքին սխալ շարադասուած տարրերը:
ա) Պետութիւնը ազատօրէն թոյլատրած էր օգտագործել այս թմրանիւթը:
բ) Վերակացուին կողմէ գործուած մանուկին դէմ բռնութեան թղթածրարը:
գ) Այն օրերու Հայաստանի Գրողներու միութիւնը տուաւ այս որոշումը: