Պատմաբան Թաներ Աքչամ յօդուածաշարքի մը մէջ Հայկական հարցի տեսանկիւնէն կը քննարկէ «Նոր Թուրքիոյ» դպրոցներուն մէջ գործածուած դասագիրքերը, որոնք բոլորովին կը հակասեն այժմ նոր Թուրքիա մը կերտած ըլլալու պնդումներով յայտնուող, մինչեւ իսկ հայերն ալ այս նոր Թուրքիոյ հիմնադիր հանդիսանալու հրաւէր ուղղող Արդարութեան եւ բարգաւաճման կուսակցութեան իշխանութիւններուն յայտարարութիւններուն: «Նոր Թուրքիոյ» մը գաղափարը անշուշտ տեսլականի մը արդիւնք է, նախագահ Էրտողանի ընտրական ամբողջ արշաւը հիմնուեցաւ այս տեսլականին վրայ եւ Տաւուտօղլուի կառավարութիւնն ալ այժմ իր ծրագիրը պատրաստած է այս տեսլականին լոյսին տակ: Նոյնիսկ հայերու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու հրաւէր ուղղուեցաւ, որպէսզի անոնք ալ մասնակցին ու դառնան նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները, եւ մերժողներուն նկատմամբ ոմանք բարկութիւն արտայայտեցին: Բայց, կ՛ըսէ Աքչամ, հետաքրքրական է գիտնալ, որ նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները ի՞նչ կը մտածեն հայերու կապակցութեամբ: Այս մասն ալ գաղափար կազմելու համար կը բաւէ նայիլ, թէ անոնք ինչպիսի՛ դասագիրքեր կարդալ կու տան դպրոցներու մէջ, որովհետեւ դասագիրքերը լաւագոյնս կը ցոլացնեն իշխանութիւններուն մտայնութիւնը:
Աքչամ դիտել կու տայ, որ այժմ դպրոցներու մէջ գործածուած դասագիրքերը շատ յստակ կերպով կը ցոլացնեն Էրկենեքոնի գլուխով նոր սերունդներ հասցնելու մտահոգութիւն մը: Նախակրթարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք այս նիւթին հետ առաջին անգամ դէմ յանդիման կու գան, դասագիրքէն կ՛իմանան, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան դիմաց երեք հիմնական վտանգներ կան: Ասոնք են` Հայկական հարցը, ահաբեկչութիւնը եւ միսիոնարները: Այս իրողութենէն մեկնելով` Աքչամ կ՛ըսէ, որ դեռ կը տիրէ Էրկենեքոնի այն մտայնութիւնը, որուն պատճառով սպաննուեցան Մալաթիոյ միսիոնարները կամ Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքը: Ուրեմն նոր Թուրքիոյ հիմնադիրներն ալ նոյն մտայնութիւնը ունին ու Հայկական հարցը Թուրքիոյ թիւ մէկ վտանգը կը նկատեն: Այս կարգէն է անշուշտ, որ անոնք հայերը կը ծանօթացնեն որպէս ժողովուրդ մը, որ հայրենիքը պառակտել կը ջանայ, որ թուրքերու ու մահմետականներու վրայ կը յարձակի, որ նոյնիսկ այս նպատակներուն հասնելու համար յերիւրած է Հայոց ցեղասպանութեան սուտ մը:
Հարկաւ հիմա նոր Թուրքիոյ կերտիչները պիտի առարկեն` ըսելով, որ այս դասագիրքերը առաջուց պատրաստուած էին, նուազագոյն մէկ տարի պէտք է, որպէսզի նոր դասագիրքեր պատրաստուին, ուստի հարկաւոր է քիչ մը սպասել: «Մենք անշուշտ պատրաստ ենք ընդունելու, եթէ մեզի ըսուի, որ` «Ներողութիւ՛ն, մենք անմիջապէս պիտի փոխենք այդ դասագիրքերը»: Այդ ներողութիւնը ընդունելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ եղածին դիմաց ընելիք միակ բանն է ներողութիւն խնդրել ու այդ դասագիրքերը ետ հաւաքել, կ՛ըսէ Աքչամ:
Աքչամ իր խորհրդածութիւնները յառաջ տանելով` կ՛ըսէ, որ իրականութեան մէջ պէտք է տարբեր հարցում մը ուղղել հայերու: Հարցնել, թէ` «Դուք ինչպէ՞ս կը շարունակէք ապրիլ երկրի մը մէջ, որուն երիտասարդներուն կը ներկայացուիք որպէս վտանգ ու թշնամի»: Ի՞նչ տեսակ բան է ապրիլ այսպիսի երկրի մը մէջ»: Ուրեմն փոխուած բան մը չկայ: Դեռ ո՛չ միայն կը կրկնուին Էսատ Ուրազի, Քեամուրան Կիւրիւնի, Կիւնտիւզ Աքթանի եւ Եուսու` Հալաճօղլուի նմաններուն այլեւս օթեկցած տեսակէտները, այլ նաեւ կը կրկնուի զինուորական տիրապետութեան Էրկենեքոնի մտայնութիւնը:
Թաներ Աքչամ «Թարաֆ»-ի մէջ հրատարակուած իր յօդուածին երկրորդ մասին մէջ ալ, կը շարունակէր նայիլ ուրիշ դասագիրքերու: Ասոնցմէ մէկն էր «Օրթաէօղրեթիմ-Թիւրքիյէ Ճումհուրիյեթի ինքիլափ թարիհի վէ աթաթիւրքճիւլիւք» դասագիրքը: Այս գիրքին մէջ Ատանայի կոտորածները ներկայացուեր են որպէս «Ատանայի հայոց ապստամբութիւնը»: Մինչդեռ այս դէպքերուն մասին այդ շրջանի իթթիհատականներն անգամ այսպիսի լեզու մը չէին գործածած, ուրեմն այսօրուան նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները 1909 թուականի իթթիհատականներէն իսկ ետ կը մնան:
Թաներ Աքչամ կը նայի նաեւ, որ այս գիրքին մէջ ինչպէ՛ս խօսուած է 1915-ի պատահարներուն մասին եւ դիտել կու տայ, որ դասագիրքը կը կրկնէ նիւթեր, որոնք արդէն անգիր սորված ենք, եւ որոնք որեւէ լուրջ բովանդակութիւն չունին: Օրինակ, դասագիրքը կը պատմէ, որ 1914-1915 թուականներուն հնչակ եւ դաշնակ կուսակցութիւնները Անատոլուի զանազան տեղերը ապստամբութիւններ իրականացուցին: Ասոնք մինչեւ իսկ կը սպաննէին այն հայերը, որոնք իրենց չէին միանար: Նոյնիսկ կ՛ըսէին. «Եթէ փրկուիլ կ՛ուզես, նախ դրացիդ ոչնչացուր եւ տակաւին ինչե՜ր: Հայերը օգտուելով այն իրողութենէն, թէ թուրք այրերը ռազմաճակատ մեկնած էին, յարձակեցան անպաշտպան մնացած թրքական գիւղերու վրայ եւ սպաննեցին գիւղի ժողովուրդը` առանց խտիր դնելու կիներու եւ մանուկներու միջեւ:
Թաներ Աքչամ նորութեան մասին չէ որ կը խօսի. արդարեւ, հին տեսակէտ է այն պնդումը, որ այսօր ալ տեղ ունի դասագիրքերու մէջ, եւ ըստ որուն, հայերը կռնակէն զարկին օսմանեան բանակին, այդքանով ալ չբաւարարուեցան, ռուսերու ի նպաստ լրտեսութիւն ըրին եւ իրենց քաղաքներուն մէջ ապստամբելով` դիւրացուցին ռուսերու բռնագրաւումը:
Թաներ Աքչամ յիշեցնելով այս բոլորը` դիտել կու տայ, որ այսօր եւս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայեր կան: «Դուք անգամ մը ձեզ այդ հայերուն տեղ դրէք` խնդրեմ», կը գրէ Թաներ Աքչամ:
Աքչամ դիտել կու տայ, որ դասագիրքերուն մէջ միշտ նոյն պատմութիւնները տեղ կը գտնեն: «Օսմանեան պետութիւնը պատերազմի պատճառով տեղահանուած հայերու կապակցութեամբ միջոցառումներ ձեռք առած էր, տեղահանուած հայերուն տուրքերը յետաձգուեցան, արտօնուեցան, որ իրենց ուզած իրեղէնները միասին առնեն եւ անոնց քով պաշտօնեաներ տրուեցան, որպէսզի պաշտպանուին տեղահանուած հայերու կեանքն ու ինչքերը: Թաներ Աքչամի համաձայն, այս բոլոր խենթի ձաբռտուքները որպէս պատմական տեղեկութիւն կը հաղորդուին աշակերտներուն:
Այնուհետեւ Աքչամ կը քննէ տակաւին ուրիշ դասագիրքեր ալ, որոնք միշտ նոյն յանկերգը կը կրկնեն: Ան կը մեղադրէ դասագիրքերու հեղինակները, որոնք շարժած են այն մտայնութեամբ, թէ` «Ի՞նչ կ՛ուզես, ըսէ, այս ժողովուրդը կը կլլէ, նետէ` երթայ»: Գրէ` ի՛նչ որ կ՛ուզես, կը բաւէ, որ հայերու դէմ ըլլայ: Ըստ Աքչամի, այս դասագիրքերուն հեղինակները եթէ վերի մտայնութեամբ շարժած չըլլային, գոնէ անգամ մը կը նայէին օսմանեան արխիւի կողմէ Ատանայի սպանդին մասին հրատարակուած երկու հատորներուն, ուր պիտի տեսնէին, որ բնաւ խօսք չկայ հայերու ապստամբութեան մը մասին:
Տակաւին բազմաթիւ մէջբերումներ ընելէ ետք, որոնք ընդհանրապէս նոյն պատմութեան շուրջ կը դառնան, Աքչամ այսպէս կը վերջացնէ իր երկրորդ յօդուածը.
«Խոստովանիմ, որ ըսելիք խօսք չեմ կրնար գտնել: Հիմա կը յիշեմ 1990-ական թուականները: Այդ օրերուն այսպիսի խենթի ձաբռտուքներ եւ պնդումներ նորաձեւութիւն էին: Կիւնտիւզ Աքթան, Շիւքրիւ Էլեքտաղ եւ Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ այսպիսի անձեր այս սուտերը կը տարածէին որպէս տեղեկութիւն: Ես ալ անոնց կը յանձնարարէի կարդալ վարչապետարանի օսմանեան արխիւէն հրատարակուած փաստաթուղթերը: Այս փաստաթուղթերուն մէջ ո՛չ միայն պատմուած է, որ Էտիրնէի, Քիւթանիոյ, Պոլուի, Քասթամոնուի նման Անատոլուի գրեթէ բոլոր քաղաքներու հայերը աքսորուած են, այլ նաեւ բազմաթիւ կուսակալներ եւ նահանգապետներ իրենց հեռագիրներուն մէջ տեղեկացուցած են, որ իրենց շրջաններուն մէջ որեւէ հայ չէ մնացած:
Երբ հասկցուեցաւ, որ այս բոլորը սուտ էին, շատեր այլեւս վերջ տուին նմանօրինակ ձաբռտուքներու, բայց այնպէս կը հասկցուի, որ նոր Թուրքիոյ հիմնադիրները որոշեր են դարձեալ կանգ առնել հին սուտերու վրայ. կ՛ըսէ Աքչամ, որ կ՛աւելցնէ, թէ պիտի շարունակէ մօտէն նայիլ դասագիրքերուն:
«Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքին երրորդ ու վերջին մասը կը քննարկէր տասներորդ դասարաններու համար գրի առնուած պատմութեան գիրքը եւ կը նայէր, թէ պատմութեան գիրքը ինչպէ՛ս խօսած էր 1915-ի մասին: Աքչամ այսպէս կը գրէ.
Գիրքին մէջ յառաջ քշուած է տեսութիւն մը, որուն համար պէտք է խնդա՞ք, թէ՞ լաք, չէք գիտեր: Հոն գրուած է, որ տեղահանութիւնը գործադրուեր է հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Կատակ չէ: Ասիկա կը պնդուի որպէս լուրջ տեսութիւն, եւ թէ որո՛ւ դէմ ապահովուած է հայերու այս անվտանգութիւնը: Նոյնինքն` հայերու դէմ: Անհաւատալի՛ է, բայց մեր պետութիւնը հայերը հայերէ պաշտպանելու համար զանոնք տեղահանելու որոշում ընդուներ է, կը գրէ Աքչամ:
Թաներ Աքչամ պարբերաբար հեգնական արտայայտութիւններ ալ դնելով իր խօսքին մէջ` կ՛ըսէ, որ տեղահանութեան մասին ամէն բան կրնար մտածել, բայց այսքանը չէր կրնար մտածել: Ան ընթերցողը կը հրաւիրէ գլխարկ հանելու նոր Թուրքիա մը կերտել ուզողներու այս խորունկ տեսլականին դիմաց:
«Գիտեմ, որ նեղութիւն կը պատճառեմ, բայց չմոռնանք, որ որպէս տեղեկութիւն յառաջ քշուած այս խենթի ձաբռտուքները անոնք կը կարդացնեն մեր երիտասարդներուն»:
Աքչամ, տակաւին, որպէս ձաբռտուք կը յիշեցնէ, որ գիրքին մէջ կը պնդուի, թէ` «Ներքին գործոց նախարարութիւնը հրատարակած է կանոնագրութիւն մը, որուն մէջ ծրագրած է տեղահանութեան բոլոր մանրամասնութիւնները: Օրինակ` տարիքոտները, անկարները, կոյրերն ու որբերը տեղահանութեան չեն ենթարկուիր, իսկ տեղահանուած հայերու պարագային, կառավարութիւնը ուշադրութեամբ նայեր է, որ հայերը նոր բնակավայր ունենան այնպիսի տեղեր, ուր անոնք թէ՛ կարենան գործել եւ աշխատիլ, թէ՛ կեանքի ապահովութիւն ունենան: Այս նպատակով պահականոցներ իսկ կառուցուեր են:
«Երբ այս բոլորը կը կարդայ մարդ, ո՛ւր որ է կը մտածէ, որ բախտաւոր են եղեր տեղահանուած այդ հայերը, երանի թէ մենք ալ անոնց պէս աքսորուէինք թէ՛ մեր կեանքը ապահովութեան տակ կ՛առնուէր եւ թէ՛ հակառակ ծանր պայմաններուն` գոյատեւման կարելիութիւններ կ՛ունենայինք: Դեռ ի՞նչ պիտի ուզէինք»:
Թաներ Աքչամ այս հեգնական տողերէն ետք կը յիշեցնէ, որ աքսորեալներու եւ մեռեալներու թիւն ալ շատ հետաքրքրական է եւ յաւելում մը կը բերէ Եուսուֆ Հալաճօղլուի այն պնդումին վրայ, թէ միայն 30 հազար հայեր մեռած էին: Դասագիրքը կը պատմէ, որ, ըստ անկողմնակալ հետազօտողներու, պատերազմի եւ հիւանդութեան իբրեւ հետեւանք եւ այլ պատճառներով 300 հազար հայ իր կեանքը կորսնցուցած է: Բայց այս ըսելէ ետք պատմութեան գիրքը կ՛աւելցնէ, որ հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերուն թիւը շատ աւելի բարձր է եւ կը հասնի մօտաւորապէս 500 հազարի, թուրքեր, որոնք սպաննուած են Էրզրումի, Երզնկայի (Կարին), Տրապիզոնի, Պիթլիսի եւ Վանի մէջ:
1915-ի մասին պնդումներուն ամենավերջինը կարծես կատակերգութեան մը վերջին վարագոյրն է: Այսպէս կ՛ըսուի. «Օսմանեան պետութիւնը եթէ հայերը բնաջնջելու նպատակ ունենար, տեղահանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք ապահովութեան այսքան միջոց ձեռք կ՛առնէ՞ր. մնաց որ, ո՞ւր են հաւաքական գերեզմանները բոլոր անոնց, որոնց համար կը պնդուի, թէ սպաննուեցան»:
Թաներ Աքչամ այստեղ կը յիշեցնէ, որ Մարտինի քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած հաւաքական գերեզմանատան մը ոսկորները մեծ ճարպիկութեամբ անհետացան Եուսուֆ Հալաճօղլուի ձեռքով: Բայց, կ՛աւելցնէ ան, այս նիւթի շուրջ լաւագոյն միջոցն է կառավարութենէն արտօնութիւն ուզել հաւաքական գերեզման գտնելու պեղումներ ընելու համար:
Գիրքին ձաբռտուքները հոս ալ չեն վերջացած: Գիրքին մէջ պնդուած է, որ աքսորուած հայերը վերադարձան, վերատիրացան իրենց ապրանքներուն ու կալուածներուն: Գիրքին մէջ մասնաւոր տեղ կը տրուի նաեւ թուրք դիւանագէտներու դէմ հայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած յարձակումներու:
Ըստ պատմութեան դասագիրքին, թէ՛ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան հակաթուրք արարքները կը կատարուին Չորս «Թ» կոչուած յայտագրի մը համաձայն: Այս չորս «Թ»-երն են, թրքերէնով, «Թանըթըմ» (ծանօթացում), «Թանընմա» (ճանաչում գտնել), «Թազմինաթ» (հատուցում) եւ «Թոփրաք» (հող): Ուստի դասագիրքը աշակերտները կը հրաւիրէ հայերու այս ճիգերուն դէմ պայքար մղելու: Պետութիւնն ալ արդէն միջոցներ ձեռք առած է: Հայկական պնդումներու դէմ 2001 թուականին հիմնուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի համակարգիչ խորհուրդ» մը: Այս խորհուրդը սկսաւ գիտական աշխատանք տանիլ հայկական պնդումները ջրելու նպատակով:
Թաներ Աքչամ կը գանգատի, որ այն երիտասարդ ուղեղները, որոնք վաղը այս երկրին ապագան ձեռք պիտի առնեն, դէմ յանդիման կը ձգուին այնպիսի պատկերի մը հետ, որուն մէջ հայը կը ծանօթացուի որպէս պառակտիչ, թշնամիին հետ գործակցող ժողովուրդ:
Յօդուածի վերջաւորութեան Աքչամ դարձեալ կ՛եզրակացնէ.
«Իսկ Թուրքիոյ հայե՞րը: Ես միակ հարցում մը ունիմ անոնց: Ինչպէ՞ս կ՛ապրիք այս երկրին մէջ: Իրա՛ւ, ինչպէ՞ս կը յաջողիք ընել այս բանը»:
«Ատելութեան Յանցագործութիւն Կը Կատարուի»
Աքչամ երեք յօդուածներով աւարտին բերած էր իր նիւթը, բայց աւարտելէ ետք չորրորդ յօդուած մըն ալ գրելու պահանջ զգացեր է: Այս անգամ ան մասնաւորաբար կանգ կ՛առնէր տասներորդ դասարանի «Միջնակարգի պատմութիւն» դասագիրքին մէջ հրատարակուած բաժնի մը վրայ, որուն համար կ՛ըսէր, որ ասիկա ուղղակի ու գիտակցաբար կատարուած ատելութեան յանցագործութիւն է: Արդարեւ, դասագիրքը կ՛ուսուցանէ, որ հայերը սպանդներ կը գործէին թրքական գիւղերու վրայ յարձակելով եւ հետզհետէ զօրացուցին իրենց ապստամբութիւնը: Անոնք կը հնազանդէին (իբր թէ) հայերու պաշտօնական ամսագիրը հանդիսացող «Արարատ» պարբերաթերթի մէջ հրատարակուած յայտարարագրի մը, որ կը բաղկանար 15 յօդուածներէ: Իւրաքանչիւր յօդուած թուրքերու դէմ գործելու հրահանգ էր: Այսպէս`
Յօդուած 1- Ո՛վ կ՛ուզէ ըլլայ, բոլոր հայերը իրենց ինչքերը ծախելով` պէտք է զինուին: Յօդուած 2- Զօրակոչի կանչուող հայերը պիտի մերժեն զինուոր երթալ, իրենց շուրջիններուն ալ, նոյնիսկ մահմետականներուն պիտի չարտօնեն, որ զինուոր երթան: Յօդուած 3- Արդէն զինուորագրուած հայերը ամէն գնով խոյս պիտի տան բանակէն ու պիտի միանան հայկական հրոսախումբերուն ու կամաւորներու բանակին: Յօդուած 6- Ռազմաճակատէն հեռու տեղեր` մինչեւ երկու տարեկան բոլոր մահմետականները, ո՛ւր որ տեսնուին, պիտի սպաննուին: Յօդուած 7- Մահմետականներուն բոլոր ինչքերն ու կալուածները ձեռք պիտի անցուին, պիտի հրկիզուին, պիտի ոչնչացուին: Յօդուած 8- Հայերը կրակի պիտի տան իրենց եկեղեցիները ու այս գործին յանցանքը պիտի բեռցնեն մահմետականներուն վրայ: Յօդուած 9- Պիտի հրկիզուին պետական գրասենեակները: Յօդուած 15- Հայերը լրտեսութիւն պիտի ընեն ի նպաստ Դաշնակիցներուն:
Դասագիրքը ուրեմն կը գրէ, որ հայերը անմիջապէս գործադրութեան դրին այս ծրագիրը եւ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեծ վնաս հասցուցին թուրք ժողովուրդին:
Թաներ Աքչամ նոյնիսկ անիմաստ կը գտնէ հարցնելը, թէ իսկապէս «Արարատ» անուն պարբերաթերթի մը մէջ այդպիսի ծրագիրը մը հրատարակուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Դասագիրքին հեղինակներն իսկ անշուշտ գիտեն, որ այդպիսի բան մը չկայ, կ՛ըսէ Աքչամ: Եղածը յատուկ նպատակով կատարուած ատելութեան յանցագործութիւն մըն է: «Երեւակայեցէք, որ թուրք ուսանող մը հայերու նկատմամբ ի՛նչ պիտի զգայ, երբ իր դասագիրքին մէջ պիտի կարդայ այս տողերը: Այս դասագիրքերը կը կարդացուին հայկական դպրոցներու մէջ ալ, երեւակայեցէք նաեւ, թէ հայ աշակերտ մանուկի մը հոգեբանութիւնը ինչպէ՛ս պիտի խանգարուի, երբ իրեն պիտի պարտադրուի սորվիլ այս բաները:
Աքչամ իր յօդուածին մէջ բոլոր գիտակից մարդիկը կը հրաւիրէ այս դասագիրքերուն դէմ ելլելու եւ ձայն բարձրացնելու, որպէսզի նմանօրինակ դասագիրքերը շուտով ետ հաւաքուին դպրոցներէն, եւ իշխանութիւնները հայերէն ներողութիւն խնդրեն հոն գրուածներուն համար:
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»