ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝
«ԵՓՐԵՄ» ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ «ԽԱՉՔԱՐ»Ի ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ ՏՆՕՐԷՆ՝
ԼՈՒԹՖԻՔ ՇԽԸՐՏԸՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է ձեզ ծանօթացնել եւ տեղեկութիւններ տալ «Խաչքար» ոսկերչական ստեղծագործութեան մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը ներկայացնենք «Եփրեմ» հաստատութիւնը որ հիմնուած է 1964 թ.ին՝ Եփրեմ Շխըրտըմեանին կողմէ։ Մենք կը ներկայացնենք երկրորդ սերունդը. ես Լութֆիք Շխըրտըմեանն եմ, քոյրս՝ Վիրնա ու եղբայրս՝ Ժան, հօրս տնօրինութեամբ է որ 49-ամեայ այս ոսկերչական տունը կը ղեկավարենք։ «Խաչքար»ին գաղափարը ծնունդ առաւ որպէս հայասէր սփիւռքահայ հաստատութիւն։ Զգալով որ բաւականին հեռացած ենք հայութենէն, յղացանք այս եզակի ոսկերչական ստեղծագործութիւնը, որուն շնորհիւ մեր ազգին զաւակները իրենց հայրենիքէն մասնիկ մը պիտի կրեն իրենց ձեռքերուն վրայ…։ Մանաւանդ որ ըլլալով մարդկային պատմութեան առաջին քրիստոնեայ ազգը՝ այսպիսով հնարաւորութիւն կու տանք ամէն հայու, կրելու այս ապարանջանը, որ կը ներկայացնէ խաչքարի հինաւուրց արուեստը, որպէս նշան ճանաչման՝ որպէս մէկ ազգի զաւակ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս որ եզրակացուցինք ձեր զրոյցէն, այս ոսկերչական արտադրանքէն ու վաճառքէն գոյացած գումարը կը ցանկանաք օգտագործել բարեգործական նպատակներու համար…։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայութիւնը կամաց-կամաց կը հեռանայ իր արմատներէն եւ շատեր արդէն իսկ իրենց զաւակները կ’ուղարկեն օտար դպրոցներ՝ արագացնելով ձուլման տխուր գործընթացը, պատճառաբանելով թէ վերոյիշեալ ուսման հաստատութիւնները աւելի փայլուն ապագայ կ’ապահովեն։ Մեր նպատակն է ժողովուրդին կարծիքը փոխել եւ քաջալերել վերադարձը դէպի հայկական դպրոցներ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս ոսկեայ խաչքար-ապարանջանը ո՞ւր կրնանք գտնել եւ ինչպէ՞ս ձեռք բերել։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Facebook-ի վրայ խումբ (group) մը ստեղծած ենք, յատուկ խաչքարին համար, ուր ցուցադրուած են արական թէ իգական սեռին վերաբերող մի քանի “մոտելներ”՝ իրենց գիներով։ Նաեւ “E Commerce” բացած ենք, որպէսզի աշխարհի չորս կողմէն ով որ ուզէ, online դրութեամբ կրնանք հասցնել խաչքարերը, ուր որ ուզեն, շատ ապահով ձեւով։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ ի՞նչ են ձեր ծրագիրները, ինչ կը վերաբերի այս եզակի մտայղացումը՝ խաչքարը՝ միջազգային շուկայ հանելու։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք 2013 թուին սկսանք «Խաչքար»ի ծրագիրը, յուսալով որ քանի մը ամիսէն այն հասնի աշխարհատարած Սփիւռքի հայերուն՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։ Կը փորձենք կազմակերպել հայազգի նշանաւոր աստղերուն հետ պաշտօնական «Խաչքար»ի ներկայացում, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք ուրիշ հաղորդումներով։
Այսպիսով՝ եթէ «Խաչքար»ի ծրագիրը յաջողութիւն գտնէ, նոր տարբերակները պիտի “տպագրուին”։ Դարձեալ հայկական բարեգործական նպատակներով։
Մեր նշանաբաններն են՝ յատուկ, մաքուր եւ կեանք ունեցող ոսկեղէններ, ի փառս հայկական ոսկերչական դարաւոր աւանդոյթներուն։
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ