23-էն 30 Ապրիլ 2019-ին, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան գործուղում-ճամբորդութիւն մը ունեցաւ դէպի Արժանթին, որուն նպատակն էր Հայկազեան Համալսարանի եւ Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը համալսարաններու եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան եզրեր գտնել, ինչպէս նաեւ յարաբերական կապերու ստեղծումը՝ Պուենոս Այրեսի եւ Ռոսարիոյ Հայկական եւ Լիբանանեան համայնքներու ծանօթութիւն:
Վերապատուելի Հայտոսթեան «Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան դերը տարածաշրջանի զարգացման եւ կայունութեան մէջ» նիւթով ակադեմական զեկուցում մը ներկայացուց Պուենոս Այրեսի Argentine Council for International Relations (CARI) կեդրոնին մէջ: Ան այցելեց նաեւ շրջանին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները՝ ՀՄԸՄ, ՀԲԸՄ, Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն – Արժանթին, Հայկական Կեդրոն, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմին, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ «Սուրիա-Լիբանանեան» ակումբ: Վերոնշեալ հանդիպումներուն կը մասնակցէր Հայկազեան համալսարանի 1985-ի շրջանաւարտ Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը:
Ռոսարիոյ մէջ Վերպ. Հայտոսթեան հիւրընկալուեցաւ Ռոսարիոյ Պետական Համալսարանի հայկական ամպիոնին կողմէ:
Հանդիպումներու ծիրին մէջ եւ անոնց արդիւնքով, վերպ. Հայտոսթեան համաձայնութեան յուշագիրներ ստորագրեց Ռոզարիոյ պետական համալսարանի (UNR) եւ Լատին-Ամերիկեան Մանկավարժական Համալսարանին (UCEL) հետ: Ակադեմական համագործակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ հայկական հարցերու ուսումնասիրութեանց, միջազգային յարաբերութիւններու եւ հայ ու լիբանանեան գաղութներու խնդիրներուն շուրջ:
Վերապատուելի Հայտոսթեան Ռոսարիոյ Պետական Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած «Հայկական հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» նիւթով սեմինարին բացման դասախօսութիւնը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ դասախօսեց Լատին-Ամերիկեան Մանկավարժական Համալսարանին (UCEL) ու Հայկական եւ Լիբանանեան համայնքներու կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին:
Վեր. Հայտոսթեան Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկներու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռոսարիոյ Յիշատակի թանգարանի եւ քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին շուրջ :
Պուենոս Այրեսի մէջ Վերպ. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան առիթը ունեցաւ այցելելու Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին պաշտամունքի ընթացքին փոխանցեց օրուան պատգամը: