Երէկ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորին շնորհահանդէսը:
Երեկոն վարեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ սահիկներու ցուցադրութեան միջոցով ներկայացուց երկու շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորի առաջին շնորհահանդէսը` Գիւմրիի հայկական կեդրոնի հայագիտական ժողովի ծիրին մէջ:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան անդրադառնալով հայագիտական ուսմանց տարբեր ճիւղերուն եւ հայագիտութեան դիմագրաւած տարբեր խնդիրներուն` շեշտեց, որ ըստ կարելւոյն պէտք է կարենանք յարմարիլ նոր իրավիճակներուն, լիարժէք կերպով կարենանք տեսնել զանոնք, որպէսզի համապատասխան արձագանգներ ունենանք եւ համապատասխան ձեւով ներկայացնենք մեր ժառանգութիւնը, մեր պատմութիւնը, մեր հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքները: Ըստ դեսպանին Մկրտչեանի, կարեւորագոյն մատահրաւէրը այն է, որ աշխատանք տանինք տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայ համայնքները ունին որոշ ազդեցութիւն, կրթական հաստատութիւններու` համալսարաններու մաս դարձնենք հայագիտութիւնը, թէկուզ փոքր ծաւալներով: «Հայագիտութիւնը միայն հայ ժողովուրդինը չէ, հայագիտութիւնը շատ առումներով համամարդկային արժէքներ կը ներկայացնէ: Հայ ժողովուրդը ապրելով տարբեր դարաշրջաններու մէջ, տարբեր միջավայրերու եւ հասարակութեանց մէջ, տարբեր երկիրներու մէջ, ստեղծելով այդ արժէքները հաղորդակցած է նաեւ այդ միջավայրի էութեան հետ եւ իր ներդրումը ունեցած է եւ ազդեցութիւն ձգած այլ ժողովուրդներու ե՛ւ պատմութեան, ե՛ւ մշակոյթին եւ այլ մարզերու զարգացման վրայ»:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ, թէ Հայաստանի մէջ կայ լուրջ բացթողում, որ գիտնականներն ու ուսումնասիրողները կը ստեղծագործեն հայերէնով, այսպիսով այդ աշխատանքը կը մնայ սահմանափակ, մեծ տարածում չի գտներ եւ չ՛ընդլայներ սփռման շրջանակը: Ան շեշտեց, որ այդ ուսումնասիրութիւնները պէտք է թարգմանուին տարբեր լեզուներու, որպէսզի հասանելի դառնան օտար գիտական շրջանակներուն:
Իսկ անդրադառնալով «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին, դեսպան Մկրտչեան նկատել տուաւ, որ հանդէսը արժէքաւոր է իր գիտական ուսումնասիրութեան տարբեր ձեւաչափերու գոյութեամբ, սկսած լիարժէք յօդուածէն, հասնելով մինչեւ տարբեր հրապարակումներ, տեսակէտներ եւ նաեւ գրաքննադատական հատուածներ եւ ամփոփումներ:
Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան խօսք առնելով արտայայտեց իր յարգանքն ու գնահատանքը Հայկազեան համալսարանի նախագահութեան եւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի հրատարակութեան թիկունք կանգնող անհատներուն: Իսկ յատուկ շնորհակալութիւնն ու յարգանքը ուղղեց յօդուածագիրներուն, որոնք կը հաւատան հայ դարաւոր մշակոյթին եւ կը ծառայեն անոր:
Հայր Կռանեան իր խօսքը փակեց հետեւեալ տողերով. «Մարդ էակին կեանքը հիմնուած է հաւատքի եւ համոզումներու վրայ: Մարդիկ կը ստեղծեն այն, որուն կը հաւատան: Իսկ բանի մը հաւատալու լաւագոյն ձեւը զայն ապրիլն է:Կը հաւատաք, ապրեցէ՛ք: Հայերս այդ պատգամին դարերէ ի վեր հաւատացած եւ զայն գործադրած ազգ մը եղած ենք, որովհետեւ հայուն համար մշակոյթը եւս եղած է ինքնաճանաչումի եւ հայ ըլլալու ազդակ, սկսեալ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն մինչեւ մեր ներկան, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին: Հայաստան եւ սփիւռք ապրելու եւ իրար ապրեցնելու համար պէտք ունին համագործակցութեան` նաեւ մշակոյթի մարզին մէջ: Ահաւասիկ այն հատորը, նմուշ ամենանուրբ համագործակցութեան Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: Առէ՛ք, սիրելիներ եւ վայելեցէք զայն»:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շեշտեց, թէ հայկական կեանքն ու հայագիտութիւնը սերտօրէն առնչուած են իրարու հետ եւ ամէն հաւաքական նահանջ հարուած կը հասցնէ հայագիտական մէկ մարզին կամ միւսին, իսկ ամէն վերելք նոր գիտական առիթներ կը բանայ մեր առջեւ: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ըլլայ Հայկազեանի մէջ կամ այլուր, այսօր ականատեսը կ՛ըլլանք երիտասարդ հայագէտներու բացայայտումին եւ անոնց հայագիտական ուսմանց հետաքրքրութեան:
Հարկ է նշել, թէ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորի խմբագրականը յատուկ տեղ տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ այդ 25 տարիներուն ընթացքին ձեռք բերուած հայագիտական կարգ մը նուաճումներուն: