Երեքշաբթի, 28 յունիս 2022-ին, Հայկական երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն կ՛ընկերակցէին երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ճորճ Պուչիքեան, հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է կառավարութեան մաս կազմելու` առանց անուններու եւ աթոռներու հարցին մէջ մտնելու:
Երեսփոխան Բագրատունի յաջողութիւն մաղթեց նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` կառավարութիւնը արագ կազմելու աշխատանքին մէջ` գրաւ չդնելով նախագահական ընտրութեան ուշացման վրայ:
Բագրատունի շեշտեց նախարարութիւններուն համայնքայնացման հիւանդութենէն դուրս ելլելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անոնք պէտք չէ դասակարգուին ուժայինի, ծառայողականի, գերակշիռ կարեւորութիւն ունեցողի եւ այլ տեսակներու միջեւ:
Բագրատունի աւելցուց. «Այսօրուան առաջնահերթութիւնը, անկախ ծովային սահմանագծումէն, միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակութիւններէն եւ քաղաքական հարցերէն, քաղաքացիի հանապազօրեայ հացն է, ելեկտրականութիւնը եւ ջուրը»:
Ան եզրափակեց. «Եթէ կառավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին կրցաւ յաղթահարել այս դժուարութիւնները, իրագործում մը իրականացուցած կ՛ըլլայ. իրատես ըլլանք` առանց քարը մեծցնելու: Թող յոյսի եւ լոյսի նշոյլ ունենանք` նախագահական ընտրութեան հասնելու համար»: