ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցաւ հայկական-ատրպէյճանական-ռուսական եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ: Ըստ 11 Յունուարի յայտարարութեան՝ այս խումբը կը զբաղի տարածաշրջանային ապաշրջափակման վերաբերող հարցերով:
Անոնք, ըստ կառավարութեան հաղորդագրութեան, քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Բացի այդ, հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման հեռանկարները եւ 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ իրականացող աշխատանքին հետագայ ընթացքը:
Օվերչուք նոյն օրը այցելեց նաեւ Պաքու, ուր հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ. անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր:
Կարեւոր նկատուեցաւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորումը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իրականացուած վերջին յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը: Միրզոյեան կարեւոր նկատեց հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու դերը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու պարունակին մէջ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերգէյ Լաւրով քննարկեցին նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը: